ՀԱՅՐԵՆԻՔ
Յունիս 1, 2015
Խմբագրական
Մայիս 21-22-ին, Լաթվիոյ մայրաքաղաք Ռիկայի մէջ, տեղի ունեցաւ Եւրոմիութեան կազմակերպած Արեւելեան Գործընկերութեան խորհրդաժողովը, որուն մաս կազմող անդամներն են տարածաշրջանէն վեց երկիրներ՝ Ուքրայինա, Մոլտովա, Պելոռուսիա, Հայաստան, Վրաստան եւ Ատրպէյճան:
Վերոնշեալ անունները թէ՛ եզրակացնել եւ թէ՛ ենթադրել կու տան, թէ ամէն մէկ երկիր իր յատուկ իրավիճակը ստեղծած է, քաջատեղեակ ըլլալով որ երկու երկիրներ՝ Ուքրայինա եւ Վրաստան այնքան մը մօտիկ յարաբերութիւններու մէջ են Եւրոմիութեան հետ, որ նոյնիսկ բաւական մը յառաջացած է անոնց տեղացիներու ազատ մուտքը Եւրոպական երկիրներ, առանց յատուկ անցագիր կրելու: Մոլտովան ալ, համեմատաբար այս երկուքին մօտ կը համարուի, միայն այն տարբերութեամբ որ տնտեսական կացութեամբ եւ ընկերային պայմաններով չարտացոլացներ այդ համա-եւրոպական տեսլականը:
Մնացեալ երեք երկիրներէն, թէեւ Պելոռուսիա եւ Հայաստան նաեւ կը պատկանին այս գործընկերութեան դէմ կանգնող Եւրասիական Տնտեսական Միութեան, սակայն յստակ տարբերութիւն մը գոյութիւն ունի: Պելոռուսիան, Ռուսաստանի կողմէ հովանաւորուած այդ միութեան հիմնադիր եւ գործօն դերակատարութիւն ունեցող երկիրներէն է, մինչդեռ Հայաստանի դիրքը լաւապէս կը բացատրուի Շուէտի վարչապետ Շթեֆան Լէօվէնի այն մեկնաբանութեամբ, թէ ողջունելի է Եւրասիական Տնտեսական Միութեան եւ Եւրոմիութեան միջեւ, կամուրջ ստեղծելու կիրարկուած հաւասարակշռուած քաղաքականութիւնը:
Արեւելեան Գործընկերութեան վեց անդամներուն մէջէն, ամենէն աւելի իւրայատուկ է Ատրպէյճանի պարագան, որ յանձին նախագահ Ալիեւի, հենելով իր տնտեսական «նաֆթային» կառոյցին, միշտ ալ կը փորձէ իր իւրայատուկ «խաղը խաղալ», եւ արծարծել Արցախի հիմնահարցը:
Այսպէս, Եւրոպայի Արեւելեան Գործընկերութեան ծագումով լեհ նախագահ Տոնըլտ Թասք յատուկ յայտարարութեամբ մը, յայտնեց որ այս խորհրդաժողովը կը հաստատէ թէ կը ճանչնայ այս ծրագրի անդամ բոլոր երկիրներու տարածքային ամբողջականութիւնը: Սոյն խօսքի ետին. Ուքրայինայի տարածքային ամբողջականութեան ճանաչման հարցը չէր, նկատի ունենալով Խրիմի թերակղզիի միացումը՝ Ռուսաստանին: Այլ յստակ էր թէ, այս տարածքային ամբողջականութեան ետին Ատրպէյճանական յանկերգն էր որ կը կրկնուէր, ի մտի ունենալով Արցախի հիմնահարցը:
Ի պատասխան, Թասքի այս արտայայտութեան, Հ.Հ. նախագահ Սերժ Սարգսեան իր ելոյթին, յատկապէս շեշտեց թէ Արցախը երբեք մաս չէ կազմած անկախ Ատրպէյճանի: Հետեւաբար այդ պատճառով Արցախը առնչութիւն չունի Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան հետ:
Հոս, տեղին է անդրադառնալ եւ բաղդատական մը կատարել այլ տարածքային ամբողջականութեան մը՝ Ուքրայինայի սահմանամերձ Տոնեցքի եւ Լուկանսքի հետ, ուր որքան ընդհարումները կը շարունակուին, այդքան թեւեր կու տան Պաքուի, որպէսզի հետզհետէ բազմապատկէ իր ոտնձգութիւնները՝ Արցախի վրայ:
Խորհրդաժողովի աւարտին արձանագրուեցան համաձայնութիւններ եւ հռչակագրի ստորագրութիւններ, որոնք դժբախտաբար թուղթի վրայ կատարուած արձանագրութիւններ են, եւ ընդհանրապէս ապառնիի համար նկատի առնուած մտայղացումներ: