ՆԻԿՈՍԻԱ.- Ուրբաթ, Մայիս 29-ին, Հ.Յ.Դ. պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ Բիւրոյի անդամ Խաչիկ Մուրատեանին, հանդիպում մը ունեցաւ Ընկերվար ժողովրդավարութեան համար շարժում կուսակցութեան (ԷՏԵՔ) փոխնախագահ Քոսթիս Էֆսթասիուի հետ:
Քննարկուեցան Սուրիոյ տագնապը եւ անոր անդրադարձը փոքրամասնութիւններուն վրայ ընդհանրապէս եւ սուրիահայութեան վրայ յատկապէս, երկու կուսակցութիւններուն միջեւ գործակցութեան ծիրը ընդլայնելու հեռանկարները եւ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը:
Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Հ.Յ.Դ. Կիպրոսի կոմիտէի անդամներ Յակոբ Մանուկեան եւ Սարհատ Տեմիրճեան, ինչպէս նաեւ Հայ Դատի յանձնախումբի անդամ Կարէն Գույումճեան:
Read Time:23 Second