ՈՒՇԱՑԱԾ ԲՈՂՈՔ

0 0
Read Time:1 Minute, 47 Second

Յ. ՀԵԼՎԱՃԵԱՆ

Պէյրութ

Հօրս եւ մօրս միջեւ գոյացած հաշտութենէն ետք ունեցայ սեփական անձնաթուղթս:

Այսօր կը հետեւցնեմ, թէ մայրս ինչո՞ւ հաշտուած էր հօրս հետ: Հաշտուած էր, որպէսզի անձնաթուղթ ունենայի ու կարենայի դպրոց երթալ:

Ինչո՞ւ, մա՛յր, անձնաթուղթի սպասեցիր:

Ինչո՞ւ զիս տունը բանտարկեցիր ամառ եւ ձմեռ:

Ինչո՞ւ հայ վարժարանի մը տնօրէնին չներկայացար ու կացութիւնդ չպատմեցիր ու զիս դպրոց մը չտեղաւորեցիր ու զիս օտար դպրոց ղրկեցիր, իսկ ես ալ օտար մթնոլորտի վարժուիլ չկարենալուս համար յաճախ կը փախէի դպրոցէն: Արդեօ՞ք համարձակութիւն չունեցար օգնութիւն հայցելու: Բայց դուն խնդրելու հարց չունէիր: Չէ՞ որ ամէն մէկ քրոջմէդ քառասուն անգամ հովանի խնդրած էիր, անոնց տան մէջ ապրելու համար: Քոյրերուդ հետ հարց ունենալուդ պատճառով Տիկին Անթուանէթէն չխնդրեցի՞ր, ու երեք օր այդ տան մէջ չգիշերեցի՞նք:

Բայց կը հասկնամ: Ալ յոգնած էիր խնդրելէ: Ինչո՞ւ քեզ այսքան յոգնեցուած էին: Չեմ գիտեր…չեմ գիտեր…: Միայն գիտեմ որ ինը տարեկանիս մանկապարտէզի աշակերտ եղած եմ: Դասարանակիցներէս կ’ամչնայի եւ դասարանին ամենէն ետեւը՝ կոտրած պատուհանին տակ, սիւնին քով նստած, կծկուելով կը հետեւէի ուսուցչուհիին, որուն ինծի նայող զարմացած հայեացքը երբեք աչքէս չէ վրիպած: Իսկ ընկերներուս ծիծաղը պարզապէս կը վիրաւորէր սիրտս:

Երբեք ծնողքիս չեմ բողոքած դժուար կացութեանս մասին: Կարծես այսօր թուղթին յանձնելով ասոնք, կը բողոքեմ ինծի պատահած հին անարդարութիւններու դէմ:

Շուտ ընկալող եւ տարիքով մեծ ըլլալուս համար, երկու ամիսը անգամ մը դասարան փոխելով, մանկապարտէզի ընթացքը մէկ տարուան մէջ աւարտած եմ յաջողութեամբ, բայց ամավերջի հանդէսին ներկայ չեմ գտնուած: Նոյնիսկ ծնողքս խաբելով սուտ հիւանդ ձեւացած էի, խեղճ մօրս մտահոգութիւն պատճառելու չափ:

Շաբաթ մը ետք մօրս խոստովանեցայ եւ ան փոխանակ բարկանալու հասկցաւ կացութիւնս եւ համբուրեց զիս եւ յաջողութեանս համար Տիկին Եպրաքսիին հիւսել տուած գուլպաները բերաւ ու նուիրեց ինծի: Այդ իրիկուն նոր գուլպաներս բարձիս տակ պահելով, ուրախ քնացայ:

Տարիներ ետք դրացիներէն իմացայ որ այդ գուլպան հիւսելու համար Տիկին Եպրաքսին ձեռավարձք չէր առած մօրմէս եւ տուն-տուն մտնելով պատմած էր բոլորին՝ «գուլպային պատմութիւնը»…:

Ցուրտ գիշեր մը Եպրաքսիին գուլպաները այրեցան, երբ սառած մատներս տաքցնելու համար ոտքերս վառարանին մօտեցուցած էի. այրեցաւ նաեւ փափուկ մորթս, որուն հետքը ինծի կը յիշեցնէ հիմա այս դրուագը:

Եթէ այդ ժամանակ այսօրուայ պէս մտածէի, այրած գուլպային մնացորդը լուսանկարիչի մը կը տանէի, լուսանկարել կու տայի ու այս նիւթին հետ հրատարակել կու տայի:

Բարեբախտաբար վաղը այսօրուայ պէս պիտի չմտածենք:

 

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles