Յ. Պալեան
Մայիս 22, 2015
Ի՞նչ արձանագրած է Հայաստանի Հանապետութեան Սահմանադրութիւնը Հայաստան Պետութեան լեզուի մասին:
Կ’ըսուի.
Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտօնական լեզուն գրական հայերէնն է:
Հայաստանի Հանրապետութիւնը կ’աջակցի իր սահմաններէն դուրս բնակող հայերու լեզուի պահպանման եւ տարածման:
Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը նպաստէ հայերէնի ուղղագրութեան միասնականացման:
Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին գտնուող կրթական եւ ուսումնական համակարգերուն մէջ դասաւանդման եւ դաստիարակութեան լեզուն գրական հայերէնն է:
Հայաստանի «պետական այրեր»ը, ինչպէս սովորութիւն է ըսել, կը կարդա՞ն այս տողերը, կը կարդա՞ն նաեւ գրողները, լրագրողները եւ մասնաւորաբար հեռատեսիլի խօսնակները: Խօսքը կը վերաբերի ԳՐԱԿԱՆ ՀԱՅԵՐԷՆի: Նաեւ սփիւռք(ներ)ի Արցախ եւ բիզնես հոլովողները:
Մշակոյթի եւ կրթական նախարարութիւնը, ակադեմիան եւ լեզուի պետական տեսչութիւնը, կը պատահի՞, որ նախաձեռնեն ՀԱՅԵՐԷՆԻ ՈՒՂՂԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆԱՑՄԱՆ, ինչպէս որ նշուած է Սահմանադրութեամբ: Ի՞նչ բանի կը ծառայէ Սահմանադրութիւնը, եթէ անոր գործադրութեան չի հսկեր պետութիւնը, մտաւորականութիւնը չի պահանջեր անոր գործադրութիւնը:
Այսօր ինչ պատկեր կը ներկայացնէ նոյնիսկ գրողներու մէկ կարեւոր մասի ԳՐԱԿԱՆ ՀԱՅԵՐԷՆը: Նախարարը, որ հեռատեսիլէն կը խօսի, գրական հայերէնէն փարսախներով հեռու կը մնայ, երբ բանգէտ երեւնալու համար կը բարբառի պլանդացիաներու կամ տրանսպըրտի մասին, մոռնալով որ պետութեան լեզուն հայերէնն է: Դեռ չեմ խօսիր հայերէնի նմանող բառերու մասին, որոնք հրապարակ նետուած են այս կամ այն լեզուի ազդեցութեան տակ, առանց Ակադեմիայի կամ Լեզուի պետական տեսչութեան հակակշռէն անցնելու:
Միշտ ալ զարմացած եմ, թէ ինչո՞ւ, օրինակ, արեւմտահայերէն խօսող սփիւռքի անձերուն եւ հաստատութիւններուն արեւմտահայերէնով եւ մեսրոպեան ուղղագրութեամբ նամակ չեն գրեր դեսպանատուները, որմազդները կը ղրկեն, ինչպէս դրամահաւաքի պարագային, ֆրանսերէն, անգլերէն, գերմաներէն եւ այլ լեզուներով, ոչ իսկ մէկ անգամ արեւմտահայերէնով:
Այս անտեսումը վիրաւորական չէ՞ միթէ, կը նպաստէ՞ ազգի հատուածներու միացման:
Ինչո՞ւ չհարցնել, թէ ո՞վ ի՞նչ բանեցաւ ցարդ, գործադրութեան դնելու համար սահմանադրական յօդուածը, որ կ’ըսէ «Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը նպաստէ հայերէնի ուղղագրութեան միասնականացման»: Նախաձեռնող չեղաւ: Պահանջող ալ չեղաւ:
Այս մասին մտածել եւ խօսիլ աւելորդ կը համարէի՝ անյուսութեամբ:
Բայց պատահեցաւ հաճելի անակնկալ մը, որուն հունով վերստին կ’արծարծեմ հարցերը, յիշեցնելով Սահմանադրութիւնը:
Անակնկալը Սփիւռքի նախարարութենէն ստացուած նամակ մըն է, նախարարին ստորագրութեամբ: Նամակին բովանդակութիւնը անձնական բնոյթ ունի, հետեւաբար զայն չեմ արտագրեր: Բայց ուշագրաւ է, որ նամակը ամբողջութեամբ գրուած է ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆ եւ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ՈՒՂՂԱԳՐՈՒԹԵԱՄԲ: Անունս ալ տարօրինակութիւններու չէ ենթարկուած, ինչպէս այլ առիթով ըսուեցաւ, որ համակարգչային ծրագիրը այդպէս կը գրէ: Գէթ ինծի համար աննախադէպ է այս նամակը, որ կը համապատասխանէ Սահմանադրութեան ոգիին եւ տառին, որ կ’ըսէ թէ պետական լեզուն հայերէնն է, առանց յաւելեալ ճշդումներու կամ սահմանափակումներու:
Սփիւռքի նախարարութենէն ստացուած նամակը օրինակելի նախընթաց մըն է, ճանաչման եւ օրէնքի ըմբռնման տեսակէտէ: Օրինակելի՝ պաշտօնաթուղթերու համար, անոնք ըլլան պետական, առեւտրական, դրամատնային: Անունս եւ ազգանունս անճանաչելի դարձած էին, երբ համակարգիչը զանոնք վերծանած էր մեկնելով անցագրիս լատինատառ արձանագրութենէն… Ամէն անգամ որ խորհրդաժողովի մը մասնակիցներուն համար կրծքանշան մը կը տրուի, անոր ինքնութիւնը ճշդելով: Սփիւռքէն հասնողներու անուններու պարագային ինչպիսի անհեթեթութիւններու կը հանդիպինք: Անունը հայացնելով ըստ անցագրի, Roupene կը դառնայ Ռուպեն, Barsoumian-ը Բարսումյան, երբ սերունդներ ամբողջ գրած են Ռուբէն եւ Պարսումեան, Balian-ը կ’ըլլայ Բալյան, երբ Պալունի կը գրէինք Ե դարու իշխան Արտակին համար, Պալեան կը գրէին Պոլսոյ ճարատարապետներուն համար:
Սփիւռքի նախարարութիւնը արեւմտահայու եւ արեւմտահայերէնի ընդունուած ուղղագրութիւնը յարգած է: Դրական:
Ճիշդ է, որ անբնական երեւոյթ են ուղղագրական տարբերութիւնները եւ զարտուղութիւնները: Բայց կը լսե՞նք Սահմանադրութիւնը, որ կ’ըսէ «Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը նպաստէ հայերէնի ուղղագրութեան միասնականացման»: Լեզուի մասին սահմանադրական կէտը քննուա՞ծ է երբեւիցէ, անոնց կողմէ որոնք պարտին հսկել լեզուի անաղարտ պահպանման, միասնականացման ճամբայ հարթելու համար, առանց դեկրէտի եւ առանց դիգտադի: Սահմանադրութեան ընդունումէն քառորդ դար ետք ի՞նչ կատարուած է միասնականացման համար:
Լեզուի մասին օրէնքը կը շեշտէ ԳՐԱԿԱՆ ՀԱՅԵՐԷՆ սահմանումը, երբ կ’ըսէ. «Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին գտնուող կրթական եւ ուսումնական համակարգերուն մէջ դասաւանդման եւ դաստիարակութեան լեզուն գրական հայերէնն է»: Այդքա՛ն: Բայց ի՞նչ բան է այդ գրական հայերէնը, օտարաբանութիւններով եւ օտար բառերով «յագեցած» հայերէ՞նը, բարբառային շարահիւսութեան մո՞ւտքը գրականութեան մէջ, հետեւաբար դասագիրքերու եւ խօսակցական լեզուի մէջ: Խիստ ուշագրաւ է էական բայ Է-ի փոխարինումը բարբառային Ա-ով, խմում ա, գալիս ա, տալիս ա, այսպէս եւ այնպէս մակբայներու փոխարինումը ըսենց-ով եւ ըդենց-ով: Ուրիշ ժողովուրդներ ալ խօսակցական կամ փողոցի լեզուի զարտուղութիւններ ունին, slang կամ argot, բայց թերթերը, հեռատեսիլը կը խօսին գրական լեզուով, գիրքերը լոյս կը տեսնեն գրական լեզուով, քաղաքական գործիչները, ժողովրդական ըլլալու համար փողոցի լեզուով ճառ չեն խօսիր:
Սփիւռքի նախարարութենէն ստացուած նամակի ուղիղ գիծին վրայ մնալով, մեղանչո՞ւմ կ’ըլլայ առաջարկել, որ սրտցաւ մտաւորականներով եւ որոշում կայացնելու իրաւունք ունեցողներով ժողովներ գումարուին, մէկէ աւելի, կացութիւնը գնահատելու եւ բիւրեղացման առաջարկներ ներկայացնելու համար, որպէսզի հայերէնը մնայ իր գրական շնորհով, վերականգնի, եւ իմաստուն միասնականացման նախաձեռնութիւններ ըլլան, ոչ թէ յաւելեալ իրաւունքի, այլ յաւելեալ պարտաւորութեան ըմբռնումով: Այդ նախաձեռնութիւնը ունեցած են ֆրանսացիները 1549-ին, հրապարակելով ֆրանսերէնի պաշտպանութեան յայտարարութիւն մը, Défense et illustration de la langue française, եւ մինչեւ այսօր այդ պաշտպանութիւնը կը շարունակուի, ան է որ ծնունդ տուած է արտակարգ արտայայտչական շնորհներով օժտուած ֆրանսերէնի, գրական եւ խօսակցական:
Փոխանակ ճառ խօսելու, լաւ կ’ըլլայ, որ հայերը, Հայաստան եւ սփիւռքներ, ճապկումներ ընելէ առաջ, երբեմն կարդան Սահմանադրութիւնը:
Թերեւս պէտք է պահանջել, որ ընտրութիւն եւ քուէ խաղցող պետական այրերն ալ կարդան Սահմանադրութիւնը: Այդ կ’ըլլայ տարբերութիւններու պատնէշները վերցնելու ազնիւ վերաբերում: