Անգլիացւոց Ճեմարանին ՛՛Promenade Des Anglais՛՛ի ծայրի շէնքէն շա՜տ եմ անցեր, մինչեւ անգամ շարժանկարեր սեղանին աւելցուքը կտցող զոյգը աղաւնիի, հացի փշրանքն հոս հոն նետող, վրան վազող միւսը չուտէ բերնին պատառն։ Մըք Տանըլտ՛զը Մերիտիէնի առաջին յարկին նստեր է, ես հոն մտայ, անցեալ Ուրբաթ փետրուարի 26ին սուրճ մը առի, քարնավալին 16 կառքերը դիտելու դրախտային յիշատակին կենաց ծովուն տեսարանով գեղածիծաղ։
Անկիւնի կառքը առաջին կը սպասէ իր ժամուն գալուն։ Նախամարդու ժամանակէն փողոցի չափ փուչիկն հսկայ, հովէն՝ օդին մէջ կը պարէ, կառքին վրան սիրուն ժպտուն աղջիկները ծաղկեփունջերն արանց կանանցը կ՛երկարեն, վերը նստած դիտողներուն, երբ կը նետեն ծաղիկի վէճն ու կռիւը սկիզբ կ՛առնէ – Bataille Des Fleurs։ Դիմակաւոր մանուկներուն մուտքն ազատ է, սիրահարի պէս կը գրկեն ծաղիկի փունջն, որ փողոցին տեսնեն մարդիկ ու նախանձին։
Ծաղկեփունջի նպատակ ու յոյս չունէի, հով արեւէն ապակիէն կը տեսնէի, ծաղկեփունջի վրան նետուող արանց, կանանց, ծերոց, տղայոց ուրախ ժպիտն, քիթն ու մռութն։ Պիտի անցնին անցեալ տարի Փարիզի մէջ ահաբեկուած երգիծագիր ազատ խօսքի ու խնդուքի թագուհին ու թագաւորը ՛Le Roi Des Medias՛՛ ու մէկ ﬕլիոն հանդիսատես ծափահարէ, Նիսի ընտրեալ քաղխորհուրդը կ՛ըսէ ողջ են ու չեն վախնար զոհուածները ։
Կառքին մէջէն ժողովուրդին բարեւ կու տան ձեռքով, գլխով, ֆրանսայի ու աշխարհի ժողովուրդին լրատուական կեանքը յուզող քաղաքական ու գրական հրապարակ աղմկողներն հսկայական, ու երբ կ՛անցնին թագուհին ու թագաւորը, հանդիսականներն կը ցնծան… ու տողանցքը կը վերջանայ, Սեղանիս մօտ նստողները ոտքի կ՛ելլեն, պատուհանին նստած ու նկարող աղջնակը իր մօրը հետ ելաւ գնաց, ես ալ գացի Կիրակի օր նորէն գալու։
Կիրակի, Փետրուար 28-ի երեկոյեան քարնավալին վերջին տողանցքին 16 կառքի ճամբորդները պիտ՛ տողանցեն, Մասենայի հրապարակէն ﬕնչեւ ծովափ հոն խռնուած ժողովուրդը պիտի տօնէ թագաւորին նաւով երթը ծովուն բացը, ու արքային շքախումբին նաւուն լոյսը պիտի ցրուէ մութ խաւարը, սուսիկ փուսիկ, հեռուներու հորիզոնին պիտի այրեն թագաւորը ու ես այնտեղ ծովուն ափին պիտի տեսնեմ արքային նաւուն այրի՞լը։
Ժողովուրդէն քիչերն գիտեն ծանր թեթեւ ու մահացու մեր մեղքերը վզին շալկած կ՛երթայ հեռուն նաւուն լոյսը կը ճեղքէ մութը խաւարին, լուրի արքան աշխարհի լաւ, վատ ու բարի անցուդարձերն գրել, խօսիլն, տարածելն է հրամայեր ուզածին պէս. թշնամիներն պիտի այրեն, ժողովուրդը պիտի տխրի՞, ուրախանա՞յ։ Լրագրող մը իմացեր է, որ պիտի առեւանգեն նստած կառքն արքային, ծովուն վրան այրող նաւուն վրան այրող թագաւորը՝ լուրինը չէ, խաւաքարտ է։
Աչքերովս կ՛ուզէի ես տեսնել ﬔղացս քաւութիւնը։ Իմացայ որ լուրի արքան փիւնիկի իր մոխիրներէն պիտի ծնի ըլլայ արքան ուժանիւթի գալիք տարի։ Roi Des Energies, King of energies. Կիրակի օր կայարանի ճամբուս վրան անձրեւ կու գար, Մարսէյէն երբ պիտի գայի, փայլուն արեւը կը շողար, եւ ուզեցի հետս բերե, բայց երբ հասայ ջուր կը տեղար, չկար տողանցք, ՛՛Խորհուրդ մարդկանց, կամքն Աստուծոյ՛՛ ես գոչեցի ﬔղքերովս՝ ՛՛Կեցցէ՛ Լուրի Թագաւորը՛՛։
ԽԱՉԱՏՈՒՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՊՕՂՈՍԵԱՆ
Նիս
Մարտ 7, 2016
Read Time:2 Minute, 8 Second