ՊՐԻՒՔՍԷԼ.- Փետրուար 29էն մինչեւ Մարտի 4, Եւրոպական Խորհրդարանին մէջ, ներկայացուեցաւ «Եղեռն՝ Եղեռնէն ետք» խորագրով ցուցահանդէսը։ Անգլերէն եւ ֆրանսերէն 32 պաստառները կը ներկայացնէին Արեւմտեան Հայաստանի յուշարձանները, որոնք ոչնչացուցած են եւ կը շարունակեն ոչնչացնել թրքական իշխանութիւնները։
«Եղեռն՝ Եղեռնէն ետք» խորագրով ցուցահանդէսը կազմակերպած էր «Հոգու Պարտք» Հայրենագիտական Հասարակական Կազմակերպութիւնը՝ Հայկական Ճարտարապետութիւնն Ուսումնասիրող Հիմնադրամի աջակցութեամբ։ Անիկա կեանքի կոչուեցաւ Հ.Հ. նախագահի աշխատակազմին յատկացուցած դրամաշնորհի եւ Երիտասարդական Հիմնադրամի յայտարարած մրցոյթի շրջանակներուն մէջ։ Եւրոպական Խորհրդարանին մէջ ցուցահանդէսը կազմակերպուած էր Հայ Դատի Գրասենեակին հետ համագործակցաբար։
Ցուցահանդէսը մինչեւ Եւրոպական Խորհրդարան հասնիլը ներկայացուած էր Երեւանի, Ստեփանակերտի, Իջեւանի եւ Վանաձորի մէջ։
Հայկական Ճարտարապետութիւնն Ուսումնասիրող Հիմնադրամի ղեկավար Սամուէլ Կարապետեան կը նշէ, թէ այս նախաձեռնութեան նպատակն է ցոյց տալ, որ 1915 թուականէն ի վեր մեր պատմական հայրենիքին մէջ տեղի ունեցած է մշակութային եղեռն եւ մինչեւ օրս ալ ընթացքի մէջ է։ Պրն. Կարապետեանի խօսքով.- «Որպէսզի մէկ բան պահպանենք, պէտք է կարողանանք անոր գոյութեան մասին լուր ունենալ։ Հայ ազգի ներկայ սերունդները պարտաւոր են տեղեակ ըլլալու մեր մշակութային ժառանգութեան, եւ եթէ անոնց վտանգ սպառնացած է կամ կը սպառնայ, մեր պարտքն է աշխարհին հնարաւորինս իրազեկել մշակութային եղեռնի մասին։ Այն, ինչ ոչնչացուած է մեր հայրենիքին մէջ անցած դարու ընթացքին, ոչ միայն մեր ցաւն է, այլեւ աշխարհի, քանի որ համաշխարհային մշակութային գանձարանն է, որ կորուստներ ունեցած է»։
Ցուցահանդէսին ներկայացուած պաստառներէն մէկուն մէջ տեղադրուած է Վանայ լիճի Լիմ կղզիին վրայ գտնուող Սուրբ Գէորգ վանքին նկարը, որու հիմնադրումը աւանդաբար կը վերագրուի Գրիգոր Լուսաւորիչին, սակայն գրաւոր առաջին վկայութիւնը 884 թուականէն է։ 1235, 1288 եւ 1301 թ.թ. վանքին մէջ ստեղծուած ձեռագրերուն մէջ յիշատակութիւններ կան հոն գոյութիւն ունեցած Սուրբ Եհնայ, Սուրբ Նշան, Սուրբ Աստուածածին, Սուրբ Կարապետ եւ Սուրբ Գէորգ եկեղեցիներու մասին։ Եկեղեցին հիմնովին վերակառուցուած է 1305 թ.։ 2004 թ. դրութեամբ խիստ քայքայուած, սակայն դեռ եւս կանգուն էր միայն գաւիթը։
Կարսի մարզի Կաղզուան գաւառի Ծպնի գիւղի կեդրոնական մասին վրայ կը գտնուի, կառուցուած՝ խաչաձեւ գմբեթաւոր յօրինուածքով, Ս. Աստուածածին եկեղեցին։ Գործած է մինչեւ 1920 թ.։ Եկեղեցին 1940-1950ական թուականներուն կէսը քանդած եւ վերածած են մզկիթի։
Read Time:1 Minute, 33 Second