ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՍՓԻՒՌՔԸ ՊԻՏԻ ԿԱՐԵՆԱ՞Յ ԻՆՔԶԻՆՔ ՎԵՐԱՄՏԱԾԵԼ

0 0
Read Time:4 Minute, 18 Second

balian2

Յ. Պալեան

Մայիս 21, 2015

 

Յուշագրութեան, գեղագէտի, պատմագէտի, կրօնական համայնքի, հայասէրի, մասնակի կացութիւններէն անդին, հայկական սփիւռքը, իր բաղադրամասերով, պիտի կարենա՞յ ինքզինք վերամտածել որպէս իրաւութեամբ ազգի անքակտելի եւ անբաժանելի մաս: Ազգի մաս, ոչ օտարերկրացի, ոչ ծագումով հայ, ոչ յաւերժական ըլլալու յաւակնութեամբ սփիւռք՝ որ կը յաւակնի տեւել որպէս ազգի հատուած՝ զբօսաշրջիկի յուզումներով, հեռուէն դիտող:

Ճառերու մէջ ընթացիկ դարձած բառապաշարով կը յայտարարենք այլեւս բան չնշանակող տարազը. մէկ ազգ, մէկ մշակոյթ, մէկ հայրենիք: Տարտղնուած հաւաքականութիւններով ինչպէս մէկ կ’ըլլայ ազգը, մէկ մշակոյթը ինչպէս կ’ըլլայ երբ հայը օտարալեզու գրականութիւն կը ստեղծէ, հայկական երաժշտութեան հետ ոչ հեռուէն եւ ոչ մօտէն առընչոող մեղեդիներով կ’երգէ (երէկ թրքերէն, այսօր ճազային, արաբական, հարաւամերիկեան, եւրոպական), հայերէնը կ’աղճատէ եւ կամ կը խօսի աշխարհի բոլոր լեզուներով՝ յիշատակի կամ համեմի վերածելով հայերէնը, երբեմն ալ սնապարծութեան առիթներ ընծայելով օտարին համար եւ օտար երկինքներու տակ նուաճուած փառքերով:

Ինչո՞ւ կը խուսափինք խորքի աւերի մասին խօսելէ, ի՞նչ կը կարծենք փրկել, բացի անորոշ եւ հետզհետէ անդիմագիծ խմբակներէ:

Հայրենահանումէն հարիւր տարի ետք, մեր օրերու աղէտ-արտագաղթով յատկանշուող հեռացումէն ետք, երբ սփիւռքը կը սկսինք համարել մնայուն, առանց գիտակցելու, որ այդ մնայունը այդքան ալ մնայուն չի կրնար ըլլալ ընկերաքաղաքական եւ տնտեսամշակութային ճնշումներու տակ, ոչ ալ որպէս հետեւանք մեր յաջորդական տեղատուութիւններուն եւ պատշաճեցման ընտրանքներուն: Ճառերը չեն փոխեր կոպիտ իրականութեան ընթացքը, որքան որ ալ հին եւ նոր էսթէպլիշմընթները, այլազան շահախնդրութիւններով, օրօրեն զանգուածները, անոնք որոնք դեռ չեն մաշած, կամ մաշումի ընթացքի մէջ են, զգացումով հայեր կամ ծագումով հայեր, օրինակելի կերպով մերուած հայեր, (հիւրընկալ երկիրներու կողմէ մեզ շոյող շռայլուած խօսք, որ մեր սին հպարտութիւնը դարձած է), երբ արդէն ոմանք բառային մարզանքներ կ’ընեն, ճշդելու համար, որ կէս, քառորդ, կամ մէկ վաթսունչորսերորդ հայեր կան, եւ կամ, առանց ծիծաղելի ըլլալու վախի ըսուած՝ հարիւր տոկոսով հայեր, որոնք միաժամանակ հարիւր տոկոսով ֆրանսացի, անգլիացի, ամերիկացի են… Առասպելական հերոսներ՝ ծիծաղելիութենէ չվախցող: Կրնանք միտքի մարզանքը երկարել՝ առանց անհանգստանալու:

Գոյութենական խնդիր կայ: Առանց բառերու շուրջ դառնալու, պիտի ըմբռնենք, որ Հայութիւնը դատապարտուած է այլոց կողմէ կամ ինքզինք կը դատապարտէ քոչւորի վիճակին, որ մնայուն քոչւորութիւն կը դառնայ հետզհետէ, երէկ բացատրուող, այսօր ըստ ամենայնի մերժելի, եթէ մեկնակէտ ընդունինք հայրենակերտում եւ ազգակերտում միաձուլուած զոյգը, որ կ’ենթադրէ անհատականի գերանցումը: Քոչւորը բանտարկեալն է անհատականի, որուն մէջ ժամանակ մըն ալ կրնայ տեւել ազգային պատկանելիութեան զգացում մը, ճիշդ այնպէս, ինչպէս սովորութիւն դարձած է ըսել՝ զգացումով հայ, անհորիզոն եւ անկողմնացոյց, որ իր վրանը կրնայ զարնել ամենուրեք, Նոր Զելանտա կամ Լաս Վեկաս՝ արբեցնող խաղատուներուն մօտ ըլլալու համար: Քոչւորութիւն՝ հետեւելով պարարտ մարգագետիններու հասցէին:

Ինչպէ՞ս եւ ինչո՞ւ վերամտածել սփիւռքի վաղը: Ո՞ր հորիզոններուն պիտի բացուի այդ վաղը, ի՞նչ ընելու համար, որպէս ի՞նչ՝ շարունակութիւն ըլլալ-չըլլալու յարաբերաբար: Մինչեւ ե՞րբ թափահարումներով կրնայ տեւել ազգի աւելի քան կէսը, որպէս համրանք ըմբռնուած կէս, ոչ անպայման որպէս որակ: Անհատներ եւ ընտանիքներ պիտի տեւեն, ազգականական կապեր պիտի պահուին, բայց անոնք դարերու շարունակութիւն եւ հաւատարմութիւն պիտի չըլլան, քանի որ պիտի փոխուին լեզուներ, աւանդութիւններ, արժէքներ, պիտի յառաջանան խառնուրդներ:

Ճշգրիտ ոչ մէկ գնահատում կրնանք ընել սփիւռք(ներ)ի թուական պատկերի մասին, նոյնիսկ տասը կամ քսան տոկոսով սխալելու իրաւունք տալով մենք մեզի: Մարդահամարի նմանող ընկերաբանական ուսումնասիրութիւն մը կրնայ օգնել կացութիւնները ըմբռնելու: Սովորաբար կ’ըսենք՝ մեր ժողովուրդի կէսէն աւելի: Հիմա, Երեւանի մէջ կրնաք լսել, որ Մոսկուայի հայերու թիւը շատ աւելի մեծ է քան նոյնինքն Երեւանի: Ի՞նչ է հայոց թիւը Միացեալ Նահանգներու մէջ, առանձին առած հսկայական ոստան (mégapole) Լոս Անճելըսի մէջ, կամ Ֆրանսա, Սաօ Փաոլօ: Սահմանելով որոշ չափանիշներ, ինչպէս կրնանք գնահատել այդ հաւաքականութիւններու հայկական որակը: Այդ որակը բաւարար երաշխի՞ք է ինքնուրոյնաբար տոկալու եւ տեւելու համար:

Չեմ գիտեր ո՞ր ամօթխածութեան տուրք տալով չենք խօսիր համաճարակ դարձած խառն ամուսնութիւններու մասին, որոնք ձուլումը բազմապատիկ կշռոյթով կ’արագացնեն, եթէ բացառիկ պարագաներ յիշելով ինքնխաբէութեան անձնատուր չըլլանք: Մեծ ոստաններու մէջ բնակութիւն հաստատած հայերը, շրջապատի ընկերամշակութային եւ տնտեսական ահեղ հոսանքին մէջ ինչպէ՞ս պիտի կարենան տեւել, երբ հայկականութիւն ապրիլ միայն շաբաթավերջի զուարճութիւն է՝ տեսանելի որպէս մասնաւորներու խմբակ, երբ անդին անտեսանելի զանգուած մը կայ, որ կը հալի, առանց կարենալ ընդդիմանալու, ընդդիմանալ ուզելու: Միամտութիւն է տեսնել միայն փոքրամասնութիւնները, որոնք դեռ կը դիմանան հզօր կամք ցուցաբերելով, երեւակայելով որ կան նաեւ միւսները, որոնք բացականեր են, անհետացած ըլլալէ առաջ:

Հայկական սփիւռքի հայկական ապագան հայրենադարձութիւնն է: Ազգի լինելութեան օրակա՞րգ է այս ապագայի հարցը: Ասկէ անդին կրնանք իրարանցումներ ստեղծել բարեսիրութեան կամ ծանօթացման աշխատանքներով, լոպպիյինկով, ո՞ւր հասնելու համար:

Առանց ճապկումներու հայրենադարձութեան ազգային-քաղաքական միտքը կենսագործել իսկական քաղաքականութիւն պէտք է ըլլայ եւ չէ: Հայաստանի Հանրապետութիւն եւ Արցախ համայն հայութիւնը ընդունելու չափ տարածութիւն ունին: Իսկ բնակեցման համար անհրաժեշտ են կազմակերպութիւն եւ ազգային գիտակցութիւն, անհատականէն անդին սեւեռելով հաւաքականը: Ոչ ոք թող ըսէ թէ դեռ կանուխ է, որ ինծի համար ուշ է: Հայրենադարձութիւնը հեռաւոր (կամ անկարելի) նպատակ համարել պարտուողականութիւն է, ան անմիջական նպատակ պէտք է ըլլայ:

Քաղաքական միամտութիւնը ազգային ոճիրի համազօր է: Պէտք է տեսնել եւ եզրակացնել, որ մեր մերուած քաղաքացի հայը դատապարտուած է ծագումով հայ ըլլալու, եւ հուսկ անհետանալու: Եթէ ցեղասպանութիւն չըսէք, գտէք տարբեր բնորոշում: Մէկ սերունդ առաջ կ’ըսէին ճերմակ ջարդ:

Հետեւաբար, հայրենադարձութիւնը հայ ազգային քաղաքականութեան առաջնահերթութիւնն է, որպէսզի զանգուածները չվերածուին յիշատակներու, ընդհանուր ազգաց պատմութեան գիրքերու մէջ արձանագրութիւններու: Իրատեսութիւնը այլ բան կրնա՞յ ըսել:

Հայրենադարձութիւն՝ հակառակ դժուարութիւններու, զորս հարկ է յաղթահարել հաւաքական ճիգով եւ կամքով: Բոլոր միւս կազմակերպական թափահարումները եւ ցուցական հրավառութիւնները անվաղորդայն են, անվաղորդայն ըլլալու կոչուած են, էսթէպլիշմընթի զուարճութիւն են, հայրենադարձութեամբ չընդգրկուելու համար:

Հայրենադարձութիւնը մեքենաբար կրկնուող կարգախօսի մակարդակէն պէտք է բարձրացնել կազմակերպական հետապնդուող ծրագրով իրականացումի:

Եւ ըստ այնմ դատել պետութիւնը, կազմակերպութիւնները եւ էսթէպլիշմընթի աստղերը:

Պետութիւնը ինչո՞ւ պիտի չձեռնարկէ հայրենադարձութեան գրասենեակներու ստեղծման:

 

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles