ՊԱՔՈՒԻ ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ՈՂԻՄՊԻԱԿԱՆ… ԱՐՑԱԽԵԱՆ ԶԻՆԱԴՈՒԼ

0 0
Read Time:1 Minute, 38 Second

khemp

ՀԱՅՐԵՆԻՔ
Խմբագրական
Յունիս 22, 2015

Եթէ Պաքուի մէջ կատարուած Եւրոպայի Ողիմպիական մրցումները ամիսներ շարունակ տեւէր…Արցախեան ռազմաճակատին վրայ նոյնքան ժամանակ զինադուլը տը ֆաքթօ եւ տը ժիւրէ պիտի կիրարկուէր:
Հետաքրքրական է, որ այս մրցումներուն տրուած ազդանշանէն, այսինքն Յունիս 12-էն ի վեր համեմատաբար դադրած են հրացանաձգութիւնն ու ազերի նախայարձակ ուժերու կողմէ կազմակերպուած ոտնձգութիւնները:
ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի նախագահներն ալ կը հաստատեն այս երեւոյթը:
Այդպէս ալ պիտի տեւէ մինչեւ Կիրակի, Յունիս 28, ուր շքեղ ու իւրայատուկ Ալիեւեան ոճով զեղխ հանդիսութեամբ պիտի կատարուի փակման հանդիսութիւնը:
Անշուշտ ազերիին մօտ, գոյութիւն ունի այդ գեր-զգացական ե՛ւ թշնամական վրդովմունք եւ յուզում յառաջացնող գործօնը, եւ Հայաստանի ծածանող եռագոյնի եւ մասնակցող 26 մարզիկներու տողանցքի ժամանակ բնականաբար կատարուեցաւ անխուսափելին՝ անարգանքն ու բողոքի սուլոցներն ու պոռչտուքները:
Հաւանաբար, եթէ հայրենի մարզիկները բացակայէին ու «պոյքոթ»ի ենթարկէին նմանօրինակ մարզական հանդիսութիւն, որ անդրանիկ Երոպական Ողիմպիականն էր եւ պարզապէս նիւթական միտումներով վիճակուած էր Ատրպէյճանին, կրնար ժխտական երեւոյթ ձգած ըլլար Հայաստանի համար:
Հայ մարզիկները ժամանած էին Պաքու, ցոյց տալու համար, թէ մրցումի կարիք չկար յաղթական դուրս գալու: Արդէն իսկ պատերազմէն յաղթական դուրս եկած երկիրն էր որ իր մասնակցութիւնը կը բերէր:
Ճիշտ է որ մարզական աշխարհը ընդհանրապէս հեռու է քաղաքական մութ եւ սադրիչ հաշիւներէ, սակայն անուղղակիօրէն Պաքուի որդեգրած «մարզավայել» կեցուածքին, տեղին էր ակն ընդ ական նմանօրինակ «մարզավայել» դիրքորոշում որդեգրել:
Արդ, արծաթեայ մետալի մը տիրանալը՝ Հայաստանի համար երկրորդական իմաստ ունի:
Անոնք ժամանած էին Պաքու անվախ, թէկուզ քաջատեղեակ ըլլալով որ տարիներ առաջ՝ 2004-ին, Հունգարիոյ մայրաքաղաք Պուտափեշթի մէջ, հեռո՜ւ ռազմաճակատներէն, ՆԱԹՕ-ի մէկ համագումարին, Ռամիլ Սաֆարով անունով «մարզիկ» մը կացինահարած էր Գուրգէն Մարգարեանը: 2012-ին, Պաքու կաշառակելով Հունգարիոյ ղեկավարութիւնը, կրցած էր ազատ արձակել այդ «մարզիկ»ը, եւ դեռ աւելին, նախագահ Ալիեւ ոչ թէ միայն իբրեւ հերոս ընդունած էր զայն, այլ պատուած՝ նիւթական օժանդակութեամբ, պաշտօնի բարձրացումով, յարկաբաժինով մը եւ անշուշտ …մետալով մը:
Հայրենի մարզիկները Պաքուի Ողիմպիականին մասնակցեցան ի յիշատակ Գուրգէն Մարգարեանին եւ Արցախի ազատագրութեան համար զոհուած բոլոր հերոսներուն:
Միշտ ալ մնալով մարզական բնագաւառէն ներս եւ պահելով մարզական ոգին, յաղթական երկիր՝ Հայաստանը մասնակցեցաւ պարտեալ երկրի կազմակերպած Ողիմպիականին:
Հայաստանի ներկայութիւնն իսկ «մետալ» մըն էր:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles