Հայերէնի պահպանման ու ծաղկումին առաջադրանքը կը հարկադրէ ազգային համատարած շարժում մը, որ ընդգրկէ Հայաստանն ու արտերկրի բոլոր՝ մեծ ու փոքր օճախները։ Այս հաստատումը չի նշանակեր, որ ցարդ որեւէ շարժում տեղի չէ ունեցած կամ աշխատանք չկայ, այլ կþենթադրէ սկսուած աշխատանքներուն տալ աւելի ուժեղ թափ, զանոնք փոխադրել տեսականէն գործնական դաշտեր։ Այլ խօսքով, վճռական քայլեր առնել, որպէսզի խորհրդաժողովներու, համագումարներու, գիտաժողովներու եւ ամէն տեսակի մասնագիտական աշխատանքի ոգտակար արդիւնքները թարգմանուին գործնական քայլերով, չմնան իրենք իրենց մէջ սեղմուած օղակներու մէջ, անբաւարար՝ դարմանումի հասնելու իմաստով։
Նման շարժում կþենթադրէ բոլոր «զօրավարներուն» ու «հետեւակներուն», մասնաւորաբար իրարու յաջորդող նոր սերունդներուն ներգրաւումը՝ այս վսեմ նպատակին իրականացման ճիգերուն մէջ, այն տրամաբանութեամբ, որ դասական ինքնաշարժ մը յառաջ ընթանալու համար, պէտք ունի առ նուազն չորս անիւի. եթէ անիւ մը-երկու պակաս են, երրորդ մը բաւարար օդով չէ լեցուած, մէկ-մէկ ու կէս անիւով կարելի չէ արդիւնքի հասնիլ (շարժակն ու այլ սարքեր ալ կարեւոր են անշուշտ)։ Սա նաեւ կը հարկադրէ Հայաստանի եւ արտերկրի ձեռքերուն իսկական միացումը, անցնելով արարողական-ձեւականէն անդին։ Պետական, բարեսիրական ու այլ մակարդակներու վրայ վերջին տարիներուն առնուած քայլերը, տրամադրուած պիւտճէներն ու արդի միջոցներու օգտագործման ծրագիրները արդէն կարեւոր նախաքայլեր են։
Նկատի ունենալով մեր ժողովուրդի այժմու առարկայական դրուածքը, նման շարժումի մը առաջին տարածքը՝ հաստատուած միաւորներն են, այսինքն՝ դպրոցը, եկեղեցիներու կողքին գործող այլ կառոյցներ, միութիւններ, աշակերտական-ուսանողական խմբակցութիւններ…։ Այս բոլորը ունին մէկ գլխաւոր հիմնաքար, որ կը կոչուի ՀԱՅ ԸՆՏԱՆԻՔ, ուրկէ կը մեկնին բոլոր գլխաւոր գիծերը։ Այս ճշմարտութեան վրայ աւելորդ կը նկատենք այս սիւնակին մէջ երկար կանգ առնել։
Բնական է, որ ցարդ առնուած քայլերն ու մշակուած ծրագիրները նկատի ունին յիշեալ ոլորտները, իսկ իբրեւ գործնական անմիջական դաշտ՝ մեր կրթական հաստատութիւնները. մէկ խօսքով, նշուած առաջադրանքներուն իրականացման գործը առաջին հերթին ԴՊՐՈՑԱԿԵԴՐՈՆ է անխուսափելիօրէն, այսինքն՝ իբրեւ անմիջական հասցէ՝ նկատի ունի աշակերտը, ու անոր ճամբով՝ ծնողներն ու հարազատները, ձգտելով ապահովել ծնողներուն լծակցութիւնն ու գործակցութիւնը՝ դաստիարակներուն հետ։ Այս օղակին նուաճումը, դպրոցական մակարդակի վրայ շօշափելի ձեռքբերումները՝ անպայման որ պիտի ընդարձակեն օղակները եւ պիտի ներգրաւեն միւս հաստատուած օղակները՝ միութիւններ, աշակերտական-ուսանողական-սկաուտական եւ այլ խմբակներ, հասնելու համար այն զանգուածներուն, որոնք «անհաղորդ» կը նկատուին, եւ սակայն, պատրաստ են բիւրաւորներով քայլարշաւներու մասնակցելու՝ իբրեւ Հայ Դատի պահանջատէր։
Այս առաջադրանքին իրականացման համար, պէտք է ձեռնարկել լայնածիր ու դրապաշտ քարոզչական քայլերու։ Եւ ինչպէս քարոզչական որեւէ աշխատանք (ապրանք ծախող առեւտրականներ եւս նոյնը կþընեն), մեր քարոզչութիւնն ալ կþենթադրէ «յաճախորդ»ը համոզելու սկզբունքներու յստակացումն ու զանոնք «ծախելու» միջոցներու որոնումը։ Մեր պարագային, հայութեան զանգուածներուն «ծախուելիք ապրանք»ը նիւթական չէ, նիւթական շահ չի խոստանար ոեւէ մէկուն, բայց հիմն է մեր գոյատեւման ու ազգային ԲՈԼՈՐ ԱՌԱՋԱՐԴԱՆՔՆԵՐՈՒՆ իրականացման։
Մանրամասնենք. առանց Հայերէնի իմացութեան ու անոր կենսունակ պահպանման, մեր ժողովուրդն ու, հետեւաբար նաեւ հայրենիքն ու անոնց առնչուած բոլոր արժէքները կը մատնուին անէացման։ Իմաստէ կը զրկուի մանաւանդ մեր Դատը, կը նօսրանայ Ցեղասպանին իբրեւ պահանջատէր ներկայանալու մեր ենթահողը, որովհետեւ ի՞նչ պահանջատիրութիւն եւ մինչեւ ո՞ւր, երբ պահանջողն ու կրողները կը նուազին դանդաղ կամ արագ ընթացքով…։ Որմէ՞ պիտի սպասենք, որ տիրութիւն ընէ մեր մշակութային ժառանգութեանց, գրողներու, արուեստագէտներու ու մտաւորականութեան կուտակած հարստութեանց, եթէ զանգուածները, նոր հասակ առնող սերունդները անհաղորդ մնան անոնց, չիմանան, թէ ի՞նչ ունին-չունին (առանց մոռնալու բանաստեղծին «մենք մեզ ոչ մէկից չենք գերադասում» տրամաբանութիւնը)։ Բնական հետեւանքը կþըլլայ հեռաւոր ու անմիջական անցեալին հետ խզում, աշխարհաքաղաքացիի վիճակի տարածում-ամրապնդում եւ… իբրեւ ազգ ու հայրենիք՝ դանդաղ մահ։ Մինչդեռ լեզուին իմացութեան ճամբով, հաստատ կամուրջներ կը ստեղծուին սերուդներուն եւ ազգի բոլոր ժառանգութեանց միջեւ, նորեկները կþունենան արդար հպարտանքի շօշափելի յենարան։
Նշեցինք արդէն, որ առաջադրանքը կը կարօտի համատարած աշխատանքի ու գործակցական մթնոլորտի գոյառման։ Սովորութիւն ունինք ըսելու, որ նման նպատակակէտ հետապնդել՝ կը նշանակէ «թիավարել հոսանքն ի վեր»։ Որոշ ճշմարտութիւն կայ հոս. ճիշդ է նաեւ, որ դիւրին հաղորդակցութիւններու ներկայ աշխարհին մէջ, հայութեան կեանքը մարմնաւորող տարբեր անդաստաններ յաճախ կը մնան «ներհայեաց» կացութեան մէջ, այսինքն, կը ծրագրեն ու կը գործեն իրենց անմիջական շրջագիծին մէջ, քիչ հաղորդակցելով նոյն նպատակին հետամուտ այլ շրջանակներու հետ. մենք մեզ կը զրկենք շօշափելի փորձառութեանց բաժնեկցութենէն։ Տակաւին, նահանջած է հեղինակութեանց ականջ տալու եւ ճիշդ մտածումներ ընկալելու, զանոնք որդեգրելու զանգուածային ունակութիւնը։ Կար ժամանակ, երբ կրօնական, կուսակցական, մտաւորական-ակադեմական անհատի մը արդար ուղեցոյցը պատրաստակամութեամբ կþընկալուէր հասարակութեան կողմէ, թերթի մը խմբագրականն ու առաջնորդող յօդուածները ուղեցոյց կը հանդիսանային մեծամասնութեան համար (մեր խօսքը չի վերաբերիր միայն կուսակացական-քաղաքական ուղղութիւններու)։ Այսօր, «որդեգրած» ենք «գիրքն ու թերթը հինցած բաներ են» ներարկուած մտածումը, զիրար չենք լսեր, գրուած տեսակէտներ չենք կարդար, սակայն նաեւ պատրաստ ենք տարուելու եւ սահմանափակուելու այլապէս օգտակար գործիքներու, ինչպէս՝ Դիմատետրի (Face book) «տիրապետութեամբ», հոն տեղադրուած անհիմն-կիսագրագէտ կարծիքները ընդունելու իբրեւ ճշմարտութիւն, ստորագնահատելու հեղինակութիւններու տեսակէտները եւ… գլխապտոյտի մատնուելու։ Ի դէպ, բարեբախտութի՞ւն պէտք է սեպել, թէ այս վիճակին մէջ հայերս առանձին չենք, այլ կայ մտային բթացման աշխարհակուլ ալիք մը…։ Այս բոլորը կը շեշտեն «հոսանքն ի վեր թիավարելու» հրամայականը, անոր տալով նոր բովանդակութիւն, մանաւանդ մենք զմեզ նման վախերէ ձերբազատելու կամքին ամրացումը։
Ահա թէ ինչի՛ կը միտէինք բոլոր ուղղութիւններու եւ մակարդակներու վրայ Շարժումի մը յառաջացման հրաւէրով։ Նման նախաձեռնութեան մը դրական գիծերը կը կազմուին, երբ ինքնաճանաչման, անոր համար հիմնական գործիքին՝ լեզուին իմացութեան սկզբուքները իւրացուին հայութիւնը կազմող բոլոր զանգուածներուն կողմէ, որոնք այնուհետեւ կը դադրին «խելագարած ամբոխ» ըլլալէ ու կը դառնան ինքնաճանաչ ու ազգային նպատակներու կենսագործման հետամուտ գիտակի՛ց ժողովուրդ։ Այո, դիւրին չէ, բայց նաեւ անկարելի չէ…
Կրկնելու գնով արձանագրենք, որ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Սփիւռքի մէջ, ճշդուած ու ճշդելի առաջադրանքներուն, աշխատանքի դաշտերուն մէջ առաջնահերթութեանց հարցը կենսական է ու բանալի դեր ունի։ Օրինակի համար, Հայաստանի մէջ, լեզուի կորուստի մտահոգութիւնը Սփիւռքի չափ գերակշիռ հանգամանք չունի, այլ կը մտահոգուինք աղաւաղումներուն պատճառով։ Կան օտար եզրերու առատ գործածութեան, գաւառային-բարբառային եզրերու-ըսելաձեւերու, բայց մանաւանդ դասական ուղղագրութեան շարունակուող մերժումին տարօրինակ «հաստատամտութեան» իրականութիւնները (ուղղագրութեան հարցը առանձին տագնապ է), մինչդեռ անդին, ողջունելի իրողութիւններ են ժողովուրդին ու նոր սերունդին ինքնաճանաչում, պատմութեան «սպիտակ կէտեր»ու դարմանման ուղղութեամբ առնուող գործնական քայլերը (մանրամասնութեանց կþանդրադառնանք հետագայ «թիւեր»ու մէջ)։ Պէտք է ընդունիլ նաեւ, որ Արեւելահայերէն խօսողները՝ աշակերտ, մտաւորական կամ հասարակ մահկանացու, բաղդատաբար աւելի հակամէտ են անսխալ ու նուիրականացած լեզուով մը արտայայտուելու, քան ինչ որ կ’ընեն սփիւռքեան օճախներու զաւակները՝ առհասարակ։
Ինչ որ ալ ըլլայ պարագան մէկուն կամ միւսին, այս մտահոգութեանց փարատումին մեկնակէտը պիտի ըլլայ Հայերէնին պահպանումը հայ զանգուածներուն կողմէ՝ բանաւոր ու գրաւոր հաղորդակցութեան միջոցներու ճամբով։ Այս իրագործումին կը յաջորդէ քերականական, ուղղագրական, շարադասական եւ այլ սխալներու արտաքսումը գործածական Հայերէնէն։ Ուրեմն, նախընտրելի է նախ վերականգնել Հայերէնին գործածութիւնը, միաժամանակ աշխատանք տանելով, որ այդ ընողները կիրարկեն ճիշդը։ Եւ այս հաստատումը չի նշանակեր ստորագնահատել «մաքուր հայերէն»ի մը տարածման առաջադրանքը։