ԱՆՁԱՅՆ ԲԱՂԱՁԱՅՆ

0 0
Read Time:23 Second

antsayn paghatsaynՍԵՒԱՆ ԼԱԼԻՔՕՂԼՈՒ

Դեկտեմբեր 12, 2015

Բաղաձայն տառերուն համար միշտ յուզուած եմ
Առանց ձայնաւորի առանձին
Ոչինչ են եւ
Զանոնք կրնանք կոչել նաեւ անձայն:
Որչափ ալ ջանաս թէ
Մէկ հատը մինակ հնչես՝
Կարելի չէ:
Հնարէ՛անանկ ձայն մը որ
Մինակը հնչուի.
Ձեռքէդ կը յափշտակեն
Ան ալ ձայնաւոր կ’ըլլայ:
Անձայնութիւնը միշտ կորսուելու ենթակա՞յ է:
Կարգ մը մարդիկ անձայն կը մնան
Կարգ մը դէպքերու…
Դիմացի խորամանկը ինքզինք խելացի կը սեպէ
Բայց անձայնին, անձայնութեան մէջ փիլիսոփայութիւն մը կայ:

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles