0
0
Read Time:21 Second
ՍԵՒԱՆ ԼԱԼԻՔՕՂԼՈՒ
Իսթանպուլ, Ապրիլ 24, 2015
Գարուն եկաւ, դուրսը՝ ձայնը պլպուլի
Տերեւ տուաւ մեր պարտէզի թզենին
Աշխարհ դարձաւ տարի մը եւս
Որ ոսկորներս դարձեալ տաքնան
Շողերովը արեւի:
Յոգնութիւնով կը սկսի գարունը
Դուրս անգամ ելլել չես ուզեր
Վերջը հալող ձիւներէն հոսող ջուրերու պէս
Մեր մկաններն ալ շարժիլ կը սկսին ուժգին
Պատուհանէն դուրս կը նայիս
Կը տեսնես արեւը
Դէմքդ տաքութիւնը կը զգայ
Աչքերդ՝ փակ.
Ժպիտ մը երեսիդ վրայ: