0 0
Read Time:5 Minute, 19 Second

unclear2ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Երեւան

 

Հաճելի է Երեւանի մէջ յաճախ հանդիպիլ սուրիահայերու կողմէ կազմակերպուած ցուցահանդէսներու եւ ձեռնարկներու, որոնք փորձեր են հայրենի հողին վրայ սերմեր ցանելու, կամաց-կամաց արմատաւորուելու, ինչո՞ւ չէ նաեւ ապագայի յստակ հեռանկար մը ունենալու համար, որու պատճառով ալ արդէն ներկայիս Հայաստան ապաստանած բոլոր սուրիահայերու նախընտրութիւնն էր հայրենիքը եւ ոչ ուրիշ երկիրներ:

Այսպիսի ցուցահանդէս-վաճառքներուն ներկայ գտնուիլը գոհունակութեամբ եւ հպարտութեամբ կը լեցնէ ամբողջ էութիւնս: Իրենց ծննդավայրի կալուածները լքած, պատերազմի ահ ու սարսափէն ճողոպրած, ստուար գումարներով կեանքը վերսկսած, զէրօներու վրայէն մագլցելու մաքառումներու մեծ ջանքեր կը գործադրեն անոնք: Այս զէրօներուն ալ մակերեսը քիչ մը հարթ ըլլա՞ր, կամ ալ խորտուբորտ մակերես մը ունենայի՞ն. այն ատեն թերեւս աւելի դիւրանար անոնց մագլցելու գործընթացը: Շատեր կը փորձեն մագլցիլ, ինչ ինչ զոհողութիւններու գնով ջանք, ճիգ կը թափեն, գրպաններ կը դատարկեն, գիշերը ցերեկ կ’ընեն մա՛նաւանդ առաջին քայլը դրոշմելու այդ հսկայ զէրոյի մակերեսին, սակայն անոնցմէ շա՜տ քիչերուն միայն յաջողութեամբ յառաջանալու բախտը կը վիճակուի:

Շլացուցիչ է գեղեցկութիւնը ձեռակերտ զարդեղէններուն, արծաթեայ գոհարեղէններուն, սուրիահայ կիներու շունչով ու ճաշակով համեմուած անուշեղէններու եւ խմորեղէններու ծրարներուն, հայ կնոջ մատներով հիւսուած հայկական ձեռագործներու նմոյշներուն եւ այլ հայադրոշմ նորաստեղծ արտադրութիւններուն, որոնք խնամքով մի առ մի կը տեղաւորուին թերեւս ամիսը մէկ անգամ անոնց տրամադրուած սրահներու սեղաններուն վրայ: Թախծալի ժպիտներով սեղաններու ետին ժամերով կանգնած հազիւ մի քանի կտոր բան  կը վաճառեն, բայց այս ժամերուն ընթացքին իրենց համար մտերմիկ հալէպեան շրջանակին մէջ կը զրուցեն ամէն ինչի մասին. պատերազմին պատճառած հին ու նոր զոհերն ու կորուստները, նորապսակները, նորածինները ու մա՛նաւանդ վերջերս ահագնացած գաղթի երեւոյթը կը կազմեն անոնց զրոյցներուն կորիզը, ու ահա.

  • Թերեւս այս իմ վերջին մասնակցութիւնս ըլլայ սուրիահայերու ցուցահանդէսներուն,- կ’ըսէ ներկայ կիներէն մէկը,- շատ պիտի կարօտնամ այս մեր զրոյցները:
  • Ինչո՞ւ, ինչո՞ւ, խեր է, ի՞նչ եղաւ որ,- կը հետաքրքրուի անոնցմէ մէկը:
  • Հարստացա՞ր կ’երեւի, բաւարարուա՞ծ ես,- կը հեգնէ ուրիշ մը:
  • Չէ՛, չէ՛, վստահ դուն ալ ճամբորդութեան ծրագիր մը ունիս,- հարցական նայուածքով կը կռահէ ուրիշ մը,- այդպէս չէ՞:
  • Այո, ճիշդ կռահեցիր, ընտանեօք դիմումները արդէն ղրկած ենք Գանատա եւ պէտք է Լիբանան իջնենք եւ սպասենք մեր կարգին:
  • Համաճարակի մը պէս թեւերը պարզած է դէպի Գանատա գաղթի հոսանքը, կարծես սուրիահայերու փրկութեան ափն ըլլայ, թափառակա՜ն հայու ճակատագիր…:
  • Ես ալ դիմած եմ, արդէն գիտէք, ընտանիքիս բոլոր անդամները Ուաշինկթըն են, իրենց քով հասնիլը քիչ մը դժուար է, այս ձեւով գոնէ կը մօտենամ: Երեք տարի կ’ընէ որ տղաս չեմ տեսած, այս ձեւով գոնէ կրնայ ինք քովս գալ, ու կը տեսնեմ զինք:
  • Ի՞նչ կրնանք ըսել, մէկուս մտահոգութիւնը միւսին մտահոգութեան չի նմանիր: Ամէն հալէպահայ ընտանիքի մէջ ինկաւ օտարութեան մը ցաւն ու կսկիծը, ո՞վ կ’ըսէր որ այսպէս պիտի ըլլայ, մանաւանդ Հալէպին այսպիսի հարուած մը ստանալուն չէինք հաւատար: Բայց արդեօք անոնց ուղղուած վայրերն ալ ապահո՞վ են. այլեւս բանի մը հաւատք չունինք:
  • Ի՞նչ ալ ըլլայ՝ հոսկէ լաւ կ’ըլլայ:
  • Արդեօ՞ք: Թերեւս՝ կեանքի ապահովութիւն, բայց հայութեա՞ն,- կը միջամտէ հայասէր մը,- շատ արծարծած ենք այս նիւթը ու միշտ ալ անորոշ եզրակացութիւններու յանգած. ի՞նչ որ է. բոլորն ալ յաջողութիւններու հասնին ու իրենց երազած ապահովութիւնը վայելեն:

Զէրօներու փաղանգ մըն ալ հոս էր. անորոշութիւն է ամէնուրեք: Դուրս կ’ելլեմ սրահէն ու ահա քիչ անդին կը հանդիպիմ շատ սիրելի հալէպահայ բարեկամուհիներէս մէկուն. ան ալ թախծոտ նայուածքով կը մօտենայ, կարծես տաքուկ գիրկ մը կ’որոնէ, ցաւերը լալու: Պատերազմին ամուսինը կորսնցուցած, զաւակները զինուորութեան ծառայութենէն փրկելու համար առած ու զանոնք բերած էր հայրենիք: Երեք տարիներ գլորած են արդէն անոնց հայրենիք ապաստանելուն վրայէն: Զաւակները թէ՛ կ’ուսանին, թէ՛ կ’աշխատին. ինք ալ ո՛ւր որ գործ ճարէ՝ կ’աշխատի: Լսած եմ յաճախ իր դժուարութիւններուն մասին, բայց այսօրուանը չէի ակնկալեր կամ ալ իրմէ լսել՝ չէի սպասեր.

  • Ի՞նչ կայ, ինչո՞ւ այսքան տխուր ես,- կը հարցնեմ:
  • Դեռ ի՞նչ պիտի ըլլայ, կրտսեր տղաս որոշած է Պէյրութ իջնել, հոնկէ ալ դիմում պիտի ներկայացնէ Գանատա երթալու,- աչքերը կը սկսին փայլիլ,- պիտի խենթանամ, չեմ ալ կրնար դէմ կենալ իր այս ճակատագրական որոշումին, ինք պիտի երթայ, հաստատուի ու զիս ալ հրաւիրէ եղեր, չեմ գիտեր ի՞նչ ըսեմ: Մէջէս հայրական մղում մը կ’ըսէ՝ ձգէ՛, թող երթայ, թող կերտէ ինքն իր ապագան, բայց մայրական զգացումներս չեն արտօներ՝ ո՞ւր պիտի երթայ, քեզմէ հեռանայ, ընտանիքդ բաժան-բաժան ըլլայ… կ’անդամահատուիմ կարծես, որքան ալ փորձեմ զօրաւոր ձեւանալ, չեմ կրնար թաքցնել նեղութիւնս…

Կը փաթթեմ զինք ու կը սկսի հեկեկալ գիրկիս մէջ, ապա զինք իմ երթալիք ուղղութեանս կը դարձնեմ, քանի եթէ հիմա ցուցասրահ մտնէ այս յանկերգը քանի մը անգամ եւս պիտի կրկնէ, աջէն ու ձախէն ափսոսանք լսէ ու աւելի սրտնեղած երթայ տուն: Որոշումը առնուած է, ջուրը ծեծելու կարիք չկայ.

  • Ո՞ւր կ’երթանք,- կը հարցնէ շուարած:
  • Չե՞ս գիտեր որ այսօր Տեառնընդառաջի խարոյկը կը վառեն եկեղեցւոյ արարողութենէն ետք:
  • Մոռցած եմ, երթանք եկեղեցի ուրեմն, արդէն կ’ուզէի երթալ ու զոյգ մը մոմ վառել տղուս ճամբուն համար:

Եկեղեցին այդքան ալ մօտ չէ, բայց կը քալենք ու ամբողջ ճամբուն ընթացքին միայն ընկերուհիս կը խօսի: Երբեմն կը փնտռենք մեզի լուռ մտիկ ընող մտերիմներ, մեր մտքերը մեզի պէս ընկալող սրտակից բարեկամներ, որոնց հաղորդածին դրական շեշտերը կը մեղմացնեն մեր ներաշխարհին բարդոյթները: Կը խօսի ան քաղցր անցեալը, դառն ներկան ու անորոշ ապագան միահիւսելով: Մերթ ժպիտը, մերթ թախիծը, մերթ արցունքը կ’ըլլան անոր ապրումներուն կենդանի արտայայտիչները, բայց ձայնը հետզհետէ կը վերագտնէ իր բնական շեշտը:

Եկեղեցւոյ բակը նորապսակ զոյգեր հարսանեկան տարազներով կանգնած կը սպասեն արարողութեան աւարտին, որպէսզի խարոյկի հրդեհին վրայէն ցատկեն. այսօր, բացառաբար, Մեծ Պահքի ընթացքին պսակի արարողութիւն տեղի կ’ունենայ: Եկեղեցւոյ ներսն ու շրջափակը հաւաքուածները ուրախ դէմքերով կ’ողջունեն զիրար. տօն է բոլորին համար, ձմրան հրաժեշտ կու տան ու գարունը ողջունելու կը պատրաստուին: Եկեղեցիէն ներս մենք զմեզ տեղաւորեցինք ու ըմբոշխնեցինք արարողութիւնը: Նկատելի էր ընկերուհիիս առանձնանալը, աչքերը փակ, ինչպէս միշտ, Տիրոջ հովանիին կը վստահէր ու Իրմէ զօրութիւն կը հայցէր դիմանալու այս անգամ՝ տղուն բաժանումին, երբեմն ալ թաշկինակով աչքերուն արցունքը կը սրբէր…:

Արարողութիւնը կը վերջանայ, թափօրին ետեւէն ժողովուրդը բակ կ’ելլէ, խարոյկը կ’օրհնուի ու հրդեհը կը սկսի բարձրանալ, մինչ հաւաքուած բազմութիւնը հայկական պարի տարազով խումբին հետ կ’երգէ. «Տէրնտես, դարմանը կէս…», կը պարէ ու կը զուարճանայ:

Կը պարէ հարսը, կը պարէ փեսան. մամիկը, տատիկը, երիտասարդը, մանուկը, հարուստն ու մանաւանդ աղքատը կը պարեն. վերջինէս շատ-շատեր կան ներկաներուն մէջ, որոնք եւս կը մաքառին իրենց զէրօներուն ետեւէն մագլցելով… բայց ուրախ են, «ապրում են, էլի՛»…:

Մենք ալ կը զուարճանանք, մեր մոմերը խարոյկէն կը վառենք ու տուն կը տանինք օրհնեալ ճրագը: Կը յիշեմ մայրս, որ Տեառնընդառաջի մոմերը կը պահէր ու երբ կայծակի ու փայլակի ահեղ ձայներ լսուէին, անմիջապէս կ’ըսէր. «Աղջի՛կս, դարակէն Տէրնտեսի մոմը բեր, վառենք, որ կայծակը չհարուածէ մեր տունը»: Մայրս այս աւանդութիւնը ժառանգած է իր մօրմէն եւ յաճախ կը պատմէր մեզի իրենց գիւղի առատ անձրեւներուն ու սարսափելի կայծակներուն մասին, որոնք նոյնիսկ աւերներ կը գործէին:

Թող Տէրնտեսի մոմերը պաշտպանեն բոլորս մարդաշէն կայծակներէն:

 

 

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles