ՅԱԿՈԲ ՆԱԼՊԱՆՏ ՏԼՏԼԵԱՆ
Հալէպ, Յուլիս 3, 2012
Յարահեղուկ լաւայի պէս
Մշտահեղուկ գոյատեւէ
Չպնդացման բանաձեւը բացայայտէ
Պնդացումը մահացու է
Մինչեւ վերջը չվերծանուած
Ամբողջովին չմեկնուած
Հնալեզու սուրբ Մանտրայի հատուածի պէս
Դուն լիարժէք չվերծանուած ուղին գտիր
Չկերտումի եւ անկերտման
Միջեւ եղած նմանութեան
Չհաւասար Անհաւասար երեւոյթն
Ո՞վ կը պեղէ
Ժխտադալար լեզուներու
Չպարտէզուած պարտէզներու
Բերքը բերրի
Մենք դեռ ինչքա՛ն
Չքաղութեան պիտի մատնենք
Չէ՞ որ ժխտելը
Կեանքի կէսն է
Չժխտումի հականիշը
Հաւասար կամ չհաւասար
Չփլուզում
Չճահճացում
Չմահճացում
Չ Չ Չ
Միասնաբար
Ժխտումի նոյն գետին վրայ նաւարկելով
Սահմանները կը նուաճենք
Յայտարարուած չանմահացման