ՀԱՅԵԼԻՍ

0 0
Read Time:44 Second

mirror

ԱՐԱՔՍ  ՓԻԼԱՒՃԵԱՆ-ԽՏՐԼԱՐԵԱՆ

Պէյրութ

Անդաւաճան եւ խիստ դաստիարակս, անյիշաչար դատաւորս , որու հետ առճակատումէն յաճախ կը խուսափիմ:

Խուսափիլ հայելիէն՝ այսինքն խուսափիլ անձէս, էութենէս, թերութիւններէս եւ առաւելութիւններէս:

Օրերու քմայքին սեւն ու սպիտակը ճաշակած կնճիռներուս հետ հաշտութիւն կնքելու հայելիիս հրաւէրը երբեմն կը մերժեմ, գեղագիտական հնարքներով կը թաքցնեմ զանոնք,  բայց հոգւոյս մէջ աճած մոլախոտերը, փուշերը ո՞ւր թաքցնեմ…:

Ներհայեցողութիւնը էական է. աչքերուս խորութեամբ կը դեգերիմ հոգւոյս բաւիղներուն մէջ. հայելիս կը զգաստացնէ:

Երբեմն հայեացքս կը վանեմ իրմէ, Աստուա՜ծ իմ, նոյնիսկ իր լռութիւնը կը սպաննէ:

Սիրելի՛ս, արդէն հասուն եմ, քիչ մը իմաստութիւն ամբարեցի, վերիվայրումներ ունեցայ, դաժանօրէն վիրաւորուեցայ, ներեցի, սխալեցայ. բայց գիտե՞ս , չէ՞, որ կրնամ ներել բոլորին, իսկ ինքզինքիս հանդէպ այնքա՜ն խիստ եմ եւ աններող:

Հայելի՛ս, եկուր հաշտուինք, մահկանացու եմ եւ մեղաւոր, իսկ թանկարժէք գանձս, որուն գոյութեամբ կը շողարձակես եւ կը ճառագայթես՝ խիղճս է. այնքան ատեն որ կը փայլփլիս աչքերուս խորութեան հետ, հաշտ ենք…:

Չեմ փշրեր գոյութիւնդ:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles