ՎԵՆԵՏԻԿԻ ՀԱՐՍԸ

0 0
Read Time:1 Minute, 32 Second

wedding-venice

Յ. ՀԵԼՎԱՃԵԱՆ

Պէյրութ

Փետրուար 2016

Սան Սալութէ եկեղեցւոյ դիմաց, Քանալ Կրանտէի շարքին, ճամբորդատար նաւը՝ վափօրէթթօն կանգ առաւ, յաճախորդներ իջեցնելու համար: Ես պէտք էր շարունակէի ծովային ճամբան, հասնելու համար Սուրբ Ղազար կղզին, բայց վերջին վայրկեանին միտքս փոխեցի ու իջնող յաճախորդներուն հետ դուրս եկայ նաւէն, Սան Մարքօ հրապարակը ժամանակ անցընելու եւ դասական երաժշտութիւն ունկնդրելու, արուեստի վայելք ապրելու:

Հեռուէն կը լսուէր Պեթհովենի իններորդ համանուագը: Քայլերս հազիւ արագացնելով կը թեքէի դէպի հրապարակ, երբ յանկարծ տեսայ որ դոճական պալատին եւ Հառաչանքի կամուրջին դիմաց ժողովուրդ հաւաքուած էր: Մարդկային պարզ հետաքրքրութենէ մղուած քայլերս առաջնորդեցին զիս խճողուած վայրը: Մտքիս մէջ՝ գէշը եւ սրտիս մէջ՝ վախը, մօտեցայ ամբոխին: Արդեօք ի՞նչ պիտի տեսնէի: Հաւանաբար պզտիկ մը ջուր ինկած եւ կամ ծերունի մը սահած ու ոտքը կոտրած ըլլալու է: Մտքիս մէջ այս երկու պատահարները եզրակացնելով, հասայ, ամբոխին մասին տեսութիւններուս վրայ ես ինքս ծիծաղելով:

Ենթադրութիւններս հիմնովին սխալ էին: Պարզապէս հաւաքուած մարդիկ հիացմունքով հարս ու փեսայ կը դիտէին շատ կիրթ ձեւով, նոյնիսկ լռութիւնը չխանգարելու միտումով: Ծերուկ վենետիկուհիի մը քովը կեցած ես ալ սկսայ դիտել հարսն ու փեսան ապշահար: Սան Մարքօ տաճարին մէջ նորապսակեալ այս զոյգը հետիոտն ճամբայ ելած էր, փեսան իր հարսին պաղպաղակ ապսպրած էր, ու երկուքը ճամբուն մէջ կարծես իրենց հարսանեկան քօքթէյլը կը կատարէին, ոտքի պաղպաղակ ուտելով, փլասթիք գաւաթով եւ դգալով:

Կեանքիս մէջ այդքան պարզունակ հարս ու փեսայ չէի տեսած, մանաւանդ՝ այդպիսի քօքթէյլ…:

Օրուան թագաւորն ու թագուհին, ճամբան, ոտքի, անցորդներուն դիմաց պաղպաղակ ուտեն…երա՞զ թէ՞ իրականութիւն՝ մինչեւ հիմա հարցական է մտքիս մէջ:

Բոլորին պէս այդ պարզութեան վրայ կը հիանայի ու միեւնոյն ատեն դժուար կը համոզուէի, թէ կարելի էր որ ճամբան, արեւուն տակ, թագը գլխուն՝ օրուան թագուհին իր թագաւորին հետ, անցորդներուն դիմաց պաղպաղակ ուտէր…:

Սկսայ բնականաբար բաղդատել այդ հարսը Արեւելքի մեր հարսերուն հետ եւ ոչ մէկ հասարակաց գիծ եւ նմանութիւն գտայ:

Այս խելացնոր պարզութիւնը, գեղեցկութիւնը աչքերուս, սրտիս ու մտքիս մէջ դրոշմուած ու քանդակուած, հեռացայ ամբոխէն:

Իմ տեսած հարիւրաւոր հարսերուս մէջ Վենետիկի հարսը ուրիշ էր…:

 

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles