Արամ Ա. Այցելեց Նիւ Եորքի Սուրբ Սարգիս Եկեղեցի

0 0
Read Time:2 Minute, 56 Second

166-1024x683

ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Երեքշաբթի, Մայիս 19-ին, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը աշխատանքային բեղուն օր մը ունեցաւ, Մ. Նահանգներու Արեւելեան Թեմ կատարած Հովուապետական այցելութեան Նիւ Եորքի շրջանին յատկացուած վերջին օրուան ընթացքին:
Վեհափառ Հայրապետը այցելեց Ս. Սարգիս եկեղեցին, ընկերակցութեամբ Ա.Մ. Նահանգներու Արեւելեան Թեմի Հայոց Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեանի, Առաջնորդական Փոխանորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Եպս. Դանիէլեանի եւ շքախումբի միւս անդամներուն: Եկեղեցւոյ մուտքին Նորին Սրբութիւնը դիմաւորուեցաւ Արժ. Տ. Նարեկ Քհնյ Թրթռեանին, հայ թէ օտար եկեղեցականներու եւ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան կողմէ: Աւանդական հացի եւ աղի օրհնութենէն ետք, Վեհափառ Հայրապետը ,Հրաշափառեի երգեցողութեամբ թափօրով առաջնորդուեցաւ Ս. Խորան ու կատարեց «Կանոնական» աղօթք: 69-1024x683
Առաջնորդ Սրբազանը բարի գալուստ մաղթելէ ետք, հրաւիրեց Վեհափառ Հայրապետը իր պատգամը փոխանցելու ժողովուրդին: Նորին Սրբութիւնը ողջունելէ եւ գնահատելէ ետք Առաջնորդ Սրբազանը, Առաջնորդական Փոխանորդը, Ծխատէր Քահանան, հոգաբարձութիւնը եւ ժողովուրդը, անդրադարձաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հիմնական առաքելութեան՝ ծառայութեան, ըսելով. ,Մենք բոլորս, ինչ հանգամանք ալ ունենանք մեր եկեղեցւոյ մէջ, մեր կեանքին դիմաց մէկ ճամբայ ունինք, որ ծառայութիւնն է: Ծառայութիւն Աստուծոյ, ծառայութիւն մեր եկեղեցւոյ, ծառայութիւն մեր ժողովուրդին: Մեր պատիւը, մեր փառքը եւ մեր հարստութիւնը ծառայութիւնն է, Քրիստոսի խօսքին համաձայն, թէ չեկայ ծառայութիւն ընդունելու այլ ծառայելու (Մտ 20:28): 88-1024x683Մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս իր կեանքի ընթացքին ծառայեց հիւանդին, անկարին, աղքատին եւ երկրաւոր կեանքի աւարտին պատուիրեց աշակերտներուն երթալու եւ շարունակելու իր սկսած ծառայական աշխատանքը ու տարածելու հաւատքը, յոյսը, սէրը եւ աւետարանական արժէքները: Ա՛յս է նաեւ մեր եկեղեցւոյ առաքելութիւնը եւ մեր եկեղեցւոյ ճամբով մեր բոլոր հոգեւորականներուն առաքելութիւնըե: Շարունակելով պատգամը Վեհափառ Հայրապետը խօսեցաւ եկեղեցւոյ կարեւորութեան մասին յիշելով սաղմոսերգուին բառերը՝ ,Ուրախացայ երբ ինծի ըսին. «Երթանք Տիրոջ տունը» (Սղ 122:1): ,Աստուծոյ տունը գալով մենք ուրախ կ’ըլլանք: Այս եկեղեցին Աստուծոյ տունն է: Եկեղեցւոյ մէջ մենք կը զգանք Աստոծոյ ներկայութիւնը: 137-1024x683Եկեղեցւոյ մէջ մենք կը զգանք մեր հայրապետներուն, մեր սուրբերուն եւ մեր նահատակներուն ներկայութիւնը, որոնք կեանք կ’առնեն եկեղեցւոյ մէջ, կը խօսին մեզի հետ եւ ցոյց կու տան մեր կեանքի ճշմարիտ ճամբան: Մենք եկեղեցւոյ ճամբով է որ կ’ապրինք Աստուծոյ ներկայութիւնը, հետեւաբար եկեղեցւոյ կեանքին մեր մասնակցութիւնը պայման է: Եկեղեցին կը պայծառանայ մեր ժողովուրդի կեանքին մասնակցութեամբ ու մեր ժողովուրդը կը հզօրանայ իր հաւատքին վկայութեամբե շեշտեց Նորին Սուրբ Օծութիւնը:175-1024x683

Եկեղեցական արարողութեան աւարտին տեղի ունեցաւ աջահամբոյր եւ ապա՝ ընթրիք եկեղեցւոյ սրահին մէջ: Ծխատէր Քահանայ Հայրը ընթրիքի ընթացքին իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Հովուապետական օրհնաբաշխ այցելութեան համար եւ խնդրեց որ Նորին Սրբութիւնը խօսի ներկաներուն Սիսի պատմական Կաթողիկոսարանի կալուածի դատին, Սուրիոյ հայութեան եւ Դպրեվանքի առաքելութեան մասին: Վեհափառ Հայրապետը լայն բացատրութիւն տուաւ եւ լուսաբանեց ներկաները:217-1024x683
Նոյն օրը Գարեգին Բ. եւ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետները Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում մը ունեցան, որու ընթացքին խորհրդակցեցան Հայ Եկեղեցին յուզող զանազան հարցերու շուրջ: Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Հայ Եկեղեցւոյ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան երկու թեմերու առաջնորդ սրբազանները:
Ապա, Արամ Ա. այցելեց Հայաստանի Մ.Ա.Կ.-ի ներկայացուցիչի կեդրոնը եւ հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչին՝ Զօհրապ Մնացականեանի հետ, որ իր կատարած աշխատանքներուն շուրջ զեկոյց տուաւ: Նորին Սրբութիւնը գնահատեց իր աշխատանքը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան զօրակցութիւնը յայտնեց եւ շեշտեց Մ.Ա.Կ.-ի շրջանականերէն ներս, թէ՛ Ղարաբաղի եւ թէ՛ ազգային պահանջատիրութեան գծով աշխատանքները շարունակելու հրամայականը: 313-300x200410-1024x683
Շարունակելով իր այցելութիւնները, Վեհափառ Հայրապետը իր պատուիրակութեան ընկերակցութեամբ այցելեց Քուինզի (Նիւ Եորք) Հայ Տունը, ուր դիմաւորուեցաւ խնամակալութեան, տնօրէնութեան եւ Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրած հարիւր երեք ամեայ Տիգրան Դաւիթեանի կողմէ: Հայ Տան մուտքին Նորին Սրբութիւնը կատարեց հացի եւ աղի օրհնութիւն: Օշական Սրբազանը ծերունիներուն ուղղելով իր խօսքը յայտնեց, թէ մեր ամբողջ ազգը երախտապարտ է իրենց կեանքի ընթացքին կատարած բոլոր զոհողութիւններուն համար: Ապա, Նորին Սրբութիւնը գնահատեց խնամակալութիւնը, տնօրէնութիւնն ու պաշտօնէութիւնը, յիշեցնելով թէ իրենք աստուածահաճոյ առաքելութիւն է որ կը կատարեն: Իսկ խօսքը ուղղելով ծերունիներուն վստահեցուց, թէ իրենք մեր եկեղեցւոյ ուշադրութեան առարկան են եւ եկեղեցին ընկերային ծառայութեան ճամբով կը փորձէ առաւելագոյն հոգածութեամբ կը շարունակէ ծառայել: Պատսպարեալները միասնաբար երգեցին շարականներ եւ ապա, «Պահպանիչ» աղօթքով ստացան իրենց Հովուապետին օրհնութիւնը:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles