ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԸ, ԵՒ ԱՆԿԷ ԱՆԴԻՆ (Բ.) .- 2015Ի ԻՐԱԳՈՐԾՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՅԵՆԱՐԱՆՆԵՐԸ

0 0
Read Time:4 Minute, 42 Second

 

sm3

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Մայիս 7-17, 2015

Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ մեր Դատին արդարութեան հաստատման ճամբուն վրայ, 2015ի Ապրիլին արձանագրուած ձեռքբերումները անկասկած որ պատմական են, եւ փաստեցին, որ արդար պահանջներու տէր ժողովուրդ մը կրնա՛յ իր ձայնը լսելի դարձնել, կրնա՛յ իր դատին ի նպաստ քուէարկողներ ապահովել, կրնա՛յ ցեղասպան ու բռնագրաւող թշնամին նոր նահանջի մատնել։
Ապրիլեան իրագործումներն ու հայկական թէ միջազգային բեմերուն վրայ մեր արձանագրած յառաջխաղացքը հաւանաբար աւելի՛ տեսանելի ու շօշափելի պիտի ըլլան որոշ ժամանակ ետք, ինչպէս որ այսօր, 50 տարիներու հեռաւորութենէն կը խորաչափենք այդ հանգրուանին ու անոր յաջորդած տասնամեակներուն մեր արձանագրած նուաճումները։
Եւ իսկապէս, 2015ը, այսինքն՝ Ցեղասպանութեան 100ամեակը առանձնակի ժամանակաշրջան մը չէ մեր նորագոյն պատմութեան մէջ, այլ անիկա համագումարն է ո՛չ միայն վերջին 2-3 տարիներու մեր պայքարին ու բազմաճիւղ աշխատանքներուն, այլ կը պարփակէ մեր ազգային իրաւունքներուն ճանաչման ու վերականգնումին նպատակով աւելի քան 100 տարուան բազմաճիւղ պայքարը, իր յաջող ու արդիւնքէ զրկուած հանգրուաններով։ Այլ խօսքով, 2015 հանգրուանը կերտող սերունդը պիտի անդրադառնայ, որ իր ձեռքբերումները կու գան գումարուելու աւելի քան 100ամեայ սերմնացանութեան արդիւնքներուն վրայ, թէ՝ ինք առանձին չէ պատմութեան բեմին վրայ, այլ, նախորդ սերունդներուն պայքարի ուղին պիտի օգտագործէ իբրեւ յենարան ու խրախոյս, իր կարգին պիտի պատրաստէ ենթահողը յաջորդ փուլին։

***

Որո՞նք են այն գլխաւոր հանգրուանները, որոնք կþըսեն պայքարի դրօշը այսօր բարձրացնողներուն, թէ իրենք առանձին չեն, վաղն ալ առանձին մնացողներ պիտի չըլլան այս ճամբուն մէջ, թէ՝ վաղուան սերունդը պիտի ըլլայ այսօրուան երթը շարունակողը։
Արագ թւումի կարգով արձանագրենք այդ յենարանները։
Ցեղասպանութեան արիւնը չէր չորցած մեր պատմութեան էջերուն, ահաւոր կորուստներուն դարմանումին իսկ չէինք սկսած, երբ կերտեցինք Սարդարապատի եւ զուգահեռ ճակատամարտներուն յաղթանակները, դարերու պարտադիր ընդմիջումէ ետք, մեր պատմական հողերուն մէկ փոքր շերտին վրայ վերահաստատեցինք մեր անկախ պետականութիւնը։
Կարճ տեւած առաջին անկախութենէն ետք, 20ական տարիներէն իսկ, Հայաստանի Հանրապետութեան աքսորական պատուիրակութիւնը վերցուց մեր իրաւատիրութեան դրօշը եւ տասնամեակներ շարունակ մնաց յառաջապահը մեր բռնագրաւեալ հողերուն պահանջատիրութեան։ Լօզանէն ետք, Սեւրի դաշնագիրն եւ Ուիլսընեան վճիռին հետապնդումը այնուհետեւ իբրեւ կտակ փոխանցուեցան Հայ Դատի գործիչներուն, եւ տասնամեակներ շարունակ, Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը եղաւ ու մնաց մեր պայքարին գրեթէ առանձին յառաջապահը, մինչ Ցեղասպանութեան օրերուն նոյն խրամատները կիսողներ կը նախընտրէին պարել խորհրդային բռնատիրութեան նուագախումբին եղանակին համաձայն…
Այսօրուան մեր պայքարին յենարան են եւ վառելանիւթ կը տրամադրեն մանաւանդ այն արդարահատոյցները, որոնք կերտեցին հայկական Նեմեսիսը, զգետնելով թուրք ոճրագործ պետական մարդիկը, ապա ներշնչումի աղբիւր դառնալով 70ական եւ 80ական տարիներուն վերականգնած արդարահատուցման երթին։
Ցեղասպանութեան յաջորդած 50 տարիներուն, մեր Դատին ի նպաստ միջազգային բազմաբնոյթ արտայայտութիւններ նո՛յնքան կարեւոր բաժին ունին՝ մեր այսօրուան պայքարին յենարան ծառայելու իմաստով։ Դեսպան Մորկընթաուէն մինչեւ Լեփսիուս, Արմին Վակնէրէն մինչեւ Ֆրանց Վերֆէլ, Ցեղասպանութենէն վերապրողներուն օժանդակութիւն տրամադրող անհատներէ ու կազմակերպութիւններէ մինչեւ… Ատոլֆ Հիթլէրի տխրահռչակ յայտարարութիւնը (սա թող չդիտուի իբրեւ մեղանչանք) իրենց բաժինը ունին այսօրուան մեր յառաջընթացքին մէջ։ Իսկ 50ամեակի օրերէն սկսեալ, Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ մեր Դատին արդարութեան մասին տարբեր երկիրներու զօրակցական կեցուածքները այլապէս փաստ են, որ անարդարութիւնն ու պետական ոճիրներ չեն կրնար ընդմիշտ քողարկուիլ ու մոռացութեան մատնուիլ, այնքան ատեն որ…
50ամեակէն ետք, եւ ուժական պայքարի դրօշին վերակագնումին զուգահեռ, միջազգային քաղաքական բեմին վրայ Հայ Դատի գործիչներուն իրագործումները նմանապէս յենարան են մեր վերանորոգ պայքարին։ ՄԱԿի Մարդկային Իրաւանց յանձնաժողովի ոլորտներէն ներս հայութեան թափանցումը արդէն ունի շուրջ 45 տարուան պատմութիւն, այդ թափանցումը ենթահող ծառայեց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ մեր պահանջատիրութեան ի նպաստ կեցուած որդեգրող պետութեանց ու հաստատութեանց թիւի աճին։ Ոչ մէկ կասկած, որ յառաջիկայ փուլին, այս ասպարէզը պիտի ըլլայ հայութեան գործին գլխաւոր մէկ ժամադրավայրը։
Միջազգային քաղաքական ու դիւանագիտական բեմերէն ներս մեր մուտքին զուգահեռ, անտեսելի չեն ցուցական ու քարոզչական այն աշխատանքները, որոնք մարմնաւորուեցան հրապարակային հետզհետէ ծաւալող ցոյցերով (Պէյրութ, Երեւան, Լոս Անճելըս, Փարիզ, Նիւ Եորք, քանատական քաղաքներ եւ հայկական այլ օճախներ, ի վերջոյ նուաճելով նաեւ Պոլսոյ Թաքսիմ հրապարակը…), օտարալեզու հրատարակութիւններով ու միջազգային մամուլի աշխարհէն ներս դանդաղ բայց հաստատաքայլ յառաջխաղացքով։
2015ի հանգրուանին կերտումին մէջ, իրենց բաժինը ունին մանաւանդ Արցախի ազատագրումը կերտող սերունդը եւ անոր զոհաբերութեան շօշափելի արդիւնքը՝ անկախ Արցախի գոյատեւումը։ Հայաստանի հանրապետութեան վերականգնումը, որ թէեւ չեղաւ նոյնքան արիւնալի պայքարի արդիւնք, սակայն նո՛յնքան կարեւոր յենարան է մեր այսօրուան իրագործումներուն եւ վաղուան երթին համար։ Այս նշումով, չենք նպատակադրեր Հայաստանի անցած ուղին դիտել Արցախեան Պայքարէն առանձնացած (Հայաստանի դերին պիտի անդրադառնանք հետագային, աւելի լայն ծիրի մէջ)։
Թող անյարիր չնկատուի, եթէ ըսենք, որ Լիբանանի տագնապին օրերուն, հայութեան ապահովութեան ու պաշտպանութեան ճամբուն նահատակ ինկած տղաքը, ինչպէս նաեւ, Սուրիոյ տագնապին մէջ տակաւին արիւնաքամ եղող մեր գաղութին մաքառումը իրենց անփոխարինեալի ու պատուաւոր տեղն ունին մեր պայքարի ճամբուն ընդարձակումին մէջ…։ Իսկ կարելի՞ է մոռնալ կամ երկրորդական նկատել նպաստը բոլոր այն սերունդներուն, անոնք ըլլան մեր երիտասարդութիւնը կերտող ծնողներ ու դաստիարակներ, արուեստագէտներ ու մեր ժողովուրդի հաւաքական կեանքին մէջ ներդում ունեցող անանուն նահատակներ, որոնց »Անծանօթ Զինուոր« որակումը լաւագոյն պատուանշանը պիտի ըլլայ…

***
Վերոյիշեալ հանգրուանները (նաեւ մեր պայքարի պատմութեան հոս չյիշատակուած երեսները) անծանօթ չեն բոլորիս, ոչ ալ անոնցմէ մէկը կամ միւսը ունի քողարկուած երեսներ։
Կրնայինք կարկինը աւելի եւս ընդարձակել, շօշափելու համար այն ամուր յենարանները, որոնք կþամրապնդեն այսօրուան սերունդին երթը։ Կրնայինք երթալ մինչեւ մեր ազատագրական պայքարի տասնամեակները եւ վկայակոչել մեր անմահ ֆետայիները, նոյնինքն Ցեղասպանութեան օրերուն պանծալի հերոսամարտներ կերտող ծանօթ ու անծանօթ զինուորները, անոնց ճամբայ ցոյց տուած Խրիմեան Հայրիկները, Մկրտիչ Փորթուգալեանները, Րաֆֆիները, Մկրտիչ Պեշիկթաշլեանները, Միքայէլ Նալպանտեաններն ու Խաչատուր Աբովեանները, անոնց շառաւիղները հանդիսացած Դանիէլ Վարուժանները, Սիմանաթոները, Ռուբէն Զարդարեանները եւ յեղափոխական մտաւորականներու ամբողջ փաղանգը, կամ, տակաւին, կարել էր ակնարկութիւն ընել խորհրդային տարիներու կարգ մը էջերուն, օրինակի համար՝ Բ. Աշխարհամարտին մէջ սխրանք ու բիւրաւոր նահատակ արձանագրած սերունդին, Ստալինեան ոճրային դաւադրութեանց զոհ գացած սերունդներուն՝ Չարենցէն մինչեւ Բակունց, Թոթովենց եւ ուրիշներ, վկայակոչել անոնց կտակը…
Այս բոլորը աչքի առջեւ ունենալով, 2015ի հանգրուանը, իր իրագործումներով ու ստեղծած հորիզոններով, պէտք է դիտենք մեր նորագոյն պատմութեան ընդհանուր համայնապատկերին մէջ, անդրադառնանք, որ մեր պահանջատիրութիւնը հիմնուած է արդարութեան, պատմական տխուր կամ պանծալի ճշմարտութեանց վրայ, որպէսզի երբ կþըսենք, որ կը վերանորոգենք պայքարի մեր ուխտը եւ զայն շարունակելու վճռակամութիւնը, մենք մեզ զգանք այս ուղին կերտողներուն մէկ մասնիկը, զգանք անցեալէն եկող հզօրանքը եւ, մեր կարգին, 2015ը վերածենք նոր նուաճումներու մեկնակէտ-յենարանի։
100ամեակի ներդրումը պիտի նպաստէ հզօրացման այն հոսանքին, որ աստիճանաբար պիտի խորտակէ մեր իրաւունքներուն դիմաց կանգնող արգելքները, ի վերջոյ նա՛եւ Թուրիոյ պետութեան հարկադրելով ծունկի գալ պատմական ճշմարտութեանց առջեւ եւ ընդառաջել արդար հատուցման մեր բոլոր պահանջերուն։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles