ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԳԱՐԱՏՕԼԵԱՆ
Տարիներու շարունակական հետեւողութեամբ, այս տարի եւս, Ֆարմինկթըն քաղաքի մէջ գտնուող Ողջակիզման թանգարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ շահեկան դասախօսութիւն մը՝ նախաձեռնութեամբ եւ կազմակերպութեամբ Տիրպորն քաղաքի մէջ գտնուող Միշիկըն Համալսարանի մասնաճիւղի Հայագիտական Հետազօտութեան Կեդրոնի, եւ Ողջակիզման թանգարանին:
Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերող դասախօսութիւնը ներկայացուց Խաչիկ Մուրատեան, իսկ հրեայ ժողովուրդի Ողջակիզման մասին դասախօսեց Նորթուէսթըրն դասախօս Դոկտ. Փիթըր Հէյզ: Ներկայ էին Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ եւ Սուրբ Սարգիս Հայաստանեայց Առաքելական, ինչպէս նաեւ Հայ Աւետարանական եկեղեցիններու հոգեւոր հայրեր պատուակալ հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տէր. Տիրան Աւգ. Քհնյ.Փափազեան, Արժպ. Տէր. Հրանդ Քհնյ. Գէորգեան, եւ Պատուելի Շանթ Պարսումեան, ինչպէս նաեւ շուրջ երեք հարիւրէ աւելի հայ եւ հրեայ հասարակութիւն մը:
ՕրուաՆ հանդիսավարն էր Ողջակիզումի Թանգարանի տնօրէն, Պրն. Սթիւըն Կոլտմըն: Ան իր բարի գալուստի խօսքէն ետք, հակիրճ կերպով անդրադարձաւ 20-րդ դարու սկզբնաւորութեան հայ եւ հրեայ ժողովուրդին դէմ ի գործ դրուած ցեղասպանութիւններուն: Ապա, ան բեմ հրաւիրեց Միշիկընի համալսարանի Տիրպորն քաղաքի մասնաճիւղի Հայագիտութեան Հետազօտութեան Կեդրոնի վարիչ Դոկտ. Արա Սանճեանը, որ իր կարգին բարի գալուստ մաղթեց:
Խաչիկ Մուրատեան յատուկ պաստառի վրայ, սահիկներով ցոյց տուաւ Ապրիլ 1915-ին, Արեւմտեան Հայաստանի ու Կիլիկիոյ շրջաններէն զանգուածային տեղահանութեան ու աքսորը դէպի Հալէպ եւ ապա՝ Տէր Զօր ճանապարհը: Հէյզի դասախօսութեան նիւթն էր հրեայ ժողովուրդի ողջակիզման ժամանակ գերմանական ճարտարարուեստական ընկերութիւններու կողմէ ստրկական աշխատանքով շահագործուած բանուորներու ճակատագիրը:
Դասախօսական երեկոյի աւարտին, ներկայ հասարակութեան կողմէ եղան հարցումներ, որոնց պատասխանեցին Մուրատեան եւ Հէյզ: