Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Կ՚ողջունէ Մահինուր Օզտեմիրի Արտաքսումը՝ Պելճիքայի Մարդասիրական Ժողովրդավարական Կուսակցութենէն

0 0
Read Time:59 Second

BASORTULU MILLETVEKILI MAHINUR OZDEMIR, BELCIKA'DA BRUKSEL PARLAMENTOSUNDA YEMIN ETTI. YEMIN ONCESI VE SONRASI BIR TATSIZLIK YASANMAZKEN, OZDEMIR, BASININ DA ILGI ODAGI HALINE GELDI

ՊՐԻՒՔՍԷԼ.- Մայիս 29-ին, Պելճիքայի Մարդասիրական ժողովրդավարական Կուսակցութիւնը (CDH) իր շարքերէն արտաքսեց ծագումով թուրք՝ Մահինուր Օզտեմիրը, որ Պրիւքսէլի խորհրդարանի անդամ է. ան նաեւ անդամ է Պրիւքսելի Սքարպեք համայնքի քաղաքապետական խորհուրդին:
Վերջին շրջանին, եւ յատկապէս Ապրիլ 24-ի յաջորդող օրերուն, Պելճիքայի քաղաքական եւ հասարակական շրջանակներուն մէջ ծագումով թուրք երեսփոխաններուն հանդէպ դժգոհութեան ալիք մը բարձրացած էր, որոնք կը ժխտէին Հայկական Ցեղասպանութիւնը, եւ նոյնիսկ մերժած էին մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգանքի տուրք մատուցել Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: Օզտեմիր անոնցմէ մէկն էր:
Կուսակցութեան ղեկավար՝ Պենուա Լիւթժեն արդէն քանի մը օր առաջ յայտարարած էր, որ կուսակցութեան մէջ ժխտողական դրսեւորումներ պիտի չհանդուրժէ: Կուսակցութեան կարգապահական (էթիքայի) յանձնաժողովը հարցաքննութեան կանչած է Օզտեմիրը, ուր ան հաստատած է իր ժխտողական կեցուածքը, որուն հետեւանքով ան կուսակցութեան շարքերէն դուրս դրուեցաւ: Կուսակցոթիւնը նաեւ կը պահանջէ, որ ան հրաժարի քաղաքապետական խորհուրդի իր անդամակցութենէն:
Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբը կ՚ողջունէ CDH կուսակցութեան այս արդար եւ խիզախ քայլը, որ կը բխի մարդասիրական եւ ժողովրդավարական իր սկզբունքներէն, ըսաւ Գասպար Կարապետեան, Յանձնախումբի նախագահը, եւ աւելցուց.- արդէն բաւական ժամանակ է, որ մենք եւ Պելճիքայի Հայ Դատի յանձնախումբը սերտ կապերու մէջ ենք CDH կուսակցութեան քաղաքական պատասխանատու անձնաւորութիւններու հետ, եւ բարձր կը գնահատենք Լիւթժենի այս քայլը, որ առանց քաղաքական հաշուարկներու, իր խօսքին տէրը կանգնեցաւ եւ կուսակցութենէն հեռացուց Օզտեմիրը:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles