Մտորումներ Մայիսի 28-ի Տօնակատարութեան Առթիւ.- ԴԱՍ ՄԸ ՈՐ ՏԵՂԻՆ Է ԿՐԿՆԵԼ

0 0
Read Time:4 Minute, 42 Second

ak

Անդրանիկ Գասպարեան

Ծ.Խ.- Թարգմանաբար լոյս ընծայուած այս գրութիւնը հիմնուած է հեղինակին՝ Անդրանիկ Գասպարեանի բանախօսութեան վրայ, որ տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի Մայիս 28, 2015-ին, Ուաթըրթաունի (Մասաչուսէց) Հայ Կեդրոնին մէջ, Ներկայութեամբ եւ բարձր հովանաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս՝ Նորին Սրբութիւն Արամ Ա.-ին:

Նախքան սկսիլս, կ՛ուզում յայտնել թէ պատիւ կը զգամ բեմահարթակը կիսելու Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա.-ի հետ: Վեհափառ մը, որ իր խօսքերով եւ գործերով արդէն իսկ, մեր մէջ բարձր պահած է արժանապատւութիւնը, հպարտութիւնը, ներշնչումն ու զգացումը յատկապէս ազգային պատասխանատւութիւնը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի տարուան ընթացքին:
Ձերդ Սրբութիւն, Ձեր արձանագրած ձեռքբերումները շատ են, բայց թոյլ տուէք որ նշեմ գէթ երկուքը, որոնք յատկապէս ակնառու են մեր այսoրուայ ներկաներուն համար:
Առաջին՝ Կը ներկայացնէք Հայ եկեղեցին, իբրեւ թէ՛ հոգեւոր եւ թէ՛ ազգային տուն: Վայր մը, ուր հայորդին կ՛ապրի եւ կը շնչէ եւ անվախօրէն կը պայքարի ի խնդիր ժամանակակից հարցերու լուծման:
Երկրորդ՝ Առաջատար դեր կը կատարէք Հայ Դատի բնագաւառէն ներս, ոչ թէ միայն յիշելով, ոգեկոչելով, քարոզելով, այլ նաեւ բեղուն աշխատանք տանելով, պահանջատիրական եւ արդարադիտական անդաստաններէ ներս:
Ասոր ցայտուն օրինակը վերջերս, Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանին մօտ բացուած դատն է, ուր կը պահանջուի Սիսի պատմական կաթողիկոսարանի վերադարձը, աւելի քան դար մը բռնագրաւուելէ ետք:
Մենք խորապէս շնորհակալ ենք Ձեզ, եւ կը մաղթենք որ պիտի շարունակէք նմանօրինակ հարցերու առնչութեամբ գործել եւ պայքարիլ:
Նաեւ կ՛ուզեմ յայտնել թէ այսօր մեր մէջ ներկայ է այլ վաստակաւոր անձնաւորութիւն մը, յանձին մարդկային իրաւունքների պաշտպան՝ Պարոն Ճոն Էվընզի, որ իր պաշտօնավարման ընթացքին, որպէս Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան, յայտնեց ճշմարտութիւնը բացայայտօրէն ճանաչելով Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Այս համարձակ եւ յանդուգն դիրքորոշումը աննախադէպ էր, որուն համար ան սուղ վճարեց կորսնցնելով իր պաշտօնն ու գործօն մասնակցութիւնը իր մասնագիտութեան բնագաւառէն ներս: Դեսպան Էվընզը, մեզ կը ներշնչէ մեծ հպարտութիւն: Ան մէկդի դնելով անձնական շահերն ու ստեղծուած յարմարութիւնները, յաչս արդարութեան եւ ճշմարտութեան պայքարեցաւ: Կ՝ողջունենք զայն:
Այժմ անդրադառնալով այս օրուան հաւաքին մասին, շատ բան կարելի է յայտնել Մայիս 28-ի 97-ամեակին առթիւ: Բոլորս ալ գիտենք թէ, այսօր Հայաստանի Ա. Անկախութեան օրը, առաջին գերիշխան Հայկական Պետութեան օրն է, հինգ դարաշրջաններէ ի վեր եւ պետութիւն մը՝ որ հիմքն է ներկայ Հայաստանի Հանրապետութեան:Մայիս 28, 1918-ը նաեւ կը նշէ հերոսական ինքնապաշտպանութեան գերագոյն պայքարը, «Մահ կամ Ազատութիւն» իսկական իմաստով եւ պայքար մը որ ահազանգի ենթարկեց ամբողջ ազգ մը: Փորձառու սպաներ, անփորձ գիւղացիներ, Ցեղասպանութեան վերապրողներ, տեղահանուածներ եւ այլք որոնք ոչ մէկ բան ունէին կորսնցնելիք գործի լծուած էին: Եղելութիւնը ցոյց կու տայ, թէ երբ Ռուսաստանի ուժերը քաշուեցան Փոքր Ասիայէն, ստեղծուած պարապութիւնը հայրենի բազմութիւններն էին, որոնք կրցան փոխարինել եւ կատաղի պայքար մղելով Օսմանական ուժերուն դէմ, Սարդարապատի, Ղարաքիլիսէի եւ Բաշ-Ապարանի ճակատամարտերուն, մինչեւ զինադադար՝ Թուրքիոյ եւ Դաշնակից ուժերու միջեւ:
Այս առթիւ շատ բան կայ յայտնելիք: Առաջին հերթին, պէտք է գնահատել, եւ ոչ թէ պարզապէս տօնել ու նշել այս Առաջին Հանրապետութեան օրը: Անկախութեան ճանապարհը կը նշուի հերոսութեամբ, կորուստներով եւ պայքարի բերկրանքով: Ասոր կողքին, նշելի են դժուար տարիները: Դաժան եւ դժուար պայմաններու տակ գործեց կառավարութիւնը, նաեւ ներքին եւ արտաքին քաղաքական ոլորտներէն ներս գտնուեցաւ անել դրութեան առջեւ: Ա.Մ.Ն.-ի նախագահ Ուտրօ Ուիլսընի որոշումներուն ընդմէջէն ստեղծուած ակնկալութիւններն ու ապա շրջանէն ներս ամերիկեան քաղաքականութեան ձախողութիւնները, Քեմալական ուժերու եւ Կարմիր բանակի արշաւաանքները պատճառ դարձան որ միայն քանի մը տարուայ կեանք ունենայ Ա. Հանրապետութիւնը: Եւ դեռ աւելի, պէտք է ուսումնասիրել եւ զուգահեռներ ու համեմատութիւններ կատարել, բաղդատելով ներկայ Հայաստանի Հանրապետութեան դիմագրաւած իրավիճակին:
Հոս տեղին է հարցադրել թէ.- «Ինչո՞ւ տարիներ ետք, կը շարունակենք տօնել Մայիս 28-ը»: Շատեր անվարանօրէն կը շեշտեն թէ այժմ ունինք մեր նոր անկախութեան օրը՝ Սեպտեմբեր 21-ը, որ պէտք է փոխարինէ անցեալինը:
Այլ մարդիկ, աւելի «Դաշնակցականներու» Անկախութեան օր նկատի ունենալով, կ՛ուզեն ծածկել այս սխրանքը, որ անշուշտ բոլոր հայութեան կողմէ կերտուած էր, իբրեւ ազգային պարտականութիւն:
Իմ կարծիքով, վերոյիշեալ ոչ մէկ մատնանշուած կէտերը բաւարար են մոռնալու Մայիս 28-ի ուժը: Հետեւաբար, պէտք է որ նկատի ունեանք Ա. Հանրապետութեան ստեղծած ակնածանքը, խորհուրդը, յոյսն ու իտէալը, որ հակառակ իր հարցերով եւ դժուարութիւններուն՝ կը մնայ օրինակելի եւ ներշնչող:
Սկսելու համար, պէտք է նշել թէ Ա.Հանրապետութեան ղեկավարները տիտաններ էին, պատրաստուած նախորդող պայքարի տարիներուն: Անոնք եթէ դերացած էին վարչագիտական եւ դիւանագիտական բնագաւառէն ներս, սակայն շատ մօտ էին ժողովուրդին եւ իրենց յեղափոխական եռանդով եւ իւրայատուկ գործելաձեւով, շատ աւելի կու տային քան թէ կ՛առնէին:
Երբ մենք նկատի ունենանք Սիմոն Վրացեանի, Արմէն Գարոյի, Դրոյի, Արամ Մանուկեանի, Լեւոն Շանթի, Ռուբէն Տէր-Մինասեանը եւ այլոց կեանքը, կը նկատենք թէ անոնք կը տարբերին ժամանակակից քաղաքական գործիչներէն:
Հանրային ծառայութիւնը, իրենց համար միջոց չէր, այլ սուրբ առաքելութիւն: Արդեօք կրնա՞ք պատկերացնել, այդ մարդիկը կաշառք կը կատարեն, ապաստան կը փնտռեն պատգամաւորական անձեռնմխելիութեան ետին, կամ կ՛օգտագործեն իրենց ազդեցութիւնը անձնական հաշիւներու համար:
Մինչ այդ, այդ օրերու հանրապետութեան հարցերը շատ էին՝ սով, համաճարակ, գաղթականութիւն, սահմանային վէճեր դրացիներ՝ Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի հետ, ինչպէս նաեւ ներքին խռովութիւններ: Հակառակ այս բոլորին, այդ օրերու ղեկավարութիւնը կրցաւ ժամանակ եւ կարելիութիւն ստեղծել, եւ գործակցեցաւ հանդուրժողականութեամբ եւ յարգանքով:
Կանայք մուտք գործած էին խորհրդարանէն եւ դիւանագիտական բնագաւառէն ներս: Իրօք, անկասկած կանանց տրուած ձայնի իրաւունքը կիրարկուած է, նախքան Միացեալ նահանգներու եւ Արեւմտեան Աշխարհի մէջ կիրակուիլը:
Խորհրդարանը նաեւ կ՛ընդգրկէր փոքրամասնութիւններու ձայն, մեծամասնութիւն կազմող Հ.Յ.Դաշնակցութեան կողքին եւ ոչ միայն սոցիալ-դեմոկրատներ եւ այլ հայկական խմբակցութիւններ, փոքրամասնութիւններ, որոնց կարգին քիւրտեր եւ եզիտիներ:
Նաեւ, կառավարութիւն մըն էր, որ կը պայքարէր ուժերու բաժանման համար եւ զեղծարարութեան դէմ, ապահովելով քաղաքացիական ազատութիւն, փարատելով նորելուկ հանրապետութեան մտահոգութիւնները:

Բայց անոնք պետութիւն ստեղծած յեղափոխականներ չէին միայն: Անոնք իսկապէս կը հաւատային քաղաքացի ըլլալու հանգամանքին: Անկախութիւնը լուծում չէր, այլ միջոց՝ կերտելու ազգային անվտանգութիւն, պաշտպանութիւն եւ մարդակյին իրաւունքներու պաշտպանութիւն:
Ես կը տեղեկացնեմ այս ամէնը, ոչ թէ արդարացնելու անցեալը: Ի հարկէ, Առաջին հանրապետութեան ղեկավարները կատարած են սխալներ: Պետք է հարցադրումի տակ առնել իրենց մարտավարութիւնն ու առած որոշումները, բայց ո՛չ պատճառաբանութիւնը:
Այսօր, երբ Հայաստանը կանգնած է հսկայական մարտահրաւէրներու առջեւ, այս ղեկավարներու ստեղծած բարոյականին եւ ցոլքին ընդմէջէն, աւելի կարելի է յառաջանալ: Յատկապէս,անոնք կը յիշեցնեն թէ, անհրաժեշտ է ամբողջ ժողովուրդի ճամբով գործել, կառչած արմատներուն, եւ ոչ թէ միայն ընտրանիով, այլ բոլորն ալ, առանց բացառութեան: Դաս մը որ, կարծեմ տեղին է կրկնել:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles