ԹՈՒՐՔԻԱ.- ՅՈՒՆԻՍ 7-Ի ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ….ՀԱՅ ԹԵԿՆԱԾՈՒՆԵՐՈՒ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ

0 0
Read Time:6 Minute, 15 Second

p7 election-jpg20150406160809

ԱՆԻ ՀԱՐՈՅԵԱՆ

Կիրակի, Յունիս 7-ին, Թուրքիոյ 85 ընտրաշրջանները պիտի ընտրեն իրենց 25-րդ Բարձրագոյն Ազգային Ժողովը։ Ստորեւ, այս առթիւ թարգմանաբար լոյս կ՛ընծայենք Անի Հարոյեանի (Փրովիտենս) այս հետաքրքրական պատրաստութիւնը.-

 

ՆՈՐ ՍԱՀՄԱՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

 

550 հոգինոց Խորհրդարանի ընտրութեան կողքին նաեւ փոփոխութեան ենթակայ պիտի ըլլայ  Թուրքիոյ Սահմանադրութիւնը։

Նախնական արդիւնքները կը վկայեն թէ իշխող Արդարութիւն եւ Զարգացում կուսակցութիւնը (Adalet ve Kalkinma Party, AKP) պիտի շահի մեծամասնութեան քուէն, այսպիսով առիթ տալով կուսակցութեան ներկայացնելու սահմանադրական ՛՛բարեփոխումները՛՛ որուն մասին հրապարակաւ արտայայտած է կուսակցապետ եւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան նախագահ՝ Ռէճէպ Թայիպ Էրտողան։

Այս ,բարեփոխոխուած Սահմանադրութիւնըե Թուրքիոյ իշխանութիւնը պիտի դարձնէ Նախագահական համակարգի վերջ դնելով իր ,Խորհրդարանական Հանրապետութեանե, այսինքն ուժերը կեդրոնացնելով երկրի նախագահի շուրջ։p7

Այսպիսով նախագահը հրանաւորութիւնը պիտի ունենայ բարձրագոյն դատարանին մէջ նշանակելու դատախազներ ինչպէս նաեւ ղեկավարել Ազգային Ապահովական Խորհուրդը։ Կառավարութիւն կազմելու համար, կուսակցութիւնը պէտք է խորհրդարանի մէջ ապահովէ 276 աթոռ իսկ առանց հանրաքուէի սահմանադրական փոփոխութեան առաջարկ կատարելու իրաւունք ունենալու համար պէտք է ապահովել 367 աթոռ։ Օգոստոս 2014-ին Թուրքիոյ մէջ առաջին անգամ ըլլալով տեղի ունեցան նախագահական ընտրութիւններ եւ այդ օրերու Վարչապետ Էրտողան հանդիսացաւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան պատմութեան մէջ առաջին ժողովուրդի կողմէ ընտրուած նախագահը, ապահովելով ժողովուրդի 51.8 առ հարիւրը։

Ընտրութեան ժամանակ եւ անկէ ետքն ալ, Էրտողան բաւական լուրջ աշխատանք տառաւ որպէսզի կառավարութիւնը գործէ նախագահական հսկողութեան տակ։ Կառավարութեան ծրագրի յաջողութեան պարագային քննադատները կը վախնան թէ տեղի պիտի ունենան ժողովրդավարական առաւել նուազում։

Նախագահի ուժի հզօրացումը պիտի առաջնորդէ մենատիրութեան վարչակարգի նման կացութեան մը, եւ մարդկային իրաւանց պաշտպաններ կը վկայեն թէ այդպիսի կացութիւնը արդէն իսկ ներկայիս կը տիրէ։

Նախագահական համակարգը կրնայ աւելի մեծ ճնշում բանեցնել ազատ խօսքի վրայ, բանտարկում ընդիմադիր ձայներու եւ կանանց ստիպել որ լաչակ կրեն։ Իսկ գալով ներկայ օրէնքին որ կը քրէականացնէ ,նախագահի վիրաւորանքըե որ հիմքը դարձաւ 16 տարեկան երիտասարդի մը բանտարկութեան, Նախագահական համակարգի տակ  շատ աւելի  յաճախակի ձեւով կրնայ ըլլալ օգտագործուի։

 

ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄ

ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՄԱՐՏԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

p7 fff

Վերջին շրջանին նախագահ Էրտողան Թուրքիոյ տարբեր շրջանները այցելեց եւ ելոյթներ ունեցաւ ուր ժողովուրդին կոչ ուղղեց որ նեցուկ կանգնին նախագահական նոր համակարգին եւ  փորձեց իրենց քուէն ապահովել որպէսզի իրականացնէ իր սահմանադրութեան փոփոխութեան երազը։ Ան նոյնիսկ Գերմանիա այցելեց, ուր հազարաւոր Թուրքեր կը բնակին։ Էրտողան՝ իր Գերմանիոյ ելոյթին մէջ արտայայտուեցաւ Ալաուի համայնքին դէմ եւ մասնաւորապէս Ալաուի թեկնածու Թուրկիւթ Օքէրին որ ներկայացած է Քրտամէտ (HDP) կուսակցութեան կողմէ։

Շատեր կը հաւատան, որ Էրտողանի ստեղծած Սիւնի-Ալէվի հակասութիւնը պիտի չնպաստէ իր ընտրապայքարի յաջողութեան։

Վերջերս HDP կուսակցութիւնը նախագահ Էրտողանի դէմ բողոք ներկայացուցած էր խնդրելով որ սահմանադրական դատարանը նախագահ Էրտողանին արգիլէ ընտրութեան մասնակցիլ։ Անշուշտ դատարանը միաձայնութեամբ մերժեց այս բողոքը փաստելով որ ան արդար չէ եւ առարկայական հիմք չունի։ Թուրքիոյ սահմանադրութիւնը կը պահանջէ որ ընտրութեան ժամանակ նախագահ մը մնայ չէզոք եւ մասնակից չդառնայ ընտրապայքարին որպէսզի իշխող կուսակցութեան ի նպաստ չþըլլայ այս բոլորը։

 

ԱՊՏԻՒԼԱՀ ԿԻՒԼԻ ԲԱՑԱԿԱՅՈՒԹԻՒՆԸ

 

Թուրքիոյ նախքին նախագահ՝ եւ Արդարութիւն եւ Զարգացում կուսակցութեան գլխաւոր հիմնադիրներէն՝ Ապտիւլահ Կիւլ այս ընտրութիւններէն պիտի բացակայի։ Ան ճանչցուած է իբր չափաւոր իր արտայայտութիւններուն մէջ ինչպէս նաեւ ժողովուրդի միասնականութիւնը ապահովող եւ ժողովրդականութիւն վայելող քաղաքագէտ մը։

Նախագահ Էրտողանի քննադատութեան առարկայ նաեւ դարձաւ Ապտիւլահ Կիւլը։ Էրտողան Կիւլին մեղադրեց Ֆութպոլային դիւանագիտութեան միջոցաւ հայերուն յաղթանակի հանգամանքի հասցնելու մեծ սխալովե։

Կիւլ մեղադրուեցաւ նաեւ 2013-ին Ֆէթհուլա Կիւլէնի հետ տեսակցութիւն ունենալու յանձանքով, բան մը որ ան ցայսօր կը մերժէ։ ,Ֆէթհոլա Խոճաե ծածկանուն կրող Կիւլէնը կրօնաւոր մըն է, որ համաշխարհային ,Կիւլէն Շարժումըե ստեղծած է։ Ան անցեալին Էրտողանի քաղաքական մտերիմ գործընկերն էր եւ մեծ դեր ունեցած է ներկայ կառավարութեան ստեղծման։

Ան ներկայիս աքսորուած է եւ կը բնակի Փենսիլվանիա նահանգ։ Հարկ է նշել նաեւ, թէ 2013-ին ներկայ արտաքին գործոց նախարար՝ Ահմէտ Տաւութողլուն ալ մեղադրուած էր նոյն յանձանքով։

Կիւլէն 74 տարեկան է եւ կը գտնուի վատառողջ վիճակի մէջ: Ան գալիք ընտրութիւններուն ոչ մէկ ձեւով պիտի մասնակից դառնայ։

Թուրքիոյ բարձրագոյն դատարանը ձերբակալման հրամանագիր հրապարակած է Կիւլէնի դէմ եւ Միացեալ Նահանգներէն խնդրած է որ զինքը յանձնեն որպէսզի Թուրքիոյ մէջ ինք դատուի եւ  բանտարկուի։

Ընտրութեան մասնակցութիւն պիտի բերեն մօտ քսան քաղաքական կուսակցութիւններ։ Իշխող կուսակցութիւնը տաս առ հարիւրի օրէնքը ներկայացուցած է, որ կը պահանջէ իւրաքանչիւր կուսակցութիւններէն տաս առ հարիւրի ժողովուրդի քուէին որպէսզի խորհարդարանին մէջ մուտք գործեն։ Շրջանի մը մէջ ուր կուսակցութիւն մը տաս առ հարիւրէն պակաս քուէ կ`ապահովէ, ըստ օրէնքին քուէները ինքնաբերաբար կը փոխանձէ շրջանի յաղթող կուակցութեան։ Անցեալին ընդդիմադիր Հանրապետական Ժողովրդավար Կուսակցութեան (CHP)  կուսակցութիւնը փորձեց դէմ կենալ օրէնքին սակայն չյաջողեցաւ։

 

ՔՈՒԷԱՐԿԵԼՈՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔ ՈՒՆԵՑՈՂՆԵՐՈՒ ՑԱՆԿԻ ՀԱՄԱԿԱՐԳԸ ԵՒ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ԹԵԿՆԱԾՈՒՆԵՐԸ

 

Ի տարբերութիւն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն, ուր նահանգի մը բնակչութեան հիման վրայ կը նշանակուին ներկայացուցիչներ, Թուրքիան կ`օգտագործէ ,Քուէարկելու իրաւունք ունեցողներու ցանկի համակարգըե։ Այս համակարգը ենթակայական է եւ յաճախ կ`օգտագործուի փոքրամասնութիւններուն քուէները ճնշելու նպատակով։

Վան, որ կը համարուի Քրտական HDP կուսակցութեան կեդրոնը, ընտրուելիք երեսփոխաններու թիւը հիմնուած է վեց հարիւր հազար քուէարկելու իրաւունք ունեցող մարդկանց վրայ: Վանի բնակչութիւնը մէկ միլիոնէ աւելի է։ Շատ մը երկիրներու մէջ ուր ժողովրդավար ընտրութիւններ տեղի կ`ունենան թեկնածուները կուսակցութեան շարքերէն կը ներկայանան, անոնք ներքին կուսակցական ժողովէ մը ետք ընտրութեան մը ընդմէջէն կ`ընտրուին։ Թուրքիոյ պարագային կարգ մը բարձրաստիճան կուսակցական դէմքեր են որ կը ճշդեն թեկնածուները։ Այդ է պատճառը որ AKP կուսակցութեան թեկնածուներու ցանկը կը նմանի Էրտողանի ընտանեկան մէկ պսակի մը հրաւիրեալներու ցանկին։ Պերաթ Ալպայրաք՝ Նախագահ Էրտողանի փեսան, Մուճահիտ Արսլան՝ Էրտողանի մտերիմ գործակիցներէն, Այտին Ունալ՝ Էրտողանի նախկին ճառագրողը, Ալի Օզքայա՝ Էրտողանի իրաւաբանը, Եալճին Աքտողան՝ Փոխ Վարչապետը եւ շատ ուրիշներ։

Բազմաթիւ երկիրներու ընտրութիւններու նման, այս ընտրութիւններն անպակաս պիտի ըլլան տարբեր տեսակի զեղծարարութիւններով եւ կեղծիքներով։ Սակայն Թուրքիոյ պարագային կան նաեւ ընդդիմադիր կուսակցութիւններու գրասենեակներու, կուսակցապետերու գրասենեակներու ինչպէս նաեւ անոնց բնակարաններու վրայ յարձակումներ։ Ցայտուն օրինակ մըն էր Տիգրանակերտի մէջ, HDP կուսակցութեան համանախագահ՝ Սալահէտտին Տէմիրթաշի բնակարանի վրայ յարձակումը, Մայիս12-ին։ Իշխանութիւնները պատճառաբանեցին թէ, պատահածը սխալմամբ կատարուած խուզարկութեան մը արդիւնքն էր։

 

ՅԱՐՁԱԿՈՒՄ HDP-Ի ՎՐԱՅ

Today’s Zaman թերթը կը հաղորդէ, որ Մայիս 18-ին երկու անջատ պայթումներ տեղի ունեցած են Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութիւն (HDP) կուսակցութեան կեդրոնատեղիի եւ ղեկավարութեան վրայ։ Առաջինը Ատանայի մէջ ուր վեց հոգի վիրաւորուած են, երբ տուփի մը մէջ զետեղուած ռումբ մը ուղղուած է կուսակցութեան գրասենեակ եւ պայթած։ Երկրորդ պայթումը՝ Յունիս 7-ին Մէրսինի մէջ, թիրախ ունենալով HDP կուսակցութեան համանախագահ՝ Սալահէտտին Տէմիրթաշը, որ ելոյթ պիտի ունենար։ Ռումբը զետեղուած էր փունջ մը ծաղիկի մէջ եւ …ղրկուած՝ նոյնպէս կուսակցութեան գրասենեակ։p7 HDP CCs

TURKEY-HDP

ՀԱՅԱԶԳԻ ԹԵԿՆԱԾՈՒՆԵՐ

 

Յատկանշական է ընտրութիւններուն հայազգի թեկնածուներու մասնակցութիւնը։ Վերջին հայազգի երեսփոխանը ընտրուեցաւ 1961-ին եւ ծառայեց մինչեւ 1964։ Հայերու կողքին կան նաեւ Եզիտի, Րօմական, Ասորի եւ Յոյն թեկնածուներ։ Անակնկալ չէ որ Քրտամէտ HDP կուսակցութիւնը ունի երեք հայազգի թեկնածուներ։ Մուրատ Միհճի, Ֆիլոր Ուլուք, Տիրէն Ճէահիր Շէն, Կարապետ Փայլան։ Նոյնիսկ իշխող AKP կուսակցութիւնը կը ներկայանայ մէկ հայազգի թեկնածուով մը, յանձին թղթակից Մարգար Եսայեանի։ Սակայն անակնկալ կը պատճառէ հայազգի Սէլինա Օսուզուն Տողանի ներկայանալը Հանրապետական Ժողովրդավար Կուսակցութեան (CHP) ցանկէն։ CHP-ն ծանօթ է իր ծայրայեղ պահպանողական գաղափարախօսութեամբ, կուսակցութիւնը հիմնուած է Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադիր՝ Մուսթաֆա Քէմալի (Աթաթուրք) կողմէ եւ կը հաւատայ թէ ան պաշտպանն է Քէմալի ստեղծած գաղափարախօսութեան՝ Քէմալիզմին։

Այսօր կուսակցութիւնը աջակողմեան ազգայնամոլներու եւ ազատական բարեկարգողներու  միջեւ ներքին պայքարներու մէջ է։ Կ`ըսուի թէ կուսակցապետ՝ Քէմալ Քըլըճտարողլուն անձամբ ընտրեց հայազգի կին թեկնածու՝ Օսուզուն Տողանը փոխան Կէօքսէլ Կիւլպէյի, որը կը ղեկավարէ հակահայ կազմակերպութիւն մը նպատակ ունենալով ինչպէս ինք կը հաստատէ.- ,Պայքարիլ Հայկական սուտերուն դէմե, ակնարկելով անշուշտ Հայոց Ցեղասպանութեան եւ այս մէկը դարձնելով իր կեանքի ասպարէզը։ CHP-իի շատ մը անդամներ հրապարակաւ Օսուզուն Տողանին դէմ արտայայտուեցան եւ նոյնիսկ Այտինլիք թերթը գրեց.- ,Օսուզուն Տողանի թեկնածութիւնը հանդիսացաւ Հայկական Սփիւռքի հարիւրամեակի նուէրըե։

ՔՈՒԷԱՐԿՈՒԹԻՒՆԸ ՍԿՍԱԾ Է ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐԷՆ ՆԵՐՍ

Մօտաւորապէս իննիսուն հազար թուրք քուէարկող կը սպասուի, որ ընտրութեան մասնակցին Միացեալ Նահանգներէն ներս։ Քուէարկութիւնը սկսաւ Մայիս 16 եւ վերջ գտաւ Մայիս 31-ին երեկոյեան ժամը 7-ին։ Քուէարկողներուն մէջ կան Ուոթըրթաունէն (Մասաչուսէց), Նիւ Եորքէն, Նիւ Ճըրզիէն մեծ մասամբ պոլսահայեր ինչպէս նաեւ այլ շրջաններէ գաղթած հայեր։Առաջին անգամ ըլլալով հաւանականութիւն կայ որ հայազգի թեկնածու մը ընտրուի Պոլսոյ Առաջին եւ Երկրորդ շրջաններէն ներս։ Եւ այսպիսով, գաղութներ կրնան աւելի լսելի դարձնել Թուրքիոյ մէջ Հայերուն ձայնը որոնք կը պայքարին Հայկական ինքնութիւնը հրապարակաւ դարձնելու համար։ Անոնք կը պահանջեն  նոյն քաղաքացիական իրաւունքները եւ Թրքական օրէնքի տակ նոյն պաշտպանութիւնը որ կը վայելեն երկրի բոլոր քաղաքացիները։ Լաւագոյն ձեւը որ այս իրաւունքները պաշտպանուին HDP-ի թեկնածուներուն քուէարկել է։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles