ՕԹԱՈՒԱ.- Չորեքշաբթի, Յունիս 3-ին, Արամ Ա. Կաթողիկոս հանդիպում ունեցաւ Գանատայի Վարչապետ Սթիվըն Հարփըրին հետ:
Վեհափառ Հայրապետին գլխաւորած պատուիրակութեան մաս կը կազմէին, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեղրիկ Եպս. Բարիքեան, Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Տոքթ. Ժիրայր Պասմաճեան, Ազգային Վարչութեան ատենապետ Տիար Գրիգոր Տէր Ղազարեան, Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ Տիար Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Տիար Րաֆֆի Տօնապետեան եւ Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան:
Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով, Արամ Ա. իր գնահատանքը յայտնեց Գանատայի ժողովուրդին ու կառավարութեան՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գծով իրենց որդեգրած յստակ կեցուածքին համար: Վեհափառ Հայրապետը նաեւ իր մտահոգութիւնը յայտնեց ընդհանրապէս Միջին Արեւելքէն ու յատկապէս Սուրիայէն ներս տիրող կացութեան եւ կոչ ուղղեց Գանատայի պետութեան աւելի գործօն կերպով օժանդակելու սուրիական տագնապի լուծման ու քրիստոնեայ համայնքներու պաշտպանութեան:
Հանդիպումի աւարտին, Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Իշխան»ի շքանշանով պարգեւատրեց Սթիվըն Հարփըրը, առ ի գնահատանք հայ ժողովուրդի արդար դատին նկատմամբ անոր ցուցաբերած զօրակցութեան:
Read Time:44 Second