ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ «ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ»Ը

0 0
Read Time:6 Minute, 47 Second

Nor haratch1 copy Հոկ­տ. 27, 2009-ին, լոյս տե­սաւ »Նոր Յա­ռաջ«ի առա­ջին թիւը, »Յա­ռաջ«ի փա­կու­մէն (վեր­ջին թիւ՝ Մա­յիս 30-31, 2009) հինգ ամիս ետք: Բո­լո­րո­վին տար­բեր ոճով եւ դի­մա­գի­ծով: Եւ­րո­պա­յի սիր­տին մէջ լոյս ըն­ծա­յուող այս թեր­թը, պի­տի հրա­տա­րակ­ուի շա­բա­թը եր­կու ան­գամ:

Ստո­րեւ»Նոր Յա­ռաջ«ի անդ­րա­նիկ խմբագ­րա­կա­նը.-

 

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ

ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՆՈՐՈԳՈՒԹԻՒՆ

 

Ար­դէն հինգ  ամիս է, որ Յա­ռաջ դադ­րած է լոյս տես­նե­լէ: Անոր պա­կա­սը, անոր ստեղ­ծած բա­ցը մեծ է, մա­նա­ւանդ այս օրե­րուս, երբ Հա­յաս­տան եւ Թուրք­իա բա­րիդ­րա­ցիու­թեան հա­մա­ձայ­նա­գիր կնքե­լու շե­մին կը գտնուին: Սփիւռ­քի հա­յու­թիւնը քա­ղա­քա­կան իրա­դար­ձու­թիւն­նե­րէն կա­նո­նա­ւոր կեր­պով տեղ­եակ ըլ­լա­լու պա­հանջն ու­նի: Պա­հանջն ու­նի նա­եւ ար­տա­յայտ­ուե­լու, իր խօս­քը լսե­լի դարձ­նե­լու հա­յե­րէ­նով:

»Յա­ռաջ«ին ստեղ­ծած բա­ցը զգա­լի էր նա­եւ Ֆրան­սա­յի ներ­գա­ղու­թա­յին կեան­քէն ներս: Քա­ղա­քա­կան վեր­լու­ծում, թղթակ­ցու­թիւն, հա­մայն­քա­յին կեանք, ըն­կե­րա­յին ան­ցու­դարձ, մշա­կու­թա­յին ձեռ­նարկ անար­ձա­գանգ մնա­ցին:

Շա­ւարշ Մի­սաք­եա­նի հիմ­նադ­րած թեր­թը օրըս­տօ­րի ֆրան­սա­հա­յու­թեան եւ որոշ չա­փով սփիւռ­քա­հա­յու­թեան պատ­մու­թիւնը գրեց: Ար­փիկ Մի­սաք­եան ժա­ռան­գա­կա­նու­թեան օրէն­քով ապա­հո­վեց սերն­դա­փո­խու­թիւնը: Այ­սօր նո­րէն հա­սած է օրը փո­շան­ցու­մի: Պարզ տրա­մա­բա­նու­թիւնը պի­տի թե­լադ­րէր որ Յա­ռաջ յա­րա­տե­ւէր եւ Ար­փիկ Մի­սաք­եան ան­մի­ջա­կան ժա­ռան­գորդ մը չու­նե­նա­լով՝ իր հօր յի­շա­տա­կը յա­ւեր­ժաց­նէր օրա­թեր­թը փո­խան­ցե­լով հո­գե­հա­րա­զա­տի մը, սա­նի մը: Սա­կայն, նա­խընտ­րեց կա­մա­ւոր դադ­րե­ցու­մը, որով­հե­տեւ, տի­կին Միսաք­եա­նին իսկ խօս­քե­րով՝ »Շա­ւար­շին հիմ­նած թեր­թը պէտք չէր ու­նե­նար ան­բաղ­ձա­լի վախ­ճան մը«:

Կա­մա­ւոր փա­կու­մով, արդ­եօք ամ­բողջ լրագ­րա­կան մօ­տէլ մը չէ՞ր, որ վերջ կը գտնէր, քա­նի որ թեր­թին հրա­տա­րա­կու­թեան բո­լոր լծակ­նե­րը՝ օրի­նա­կա­նու­թիւն, հե­ղի­նա­կու­թիւն, վար­չու­թիւն, սե­փա­կա­նա­տի­րու­թիւն, կը կեդ­րո­նա­նա­յին մէկ ան­ձի շուրջ, առանց կա­րե­նալ իւ­րաց­նե­լու ճար­տա­րա­գի­տա­կան նո­րա­րա­րու­թիւն­նե­րը:

Կայ նո­րո­գու­թեան հրա­մա­յա­կա­նը, թէ° տնտե­սա­կան հա­մա­կար­գին, թէ° տպագ­րա­կան հա­մա­կար­գին եւ թէ խմբագ­րա­կան կազ­մին, թէ ալ ըն­թեր­ցո­ղին: Նոր Յա­ռաջ կը յե­նի Յա­ռա­ջին թո­ղած »ժա­ռան­գու­թեան« վրայ: Կը մեկ­նի Յա­ռա­ջի փա­կու­մով ստեղծ­ուած, լքուած լրագ­րա­կան բա­ցէն: Նոր Յա­ռա­ջը նոր է այն­քա­նով որ նոր տնտե­սա­կան հա­մա­կարգ մըն է (սահ­մա­նա­փակ դրա­մագ­լու­խով ըն­կե­րու­թիւն), հա­մա­ցան­ցա­յին ու տպագ­րա­կան ճար­տա­րա­գի­տա­կան նո­րու­թիւն­նե­րը գոր­ծա­ծող հա­մա­կարգ մը, ու­նի խմբագ­րա­կան ծրա­գիր, խմբագ­րա­կան կազմ, որ կո­րի­զը կը կազ­մէ Նոր Յա­ռա­ջին, ուր էա­կան նշա­նա­կու­թիւն ու­նի խմբա­յին աշ­խա­տան­քը: Խմբագ­րու­թեան ան­կա­խու­թիւնը կը հիմն­ուի խմբագ­րա­կան ծրագ­րին վրայ: Խմբա­յին աշ­խա­տան­քը անոր ուժն է, ըն­թեր­ցող­նե­րը՝ անոր զօ­րա­կի­ցը:

Ըն­թեր­ցող­նե­րու նուա­զու­մը իրո­ղու­թիւն մըն է, ան­կաս­կած: Այս­տեղ ալ նո­րո­գու­թեան հրա­մա­յա­կա­նը առ­կայ է: Այս ուղ­ղու­թեամբ հսկա­յա­կան աշ­խա­տանք կայ տար­ուե­լիք: Մի­ջին Արե­ւել­քէն ու Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թե­նէն Ֆրան­սա գաղ­թող­նե­րու նոր հո­սանք­ներ տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին դի­մա­փո­խե­ցին ֆրան­սա­հայ գա­ղու­թը եւ այ­սօր առա­ւել եւս կը շեշտ­ուի հա­յե­րէն լե­զուով լրա­տուու­թեան ու լրագ­րու­թեան անհ­րա­ժեշ­տու­թիւնը:

Հայ­կա­կան հա­ւա­քա­կա­նու­թիւնը յա­րա­փո­փոխ զանգ­ուած մըն է: Աս­կէ քսան տա­րի առաջ ոչ ոք կ’երե­ւա­կա­յէր Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թիւնը, ոչ ոք կ’երե­ւա­կա­յէր զանգ­ուա­ծա­յին գաղ­թը Հա­յաս­տա­նէն, տնտե­սա­կան ու մշա­կու­թա­յին տգնա­ժա­մը:

Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թիւնը քա­ղա­քա­կան, տնտե­սա­կան, ըն­կե­րա­յին ծանր խնդիր­ներ ու­նի դի­մագ­րա­ւե­լիք: Գեր­պե­տու­թիւն­նե­րու հսկա­յա­կան ճնշու­մին են­թա­կայ է: Ան, ներ­կայ հանգր­ուա­նին, պէտք ու­նի Սփիւռ­քի ան­շա­հախն­դիր նե­ցու­կին: Իսկ Սփիւռ­քը պէտք ու­նի իր ան­կախ մա­մու­լին, ինչ­պէս որ Եւ­րո­պա­յի հա­յու­թիւնն ալ պէտք ու­նի իր խօս­քը լսե­լի դարձ­նե­լու ար­դար պա­հան­ջին:

Նոր Յա­ռա­ջը կը սկսի հոն­կէ՝ ուր 30-31 Մա­յի­սի Յա­ռա­ջին մէջ կը վեր­ջա­նայ Ար­փիկ Միսաք­եա­նի Խօսք Հրա­ժեշ­տը.

»Կը մնայ սա­կայն, հե­տեւ­եալ Շա­հան Շահ­նու­րի թե­լադ­րան­քին եւ այս խմբագ­րա­կա­նը վեր­ջաց­նելու լա­ւա­տե­սու­թեամբ: Ար­դա­րեւ, մեր այս որո­շու­մը ու­նի նա­եւ դրա­կան հե­տե­ւանք մը: Առի­թը ստեղ­ծե­ցին, ուր խումբ մը մտա­ւո­րա­կան­ներ հրա­պա­րակ իջ­նեն եւ ծրագ­րեն նոր օրա­թեր­թի մը նա­խա­ձեռ­նու­թիւնը եւ գա­ղութս ի մօ­տոյ օժտ­ուի նոր մա­մու­լով մը, արդ­ի­ա­կան եւ ժա­մա­նա­կա­կից մի­ջոց­նե­րով:

Ու մեր վեր­ջին խօս­քը կ’ըլ­լայ՝ բա­րի° երթ«:

Նոր Յա­ռաջ կը վա­յե­լէ հո­վա­նա­ւո­րու­թիւնը Եւ­րո­պա­յի մէջ հա­յա­տառ մա­մու­լի գո­յու­թեան անհ­րա­ժեշ­տու­թեան գի­տա­կից ան­ձե­րու: Անց­եալ Մա­յի­սին այս տրա­մադ­րու­թեամբ հան­դէս եկան խումբ մը մտա­ւո­րա­կան­ներ: Այ­սօր, լոյս կը տես­նէ Նոր Յա­ռա­ջի անդ­րա­նիկ թիւը: Կ’իրա­կա­նա­նայ հա­յա­տառ մա­մու­լին ի սրտէ հա­ւա­տա­ցող­նե­րու ցան­կու­թիւնը:

Սփիւռ­քի պայ­քա­րը երկմ­շա­կու­թայ­նու­թեան, երկ­լե­զուու­թեան պայ­քարն է: Թեր­թին նպա­տակն է զարկ տալ հայ­կա­կան մշա­կու­թա­յին հա­ւա­քա­կան կեան­քին: Բո­լոր այն նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րը որոնք կը տար­ուին երկ­լե­զուու­թեան, երկմ­շա­կու­թայ­նու­թեան ծի­րէն ներս եւ զարկ կու տան հա­յե­րէ­նի զար­գաց­ման, կը պայ­քա­րին մո­ռա­ցու­մին, ու­րա­ցու­մին, ժխտու­մին դէմ, Նոր Յա­ռա­ջի էջե­րուն մէջ իրենց բնա­կան տե­ղը պի­տի գտնեն, իրենց ար­ձա­գան­գը պի­տի ու­նե­նան:

ՆՈՐ ՅԱ­ՌԱՋ

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

One thought on “ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ «ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ»Ը

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles