ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ.-  ԿՈՄԻՏԱՍ ՎԱՐԴԱՊԵՏ՝ ՀԱՅ ԱԶԳԱՅԻՆ-ԴԱՍԱԿԱՆ ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԵԱՆ ՀԻՄՆԱԴԻՐԸ .- Բ. ՄԱՍ

0 0
Read Time:2 Minute, 9 Second

p15 gom

ԱՐՍԷՆ ՍԱՅԵԱՆ

Շարունակելով մեր ակնարկը Կոմիտաս Վարդապետի կեանքին ու գործունէութեան մասին, կը նկատենք որ Կոմիտաս 1890 թուականի Յունիսի 8-ին, կը ձեռնադրուի սարկաւագ, իսկ 1895ին, աւարտելով Գէորգեան Ճեմարանը, Սեպտեմբեր 1ին, աբեղայութեան ուխտ կ՝ընէ եւ Խրիմեան Հայրիկի առաջարկով կը կոչուի Կոմիտաս։ Նոյն տարին Գէորգեան Ճեմարանի երաժշտութեան ուսուցիչ կը կարգուի եւ լման երկու տարի մեծ ձեռնհասութեամբ կը տանի իր պաշտօնը, կազմելով երգչախումբ եւ նուագախումբ։

Կոմիտաս բարձունքներու տենչացող միտք, կը զգայ թէ իր ունեցած պաշարը  շատ անբաւարար է առաջադրած աշխատանքները գլուխ հանելու համար։ Այդ իսկ պատճառով կը մեկնի Թիֆլիս, ուր կը ծանօթանայ երաժշտագէտ Մակար Եկմալեանին, որ սիրով յանձն կ՝առնէ իրեն դաշնաւորումի դասեր տալ։ Ստացած ուսումը զինք դարձեալ չի գոհացներ։ Անիկա կը ձգտի բարձրագոյն եւ կատարեալ ուսման։ Եւ օր մըն ալ կ՝իրականանայ իր երազը։

1896ի Մայիսին, Խրիմեան Հայրիկ, Մանթաշեանի ծախսով զինք կը ղրկէ Գերմանիա։ Կոմիտաս կը ներկայանայ Պերլինի Արքայական երաժշտանոցի տեսուչ Ժոզէֆ Երախիմին որ տեսնելով իր արտակարգ ընդունակութիւնները՝ կը թելադրէ հետեւելու ականաւոր երաժշտագէտ Ռիխարտ Շմիտի մասնաւոր երաժշտանոցի դասընթացքներուն։ Կոմիտաս Շմիտի շունչին տակ, քիչ ատենէն կþարձանագրէ հսկայաքայլ յառաջդիմութիւն։ Երաժշտանոցի դասերուն զուգահեռ, կը հետեւի նաեւ Պերլինի համալսարանի երաժշտագիտական եւ փիլիսոփայական դասընթացքներուն։

Էջմիածնէն սակայն, զինք կը նեղեն որ շուտով վերադառնայ։ Կոմիտաս վատթարագոյն զրկանքներու գնով, կը յամառի իր ուսումը ամբողջացնել, հակառակ իրեն հանդէպ ցոյց տրուած անբարիացակամ ընթացքին։ Տեղ մը, Էջմիածին գրած իր նամակներէն մէկուն մէջ դառնութեամբ կþըսէ.- «Այս բոլորը շատ լաւ, բայց ես նեղւում են ապրուստի կողմից, յաճախ տկարանում եմ, սնունդս ոչինչ է, զբաղմունքներս շատ, մաշուել ու կմախք եմ դարձել, շատ անգամ սնունդս եմ կտրում որ ուսմանս փող հասցնեմ»։

Ի վերջոյ, 1899ի Յունիսին, փայլուն յաջողութեամբ կ՝աւարտէ երաժշտանոցը։ Վերադառնալէ առաջ, երաժշտագէտներու հոյլին առջեւ կը կատարէ երկու խնամուած դասախօսութիւններ, հայ ժողովրդական եւ եկեղեցական երաժշտութեան մասին, որոնք մեծ տպաւորութիւն կը ձգեն ունկընդիրներուն վրայ։ Այս առթիւ կ՝ընտրուի «Միջազգային Երաժշտութեան Անդամ», որուն միայն արժանաւորներ կրնային անդամակցիլ։ Կոմիտաս Վարդապետի այս դասախօսութիւնները Պերլինի մէջ, ականաւոր երաժշտագէտներու, տեսաբաններու եւ քննադատներու ներկայութեան, առիթ կ՝ընծայեն իրենց շահեկանութեամբ, որ Պերլինի համալսարանի երաժշտութեան փրոֆեսոր Օսքար Ֆլայշէր, հետեւեալ կերպով արտայայտուի մամուլի մէջ «1899 թուականին Պերլինի միջազգային երաժշտական ընկերութեան սրահին մէջ, Կոմիտաս վարդապետի կատարած դասախօսութիւնը՝ հայ հոգեւոր եւ ժողովրդական երաժշտութեան մասին, պիտի մնայ անմոռանալի։ Առաջին անգամ է որ Պերլինի մէջ այսպիսի դասախօսութիւն մը կը կարդացուի, եւ գուցէ, մինչեւ այժմ, Փարիզի համաժողովներուն անգամ նման դասախօսութիւն չէ կարդացուած»։

1899ին ուրեմն, կը վերադառնայ Էջմիածին եւ կը նշանակուի Գէորգեան ճեմարանի երաժշտութեան դասախօս։ Կը կազմէ երգեցիկ խումբ եւ նուագախումբ։ Իր առջեւ այլեւս կը բացուի գործունէութեան հսկայ դաշտ մը։ Կը նետուի դարձեալ Հայաստանի գաւառները եւ մեծ խնամքով կը հաւաքէ ինչ որ կþիմանայ հայ գեղջուկին բերնէն, աշխատանքի, հարսանեկան, ուրախութեան թէ վշտի երգեր ու պարեղանակներ։ Գրի կ՝առնէ նմանապէս քրտական, վրացական եւ պարսկական ժողովրդական երգեր։ Յետագային զանոնք բաղդատելով հայկականին հետ, պիտի փաստէ հայ երաժշտութեան ինքնուրոյնութիւնը։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

One thought on “ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ.-  ԿՈՄԻՏԱՍ ՎԱՐԴԱՊԵՏ՝ ՀԱՅ ԱԶԳԱՅԻՆ-ԴԱՍԱԿԱՆ ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԵԱՆ ՀԻՄՆԱԴԻՐԸ .- Բ. ՄԱՍ

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles