0 0
Read Time:2 Minute, 42 Second

helvajian

 

Յ. ՀԵԼՎԱՃԵԱՆ

Համարձակութեամբ, քաջութեամբ եւ հպարտութեամբ, նաեւ ուրախութեամբ կրնամ ըսել ու հաստատել, թէ մէկ ազգի զաւակ եղած եմ:
Մէկ հայ հայր եւ մէկ հայ մայր ունեցած եմ:
Մէկ անգամ ծնած եմ, վերստին ծնունդ ունենալու համար ջանք չեմ ըրած:
Ծննդաբերութեան պահուն մէկ դայեակ ունեցած եմ եւ այդ պատճառով ապահով եկած եմ աշխարհ:
Մէկ անգամ մկրտուած եմ, ունեցած եմ մէկ կնքահայր եւ մէկ կնքամայր, մէկ մկրտող քահանայ եւ մէկ ներկայութիւն էր դրացի Տիկին Շուշանը: Երկու ներկայութիւն կրնայի ունենալ, եթէ Տիկին Շուշանին ամուսինը անդամալոյծ չըլլար:
Մէկ անգամ լուրջ հիւանդացած եմ, սակայն ճարպիկ բժիշկի մը մէկ ասեղով առողջացած եմ ու փրկուած եմ մահէն:
Մէկ անունով եւ մէկ մականունով ճանչցուած եմ: Ծածկանուններու հանդէպ որոշ վերապահութիւն ունեցած եմ:
Մէկ եղբայր ունեցած եմ, իսկ քոյր չեմ ունեցած: Հետագային քոյր ունենալու տենչը երբ արթնցաւ, Սուրբ Հռիփսիմէն քոյր ընդունած եմ:
Մէկ անգամ պսակուած եմ, մէկ դասակարգի ժողովուրդ ներկայ եղած է պսակին (համեստ): Մէկ կնոջ հետ ամուսնացած եմ:
Մէկ Աստուածութեան հաւատացած եմ:
Թէեւ չորս զաւակ ունիմ, բայց մէկ զաւկի պէս սիրած եմ զանոնք:
Մէկ գիրքի առջեւ խոնարհած եմ, բայց ձեր մտքէն անցածը չէ, սիրելի՛ ընթերցող: Ես հայոց Նարեկը առաջնահերթ սեպած եմ:
Մէկ ընկեր ունեցած եմ, որմէ շատ օգուտներ քաղած եմ, թղթատելով իր էջերը հարստացուցած եմ գիտելիքներս ու բառամթերքս ճոխացուցած:
Մէկ եկեղեցիի զաւակ եղած եմ, թէեւ աղանդաւորները փորձած են զիս համոզել ու խլել մեր եկեղեցիէն, սակայն մէկ ժխտական կտրուկ պատասխանով հեռացուցած եմ վտանգը ընդմիշտ:
Սրտիս խօսող միակ խղճամիտ անձնաւորութիւնը ամենայն հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանն է, թէեւ Մատըր Թէրէզան ալ պիտի չուզեմ անտեսել:
Միշտ կէսօրուայ ժամը մէկին ճաշած եմ, գիշերուայ ժամը մէկէն առաջ չեմ քնացած:
Մէկ արուեստ պաշտած եմ՝ հայ թատրոնը եւ այդ ասպարէզիս պատճառով դժուար կեանք մը ունեցած եմ:
Նաեւ մէկ նախասիրութիւն ալ ունեցած եմ՝ նկարչութիւնը:
Հակառակ որ արդիագեղ բազմաթիւ նկարներ գծած եմ, բայց իրավիճակէս բան չէ փոխուած: Նոյն դժուար կեանքը շարունակուած է:
Մէկ անգամի համար փորձած եմ գրել, գրիչս կարգ մը մարդոց կողմէ սիրուած ըլլալուն համար ինծի թափ տուած է, որ մինչեւ օրս գրեմ: Սա խոստովանանքն ալ ընեմ, թէ երբեք յաւակնութիւնը չունիմ ես զիս գրող յորջորջելու:
Մէկ հաստափոր հատոր պարփակող գրութիւններ ունենալով հանդերձ մէկ հրատարակուած գիրք չեմ ունեցած, որովհետեւ մէկ մեկենաս գտնելու ճարպիկութիւնը չեմ ունեցած եւ այդ պատճառ եղած է որ կինս զիս «փէրուշան» անկարող անուանած է:
Օղերով զարդարուած մէկ կին խեղդած եմ Յակոբ Տէր Մելքոնեանի թատերաբեմին վրայ «սեւցած» երեսով եւ ետքը զղջալով անձնասպան եղած եմ:
Մէկ անգամ համբուրած եմ վերելակին մէջ իմ առաջին սիրած աղջիկս:
Մէկ գեղանկար դիտելու համար մտած եմ Լուվր ու Ճոգոնտան զիս լիցքաւորած, վերացուցած, դուրս նետած է թանգարանէն:
Մէկ խնդրանք ուզած եմ Աստուծմէ եւ ընդառաջած է խնդրանքիս: Մայրս մահս չտեսնէ: Եւ Աստուած ինձմէ առաջ կանչած է մայրս:
Երբեք բարձր պաշտօններ ունենալու համար ոչ ջանք եւ ոչ աշխատանք կատարած եմ, նոյնիսկ համեստ պաշտօններ չեմ ունեցած: Օրինակ, դպրոցը երբեք հսկիչ չեմ նշանակուած: Թաղական չեմ եղած, ոչ ալ թաղապետ, քաղաքապետ ալ չեմ եղած, ոչ ալ երեսփոխան, ոչ նախարար եւ ոչ ալ նախագահ: Բայց հրաշքով մը կամ բախտով՝ ըսեմ, թագաւոր դարձած եմ «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եւ Մեծն Տրդատ» թատերախաղին մէջ ստանձնելով Տրդատ թագաւորին կերպարը ու բաւարարութեան զգացում ունեցած եմ:
Մէկ անգամ ապրելու համար եկայ աշխարհ եւ կազմ ու պատրաստ եմ մեռնելու, երբոր կանչէ Աստուած:
Մէկ երկնքի տակ ապրող մարդկանց համար, Տէր Աստուած, մէկ խնդրանք ունիմ. ժողովուրդին դրական մտածելակերպ եւ արդար մտածելաձեւ տուր, որ խաղաղ ապրինք, զիրար չյօշոտենք, ապրինք հանգիստ եւ երջանիկ այս ժամանակաւոր ու անհեթեթ կեանքին մէջ:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles