ՄԱՍԱՉՈՒՍԷՑ.- ԴԱՍԱԽՕՍԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ ՀԱՍԱՆ ՃԵՄԱԼԻ

0 0
Read Time:3 Minute, 49 Second

 hasan_cemal_248783605Շա­բա­թաս­կիզ­բին, յա­ջոր­դա­բար Եր­կու­շաբ­թի եւ Երեք­շաբ­թի Նո­յեմ­բեր 16-17-ին, Մա­սա­չու­սէ­ցի մէջ, տե­ղի ու­նե­ցաւ զրոյց – կլոր սե­ղան, հա­յեւ­թուրք վեր­ջին խօ­սակ­ցու­թիւն­նե­րու եւ անոնց յա­ջոր­դող, անց­եալ Հոկ­տեմ­բեր 10-ի ար­ձա­նագր­ուած ստո­րագ­րու­թիւն­նե­րուն առն­չու­թեամբ:

Ձեռ­նարկ­նե­րը յա­ջոր­դա­բար տե­ղի ու­նե­ցան Հար­վըրտ հա­մալ­սա­րա­նի (Քէյմպ­րիճ – Ցայ Օտի­թորի­ըմ) եւ Ուա­թըր­թաու­նի Հայ Մշա­կու­թա­յին Կեդ­րո­նէն ներս: Եր­կու ձեռ­նարկ­նե­րուն ալ, ներ­կայ էին հա­րիւ­րա­ւոր ներ­կա­ներ:

Հար­վըր­տի մէջ կա­տար­ուած ձեռ­նար­կին, խօսք առին դա­սա­խօս­ներ՝ Փա­մը­լա Շթայ­նըր ( Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին, Հա­յաս­տա­նի մօտ Ա.Մ.Ն.-ի դես­պան՝ Հեն­րի Մոր­կըն­թաուի ծոռը) եւ փրոֆ. Այ­լին Պա­պից (Ֆլե­չըր Հա­մալ­սա­րան): Խօսք առ­նող դա­սա­խօս­ներն էին հան­րա­ծա­նօթ լրագ­րող եւ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը կազ­մա­կեր­պած ղե­կա­վար­նե­րէն՝ Ճե­մալ Փա­շա­յի (1922-ին Թիֆ­լի­սի մէջ ահա­բեկ­ուած) թոռ­նի­կը՝ Հա­սան Ճե­մալ, »Տիւք« հա­մալ­սա­րա­նի դա­սա­խօս Եք­թան Թիւրք­յիլ­մազ եւ »Պենթ­լի« հա­մալ­սա­րա­նի դա­սա­խօս Աս­պետ Գո­չիկ­եան:

Երեք­շաբ­թի, Ուա­թըր­թաու­նի մէջ կա­տար­ուած ձեռ­նար­կը կազ­մա­կերպ­ուած էր »Հրանդ Տին­քի Բա­րե­կամ­ներ« Միու­թեան կող­մէ: Մի­եւ­նոյն յայ­տա­գի­րը կրկնուե­ցաւ, հա­մե­մա­տա­բար աւե­լի խիտ յայ­տագ­րով:

Երեք դա­սա­խօս­ներն ալ իրենց անձ­նա­կան վեր­լու­ծում­ներն ու կար­ծիք­նե­րը փո­խան­ցե­ցին, զա­նա­զան դի­տան­կիւն­նե­րէ դիտ­ուած: Զրոյց­նե­րու ըն­թաց­քին, անոնց մի­ա­ցաւ Ուս­թը­րի Քլարք հա­մալ­սա­րա­նի Ցե­ղաս­պա­նու­թեան Են­թա­բա­ժա­նու­մի պա­տաս­խա­նա­տու փրոֆ. Թա­նէր Աք­չամ:

Հար­վըր­տի ձեռ­նար­կին, ներ­կայ էին նա­եւ թուրք ու­սա­նող­ներ, որոնք Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին թեր եւ դէմ կար­ծիք­ներ փո­խան­ցե­ցին: Դա­սա­խօս­նե­րը, կոչ ուղ­ղե­ցին, լրջու­թեամբ հե­տե­ւիլ պատ­մու­թեան եւ չխե­ղա­թիւ­րել Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը:

Հա­սան Ճե­մալ, ար­դէն իսկ պատ­մու­թիւն մը կեր­տած էր, Սեպ­տեմ­բեր 5, 2008-ին այ­ցե­լե­լով Երե­ւան եւ Ցե­ղաս­պա­նու­թեան յու­շար­ձա­նին առ­ջեւ, յար­գան­քի ծա­ղիկ զե­տե­ղե­լով: Իր խօս­քին մէջ, ան կրկնեց թէ եղած է Հրանդ Տին­քի մօ­տիկ բա­րե­կա­մը:  »Շա­րու­նակ յար­գանք ցոյց տալ դրացիի ցա­ւին ու տա­ռա­պան­քին…« ըսաւ Ճե­մալ որ լսած է ըն­տա­նե­կան պատ­մու­թիւն­ներ իր մեծ հօր՝ Հա­սան Ճե­մա­լի մա­սին, որ 1922-ին հա­յե­րու կող­մէ սպանն­ուած էր:

»Ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին սոր­վե­ցայ մեծ հայրս եւ պատ­մու­թիւնը իրար­մէ զա­տո­րո­շել, որով­հե­տեւ սխալ է դէմ յան­դի­ման հա­նել եր­կու տար­բեր վիշ­տեր կամ իրա­րու հա­ւա­սա­րեց­նել կամ իրա­րու նմանց­նել: Այս մօ­տե­ցու­մը ին­ծի կÿըն­ծա­յէր միմ­իայն՝ ատե­լու­թեան եւ թշնա­մու­թեան խոս­տում մը: Քննե­լով պատ­մու­թեան էջե­րը՝ ին­ծի հա­մար բա­ցա­յայտ դար­ձաւ, որ երբ այս նիւ­թին մա­սին կը գրենք կամ զայն կը վեր­լու­ծէ­ինք, լա­ւա­գոյն ըն­թաց­քը կիր­քեր յա­ռա­ջաց­նե­լու չէ, այլ ուղղ­ուե­լով՝ այն ուղ­ղու­թիւնը, որ մարդ­կու­թիւնը կÿազա­տէ կո­րուս­տէ մը եւ զայն կÿուղ­ղէ դէ­պի խա­ղա­ղու­թիւն«, ըսաւ Հա­սան Ճե­մալ որուն հայ­րը՝ Ահ­մեթ Ճե­մալ մա­հա­ցաւ քա­նի մը տա­րի առաջ՝ առանց որե­ւէ բան ըսե­լու: Յա­ւել­եալ ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ՝ մեր յա­ռա­ջի­կայ թիւով:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles