«Նիւ Եորք Թայմզ»-ի Հարցազրոյցը Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հետ

0 0
Read Time:1 Minute, 21 Second

nyc
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս ամերիկեան հեղինակաւոր պարբերականին հետ զրուցած է Սիսի կաթողիկոսարանը վերադարձնելու նպատակով Թուրքիոյ դէմ ներկայացուցած դիմումին մասին: Ան յայտնած է, որ դատական դիմում ներկայացնելու մասին որոշում կայացուցած է 30 իրաւաբանի, որոնց շարքին եւ Թուրքիայէն մասնագէտներու հետ խորհրդակցելէ ետք: Ընդգծելով, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գործին մէջ մեծ է եկեղեցւոյ դերը` Արամ Ա. կաթողիկոս նշած է. «Կը կարծեմ, որ հարիւր տարի անց արդէն շատոնց ժամանակն է, որ մենք շեշտը դնենք փոխհատուցման վրայ»: «Ասիկա առաջին իրաւական քայլն է: Ասոր պիտի յաջորդեն մեր պահանջները` վերադարձնելու բոլոր եկեղեցիները, վանքերը, եկեղեցապատկան հողերը եւ, ի վերջոյ, անհատական սեփականութիւնները: Մենք պէտք է առաջ երթանք քայլ առ քայլ», ըսած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը:Ան տեղեկացուցած է, որ Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանը տակաւին որեւէ պատասխան չէ տուած իրենց ներկայացուցած դիմումին, եւ թերեւս դատաւորները զայն պարզապէս անտեսած են: Այսուհադերձ թրքական Քոզանի (Սիս) քաղաքապետ Մուսա Էօզթուրքը հայկական կողմին ներկայացուցած դիմումին անմիջապէս արձագանգած էր` նշելով. «Նոյնիսկ փոքր հողակտոր մը պիտի չտրուի որեւէ մէկուն»:Արամ Ա. կաթողիկոս, որ երբեք չէ այցելած Սիսի կաթողիկոսարանի տարածք, նշած է, որ մտավախութիւն ունի, թէ թրքական իշխանութիւնները իրենց գործողութիւններով վերացուցած են այդտեղէն հայկական ինքնութեան հետքը:«Ներողամտութիւնը կու գայ, երբ կայ խոստովանանք, զղջում, մեղքի ընդունում: Հաշտեցումը մեր համամարդկային արժէքներուն եւ հաւատքին մէկ մասն է, բայց նախ եւ առաջ Թուրքիան պէտք է հաշտուի սեփական անցեալին հետ», նշեց Արամ Ա. կաթողիկոս:Եկեղեցւոյ յառաջատար փաստաբան Փայամ Ախաւանը, որ եւս տուեալ գործին մէջ ներգրաւուած իրաւաբաններէն է, ամերիկեան պարբերականին հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին յայտնած է, որ թրքական դատարանին կողմէ մերժում ստանալու պարագային դիմումը պիտի տեղափոխուի Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան: «Մենք սեփականութեան պահանջ ներկայացուցած ենք: Մենք չենք խնդրեր, որ ճանչնան Հայոց ցեղասպանութիւնը: Մեր պահանջը շատ գործնական է», յայտնեց ան:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles