Անի Բրդոյեան-Ղազարեան
Երեւան
- Արո՛ւս, մոմերը բեր, վառենք ու աղօթենք, ես պիտի քնանամ ա՛լ,- կ’ըսէ ութսունամեայ ծերունին իր կնոջ:
Եօթանասունը անց կինը դողալով զոյգ մը մոմը ձեռքին, կու գայ խոհանոցէն: Կաղանդ է: Կանուխ ընթրած են ծերունիները, բայց տօնական այս օրուան սեղանը աւանդաբար չի վերցուիր: Համեստ սեղանին վրայ մէկ-երկու թեթև ճաշատեսակներ, մի քանի տեսակ պտուղ, պնակ մը կանաչեղէն և երկու պնակ անուշապուր կան միայն: Մի քանի ժամէն հին տարին կ’աւարտի, նորը կը սկսի: Ի՞նչ տարբերութիւն նորին ու հինին միջև. ոչ ժպիտ պատճառող ուրախ նորութիւններ կան, ոչ ալ քաղաքի կացութիւնը խաղաղեցնելու մասին՝ յոյսեր: Ծերունիներուն առողջութիւնն ալ օր ըստ օրէ կը վատթարանայ. Կաղանդ է, Զատիկ է` ոչ մէկ նշանակութիւն ունի այլևս, բայց կինը, ինչպէս միշտ, կը փորձէ ամուսնոյն տրամադրութիւնը բարձրացնել, օգտագործելով անոր համար ամենասիրելի զրոյցները, որ անկասկած զաւակներուն հետ կ’առընչուին.
- Մա՛րդ, չե՞ս սպասեր քիչ մը, հիմա աղջիկներդ ու տղաքդ կը հեռաձայնեն ու կը շնորհաւորեն Ամանորը: Ձայներնին չե՞ս ուզեր լսել: Ամէն անգամ պատրուակով մը փախուստ կու տաս, այսօր գոնէ ձայնովդ ուրախացուր զիրենք:
- Լա՜ւ, քիչ մըն ալ կը սպասենք,- կեղծ ժպիտով մը կը պատասխանէ ծերունին:
Նոյնիսկ եթէ սպասէ, լսէ հեռաւոր երկիրներէն խօսող զաւակներուն ձայնը և անոնց բոլոր հարցումներուն կեղծ դրական պատասխաններ տայ, ի՞նչ պիտի հասկնայ: Անոնց պիտի ըսէ, որ շատ լաւ և հանգիստ է, բայց այդպէս չէ. պիտի ըսէ, որ համեմատաբար խաղաղ է քաղաքը, բայց այդպէս չէ. միայն կարօտի մասին երբ խօսին՝ առանց կեղծելու պիտի խոստովանի ծերունին, բայց դարձեալ պիտի չկարենայ անսահման կարօտը արտայայտել, ցաւ չպատճառելու համար զաւակներուն: Վեց զաւակներու հայր ըլլալ, ինչ-ինչ զոհողութիւններով ու նեղութիւններով զաւակները տեղ մը հասցնել, հետևիլ անոնց ուսման, աշխատանքի ասպարէզներուն, ընտանիքի կազմութեան, թոռներու ծնունդին ու հասակ նետելուն…:
Ան ճակտի քրտինքն ու պապենական համեստ ժառանգը ամբողջութեամբ օգտագործած էր զաւակները տուն-տեղ ընելու, գիշերն ու ցերեկը իրար անցուցած, լումայ լումայի վրայ հաւաքած ու պահած էր, զաւակներուն հանգստաւէտ ապագան ապահովելու նպատակով: Մինչև չորս տարի առաջ ամէն ինչ կ’ընթանար իր ծրագրածին պէս: Զաւակներուն համերաշխութիւնը, սէրն ու միութիւնը անսահման երջանկութիւն կը պատճառէին ընտանիքի նահապետին: Նոր սկսած էր վայելել տարիներու տքնութեան արգասիքը, երբ մահասփիւռ և սարսափազդու պատերազմը անկոչ հիւրի մը, այլև մագիլները ցցած արծիւի մը պէս մտաւ իւրաքանչիւր քաղաքացիի բնակարանէն ներս և մահաբեր շունչը տարածեց ամէնուր:
Ամէն օր կը լսուէր հայ կամ տեղացի նահատակի մը գոյժը: Սարսափելի իրավիճակ: Տարիներու սահանքին հետ խաղաղութեան յոյսերն ալ մի առ մի վերացած էին: Ծերունին ի տես այս ահ ու սարսափին, այս անգամ թև ու թիկունք կանգնեցաւ զաւակներուն, զիրենք աւելի ապահով երկիրներ ճամբելու համար: Ան երևութապէս գոհ էր զաւակները հեռացնելով, սակայն իւրաքանչիւրը անկէ կտոր մը տարած էր կարծես. առաջինէն մինչև վերջին զաւկին՝ իրեն համար ամենասիրելի դստեր ճամբումը շատ մեծ վիշտ պատճառած էր ծերունիին: Ան այժմ վատառողջ էր և անկարող՝ առանց անթացուպի քալելու: Մինչ զաւակները քանի մը օրը մէյ մը հեռաձայնով կը հաղորդէին, որ հաստատուելնուն պէս պիտի հրաւիրէին զիրենք ևս: Կինը ոգևորութեամբ կ’ընդունէր հրաւէրները, սակայն ամուսինը ոչ իսկ այն մասին մտածել կ’ուզէր:
Հեռաձայնի զանգերը կը յաջորդեն իրարու, Ամանորի յիշողութիւնները կը վերականգնին:
***
Ճոխ մթնոլորտ: Անսահման է երջանկութիւնը: Բազմանդամ ընտանիքը համախմբուած է: Երգը, պարն ու ծիծաղը կը թևածեն ամբողջ տան մէջ: Մանուկները հետաքրքրուած են տօնածառին շուրջը տեղաւորուած նուէրներով և անհամբեր կը սպասեն գալիք տարուան առաջին ժամուն Կաղանդ Պապուկի այցելութեան, որ ներկաներէն մէկը ըլլալու է՝ կամ մանուկներուն հօրեղբայրը, կամ մօրեղբայրը, կամ ալ անոնց երիտասարրդ զաւակներէն մէկը. այսպէս կը փոխանակէին անոնք այդ դերը ամէն տարի, որպէսզի մանուկները չճանչնային «զինք», սակայն Կաղանդ Պապուկի ներկայութեան հետ անմիջապէս մանուկները բացական որոնելով, կը բացայայտէին անոր ինքնութիւնը: Բացայայտումը տեղի կ’ունենար նախապէս կնքուած համաձայնութեամբ և պարտականութիւններու ստանձնումով: Անոնք գիտէին ո՞վ զով պիտի փնտռէր. կամ ալ, նեղ պարագային, տաքարիւն փոքրիկն Հրակը Կաղանդ Պապուկին դիմակը վար առնելով, կը բացայայտէր անոր ինքնութիւնը: Ներկայ դարու բացաչք մանուկները խաբել կարելի չէ:
Որքան ուրախ էին այս բազմանդամ ընտանիքի մայրն ու հայրը: Անհամբեր կը սպասէին այս անզուգական տօնախմբութեան, ոչ յոգնութիւն, ոչ ալ ծախս կը զլանային, ամէն ինչի առատութիւնը կ’ապահովէին: Գիտէին զաւակներուն, հարսերուն, փեսաներուն ու մա՛նաւանդ թոռներուն համար ամենանախընտրելի ուտեստեղէնները, պտղատեսակները, ըմպելիներն ու անուշեղէնները: Ամիս մը առաջ արդէն կը սկսէին խորհրդակցիլ: Աւանդական ճաշատեսակներուն և անուշեղէններուն վրայ ամէն տարի անակնկալ նոր տեսակներ կ’աւելնային: Հարսերն ու պսակուած աղջիկները նոր ճաշատեսակներ ու անուշեղէններ պատրաստելով, ճոխ սեղանին հմայքը կը բազմապատկէին: Ամէն ինչ տօնական բնոյթ կը կրէր՝ ապակեայ պնակները, գաւաթները, ծածկոցները, նոյնիսկ խմիչքներուն շիշերուն կը հագցուէին Ամանորը յատկանշող շապիկներ:
- Աղն ու փոշի պղպեղը դիր անդրանիկիս մօտ,- կ’ըսէր մայրը աղին ու պղպեղին ամանները տալով սեղանը յարդարող աղջկան,- ան առանց անոնց ճաշ չ’ուտեր:
- Հրակը գիրկս տուէ՛ք ու դուք հանգիստ կերէ՛ք,- կ’ըսէր մեծ հայրը:
Անհանդարտ Հրակին լեզուէն միայն մեծ հայրը կը հասկնար, ոչ ոք բացայայտած էր մեծ հօր ու թորան համագործակցութեան գաղտնիքը, չարաճճին այնպիսի խելօք ձագուկի մը կը վերածուէր, երբ նստէր մեծ հօր գիրկը…
Նոր Տարուան առաջին Տէրունական աղօթքի երգեցողութիւնը կը կատարէր կրտսեր մանչը: Ան շատ անոյշ ձայն ունէր, բոլորը ցած ձայնով կ’ընկերակցէին անոր, որպէսզի երգեցողութեան անոյշ մեղեդին չաղաւաղէին:
***
- Մա՛րդ Աստուծոյ, եկուր բառ մըն ալ դո՛ւն խօսէ՛ զաւակներուդ հետ, պզտիկ աղջիկդ է խօսողը,- կ’ըսէ կինը յուզումնախառն շեշտով:
- Տո՛ւր խօսիմ,- կ’առնէ հեռաձայնին ընկալուչը կնոջ ձեռքէն,- աղջի՛կս, լա՞ւ ես, եղբայրներուդ, քոյրերուդ հետ կապի մէ՞ջ ես,- դրական պատասխաններ ստանալէ ետք,- մեր մասին մի մտահոգուիք, մենք այսօր կա՜նք, վաղը չկանք, միայն խնդրանք մը ունիմ, սիրունիկ աղջիկս, քոյրերով ու եղբայրներով համախմբուեցէք մէկ քաղաքի մէջ, գիտեմ դժուար է, բայց անկարելի բան չկայ, քեզի կ’ըսեմ, քանի գիտեմ կարող ես իրականացնել այս փափաքս. ինչեր կը կազմակերպէիր և կը հաւաքէիր մեզ, միայն դուն կը մտածէիր ու կը ծրագրէիր և բոլորը սիրով կ’ընդառաջէին իղձերուդ. խոստացի՛ր, որ պիտի իրականացնես փափաքս, միայն այն ատեն կը հանգստանամ, և ինչո՞ւ չէ՝ նաև ես և մայրդ ալ կը միանանք ձեզի…:
Կինը կը զգայ ամուսնոյն յուզումը, ընկալուչը կ’առնէ ձեռքէն, կ’աւարտէ զրոյցը ու.
- Իրա՛ւ կ’երթա՞ս զաւակներուդ քով, երբ մէկ քաղաքի մէջ բնակին:
- Չըսիր, Արո՛ւս, այսօր գացի՞ր, զննեցի՞ր տղոց տուները, ամէն ինչ կարգի՞ն է,- նիւթը փոխելով կը հարցնէ ծերունին կնոջ,- յուսամ չմոռցար նաև լոյս մը վառած ձգել…:
- Այո, գացի, ինչպէս թելադրեցիր: Ամէն ինչ կարգին է, իսկ ելեկտրականութեան մասին չե՞ս գիտեր, որ այսօր երեք ամիս կ’ընէ որ քաղաքը ելեկտրականութիւն չկայ, մա՛րդ, բայց անհոգ մնա՛, իւրաքանչիւրին տան մէկ լոյսը կը վառի, երբ ելեկտրականութիւն գայ…: