Արամ Ա. Կաթողիկոսի Տեսակցութիւնը Տիթրոյթի գաղութին հետ

0 0
Read Time:52 Second

413-1024x683

ՏԻԹՐՈՅԹ.- Մայիս 22-ի երեկոյեան, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հանդիպում ունեցաւ համայնքի կեանքէն ներս գործող զանազան կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ: Հանդիպումին ներկայ էին Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեան, Առաջնորդական Փոխանորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Եպս. Դանիէլեան եւ շքախումբի միւս անդամները: Հանդիպումի աւարտին Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ հետեւեալ կէտերուն.-
– Ինչպէս Տիթրոյթի այնպէս ալ մեր միւս համայնքներէն ներս մեր եկեղեցւոյ շուրջ կը գործեն շարք մը միութիւններ ու կառոյցներ: 1310-1024x6831410-1024x683Իւրաքանչիւր միութիւն անհրաժեշտ է որ պահէ իր ինքնութիւնը, գործելակերպը եւ առաջնահերթութիւնները: Սակայն անհրաժեշտ է ներքին ներդաշնակութիւն յառաջացնել անոնց միջեւ՝ խուսափելով կրկնութիւններէ, խաչաձեւումներէ ու բեւեռացումներէ:1114-1024x683159-1024x683
– Անհրաժեշտ է հայրենիքի, Սփիւռքի եւ գաղութներու առաջնահերթութիւններու միջեւ ներքին դասաւորում մը յառաջացնել, համապարփակ ու իրապաշտ մօտեցումով: Հզօր հայրենիք կը նշանակէ հզօր Սփիւռք եւ հզօր Սփիւռք կը նշանակէ հզօր գաղութ՝ եւ փոխադարձաբար:
– Հովուապետական այցելութեան ստեղծած հոգեւոր ու ազգային խանդավառութիւնը պէտք է շարունակուի գաղութէն ներս, անոր տալով գործնական արտայայտութիւն՝ եկեղեցւոյ ու համայնքի կեանքին մեր մասնակցութիւնը դարձնելով աւելի հետեւողական ու ամբողջական եւ մշակելով այնպիսի ծրագիրներ, որոնք կրնան մեր համայնքին կեանքը ծաղկեցնել հոգեւոր ու ազգային իմաստով:
Նորին Սրբութիւնը գնահատեց ու շնորհակալութիւն յայտնեց Տիթրոյթի մեր համայնքի ցուցաբերած ջերմ ընդունելութեան։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles