ԾՈՎԻԿ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ
Հոլանտա
Աստառը հագուստի տակի բարակ կտորն է, որ կը պաշտպանէ մարմինը թափանցումէ, կ’որոշէ կտաւին գեղեցկութիւնը ու որակը միեւնոյն ատեն:
Աստառ է նաեւ գծագրութեան ներկի տակի խաւը, որ պատկերը կ’արժեւորէ:
Ունինք նաեւ գործի գաղտնի ներքին պատճառը՝ աստառը. հապա՞ երեսի աստառը վերցնել…
Իմ աստառս ցաւով հիւսուեցաւ, արցունքով լուացուեցաւ, հաւատքով թռիչք առաւ, հիասթափութեամբ չորցաւ ու վստահութեամբ ձեւ տուաւ կեանքիս:
Աստառիս տեսակն է՝ զսպուած ցաւ, որ ուշ կամ կանուխ դուրս կու գայ, երբեմն յուզիչ ու շատ ատեն ալ՝ յաղթական:
Թեւ-թեւի մտած՝ ես ու զսպուած ցաւերս ընտրեցինք դէպի փայլք ուղին:
Աստառս հագուստիս որակը որոշեց, ինչպէս ցաւերս՝ կեանքին: