ՏԻԹՐՈՅԹ.- Հինգշաբթի, Մայիս 21-ին, նախաձեռնութեամբ Լիբանանի հիւպատոս Պիլալ Քապալանի եւ նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին քրիստոնեայ եւ իսլամ հոգեւորականներու հանդիպում մը տեղի ունեցաւ հիւպատոսի Տիթրոյթի բնակարանին մէջ: Ներկայ էին քսան բարձրաստիճան հոգեւորականներ:
Խօսք առնելով հիւպատոսը ողջունեց Նորին Սուրբ Օծութեան Տիթրոյթ այցելութիւնը: Ան յիշեց Վեհափառ Հայրապետին կարեւոր դերակատարութիւնը ոչ միայն Լիբանանի ու Միջին Արեւելքի մէջ, այլ նաեւ միջազգային մակարդակի վրայ: Հիւպատոսը յատկապէս անդրադարձաւ քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան Վեհափառ Հայրապետին բերած նպաստին: Խօսք առնելով Արամ Ա. լայնօրէն անդրադարձաւ Լիբանանի՝ որպէս համայնքներու գոյակցութեան երկիր: Խօսելով Հայոց Ցեղասպանութեան մասին, ան շեշտեց թէ կրօնական ազդակը ոչ մէկ դեր է ունեցած Հայոց Ցեղասպանութեան մէջ, յիշեցնելով թէ հայեր եւ իսլամներ Է. դարէն սկսեալ գոյակցած են: Վերջապէս, ան կարեւորութեամբ ընդգծեց քրիստոնեայ ու իսլամ կրօններու գործակցութիւնը նոր ժամանակներու ծայրայեղական շարժումներուն դէմ: Ապա, ներկայ հոգեւորականները յաջորդաբար խօսք առնելով իրենց տեսակէտներն ու մտահոգութիւնները պարզեցին, յատկապէս Միջին Արեւելքէն ներս վերջին տարիներուն տեղի ունեցող զարգացումներուն գծով:
Հանդիպման աւարտին Լիբանանի հիւպատոսը ի պատիւ Վեհափառ Հայրապետին ճաշ տուաւ, որուն ներկայ գտնուեցան ներկայ հոգեւորականները:
Նոյն օր առաւօտուն, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Տ. Կորիւն Արք. Պապեանի վախճանման առթիւ, Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ, կատարեց հոգեհանգստեան արարողութիւն Արք. Պապեանի հոգւոյն համար: Նորին Սրբութեան կʼընկերանային Ա.Մ. Նահանգներու Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեան, Առաջնորդական Փոխանորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Եպս. Դանիէլեան, Կաթողիկոսարանի Միջ-եկեղեցական բաժանմունքի վարիչ Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան, Հոգշ. Տ. Պետրոս Աբղ. Մանուէլեան եւ Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Հրանդ Քհնյ Գէորգեան: