Յունիս 19-էն ի վեր, Երեւանի «Ազատութիւն» հրապարակին վրայ, կը կատարուի բողոքի ցոյց եւ հանրահաւաք ի դէմ ելեկտրականութեան սակի բարձրացման: Հետզհետէ կը բարձրանայ ցուցարարներուն թիւը: Իսկ Յունիս 22-էն ի վեր, այս ցոյցին մասնակիցները ժամանած են դէպի «Բաղրամեան» պողոտայ` չենթարկուելով` հասարակական կարգը չխախտելու ոստիկանութեան հրահանգներուն: Ոստիկանութիւնը ջրցան մեքենաներու կիրառմամբ կը փորձէ ցրուել ամբոխը:
Պողոտայի մէջ են նաեւ Ազգային Ժողովի պատգամաւորներ, արուեստագէտներ, մտաւորականներ, որոնք ժամանած են գիշերը ցուցարարներու եւ ոստիկաններու միջեւ կենդանի պատ կազմելու կոչով ու պատրաստակամութեամբ: Ամբողջ գիշեր պողոտայի մէջ եղած են նաեւ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ ներկայացուցիչները` Մայր աթոռի Հայեցակարգային գրասենեակի ղեկավար Բագրատ Եպիսկոպոս Գալստանեանի գլխաւորութեամբ:
«Բաղրամեան» պողոտան փակած ցուցարարները կը մերժեն ոստիկանութեան «Ազատութիւն» հրապարակ տեղափոխուելու առաջարկը, որ կատարեց Հ.Հ. ոստիկանութեան պետի տեղակալ Յունան Պօղոսեանը:
Ոստիկանութեան նախնական տեղեկութիւններով` «Բաղրամեան» պողոտայի մէջ նստացոյցը ցրուելու ընթացքին ոստիկանութեան բաժիններ տարուած են 237 անձեր:
Ոստիկանութիւնը հաւաքի կազմակերպիչներուն կրկին կը յիշեցնէ, որ անոնք անձնական պատասխանատուութիւն կը կրեն հաւաքի մասնակիցներու իրաւունքներու եւ անվտանգութեան ապահովման համար:
Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը յայտարարեց, որ մտահոգ է երէկ առաւօտեան ցուցարարները ցրուելու ընթացքին ոստիկանութեան կողմէ անհամաչափ ուժի կիրարկումով, ինչպէս նաեւ ոստիկանութեան բաժանմունքներուն մէջ տեղի ունեցած բռնութիւններու մասին հաղորդումներով:
«Բացի ատկէ, մեզ կ՛անհանգստացնեն հաղորդումները այն մասին, որ գործողութեան իրականացման ընթացքին յատուկ թիրախ հանդիսացած են լրագրողներն ու անոնց սարքերը: Հրամայական է, որ կառավարութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնսդրութեան ծիրին մէջ ոստիկանութեան կողմէ անհամաչափ ուժի կիրարկման մասին հաղորդումներու ամբողջական եւ թափանցիկ քննութիւն կայացնէ», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:
Նշենք թէ, Հայաստանի Հանրային ծառայութիւնները կարգաւորող յանձնաժողովը Յունիս 17-ին որոշում կայացուցած էր ելեկտրականութեան սակը բարձրացնելու 6,93 դրամով:
Read Time:1 Minute, 12 Second