«ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ԴԷՄ ԿԱՏԱՐՈՒԱԾ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՈՃԻՐ Է ԸՆԴԴԷՄ ՄԱՐԴԿՈՒԹԵԱՆ» Յայտնեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

0 0
Read Time:3 Minute, 54 Second

 

5

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ընդառաջելով Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեանի եւ Ազգային Վարչութեան հրաւէրին, Չորեքշաբթի, Մայիս 6-ի Արամ Ա. Կաթողիկոս Հովուապետական այցելութեամբ ժամանեց Միացեալ Նահանգներ: Նորին Սրբութեան այցելութիւնը սկսաւ մայրաքաղաք Ուաշինկթընէն:

Հայկական գաղութներու այցելութեան առընթեր, Նորին Սրբութիւնը շարք մը միջ-եկեղեցական եւ քաղաքական հանդիպումներ ունեցաւ:

Հովուապետական այցելութեան ընթացքին Նորին Սուրբ Օծութեան ընկերացան Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Ա.Մ. Նահանգներու Արեւելեան Թեմի Առաջնորդական Փոխանորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Եպս. Դանիէլեան, Կաթողիկոսարանի Միջ-եկեղեցական բաժանմունքի վարիչ Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան եւ Հոգշ. Տ. Պետրոս Աբղ. Մանուէլեան՝ Գաւազանակիր:

Մայիս 7-ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս յատուկ հրաւէրով ներկայ գտնուեցաւ Քափիթըլ Հիլ, ուր աղօթքով մը բացումը կատարեց Ծերակոյտի նիստին: Նախքան բացման արարողութիւնը, վեհափառ հայրապետը յատուկ հանդիպումներ ունեցաւ ծերակուտական Ճեք Ռիտի, Դեմոկրատական կուսակցութեան ղեկավար, ծերակուտական Հերի Ռէյտի եւ ծերակուտական Տայան Ֆայնըսթայնի հետ:8

Ծերակոյտի նիստին սկիզբը, վեհափառ հայրապետը հրաւիրուեցաւ, որպէսզի աղօթքով բացումը կատարէ: Վեհափառ հայրապետը իր աղօթքին ընթացքին ըսաւ. «Այս տարի 100-ամեակն է Հայոց Ցեղասպանութեան` 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան: Յիշելով մեր մէկուկէս միլիոն նահատակները, արդարութիւն կը պահանջենք: Իրօք, արդարութիւնը Աստուծոյ կողմէ պարգեւ մըն է, հետեւաբար, արդարութեան բռնաբարումը Աստուծոյ դէմ մեղք է»: Ապա, ծերակուտական Ռիտ բոլոր ներկայ ծերակուտականներուն ներկայացուց վեհափառ հայրապետը: Այս արարողութեան ներկայ էին շուրջ երեք հարիւր ազգայիններ:

Վեհափառ հայրապետը ծերակուտականներուն հետ իր հանդիպումներուն ընթացքին անդրադարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին, հայ եւ ամերիկացի ժողովուրդներու բարեկամութեան, Ամերիկայի եւ աշխարհի չորս կողմը կազմակերպուած գաղութներուն եւ Միջին Արեւելքի կացութեան: Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց ամերիկացի ժողովուրդին եւ յատկապէս ամերիկեան մարդասիրական կազմակերպութիւններուն` ցեղասպանութենէն ետք ճողոպրած հայ որբերուն ու հայ ժողովուրդին ցուցաբերած մարդասիրական օժանդակութեան համար:7

Ուաշինկթընի Ազգային Մայր Տաճարին մէջ, Ուրբաթ, Մայիս 8-ին, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Փոխ-նախագահ Ճօ Պայտընի, Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ երկու հազարէ աւելի ժողովուրդի ներկայութեան, խօսք առնելով Արամ Ա. ըսաւ.- «Եթէ նոյնիսկ Ցեղասպանութիւն բառը միջազգային օրէնքի բառամթերքին մաս չէր կազմեր 1915-ին, այն ինչ որ պատահեցաւ հայ ժողովուրդին Օսմանեան թուրք կառավարութեան կողմէ ցեղասպանութիւն էր իր նպատակով եւ իր ոճով՝ այլ խօսքով ոճիր ընդդէմ մարդկութեան»:

Շարունակելով իր խօսքը Նորին Սրբութիւնը յայտնեց, թէ հարիւրամեակը երեք բառերով կարելի է բնորոշել՝ յիշել, յիշեցնել եւ պահանջել. «Մենք յիշեցինք մեր մէկուկէս միլիոն նահատակները ու մի՛շտ պիտի յիշենք, որովհետեւ անոնք մեր ամէնօրեայ պայքարին ու ձգտումներուն մաս կը կազմենե: Շարունակելով իր խօսքը ըսաւ. ,Նահատակները յիշել կը նշանակէ աշխարհին յիշեցնել անոնց կտակը: Ցեղասպանութիւն մը կատարուեցաւ մեր ժողովուրդին դէմ: Լռութիւնը ա՛յլապէս ցեղասպանութիւն է: Միջազգային օրէնքին համաձայն ցեղասպանութիւնը ոճիր է մարդկութեան դէմ, հետեւաբար մարդկութիւնը չի կրնար անտարբեր մնալ այս ոճիրին նկատմամբ»:a aram1

Իր խօսքին վերջին կէտին մէջ Նորին Սուրբ Օծութիւնը շեշտը դրաւ պահանջատիրութեան վրայ ըսելով՝ «Անարդարութիւն գործուած է մեր ժողովուրդին դէմ: Հայ ժողովուրդը իր իրաւունքները կը պահանջէ: Արդարութիւնը աստուածատուր իրաւունք է, մարդիկ չեն կրնար ուրիշներուն իրաւունքները խլել: Մէկուկէս միլիոն հայու արիւն թափած է, մեր ժողովուրդի կալուածները բռնագրաւուած են: Ո՛չ միայն ցեղասպանութեան ճանաչում կը պահանջենք, այլ նաե՛ւ հատուցում: Ներումը քրիստոնէական հաւատքին մաս կը կազմէ. սակայն ներում կը շնորհուի երբ Թուրքիան կ’ընդունի ճշմարտութիւնը եւ այս ձեւով երկու ժողովուրդներուն հաշտութեան առաջնորդող ճամբան կը բանայ»: Վեհափառ Հայրապետին պատգամը յաճախակի առիթներով ծափահարութիւններով ընդհատուեցաւ եւ աւարտին, ներկայ ժողովուրդը յոտընկայս ծափողջոյններով գնահատեց իր սրտին թարգմանը հանդիսացող Հայրապետին խօսքերը:

Միջ-կրօնական արարողութեան ընթացքին խօսք առաւ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Սերժ Սարգսեանը, որ իր կարգին ողջունեց, վերջին շրջանին, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գծով գործնական քայլի դիմած երկիրները եւ կոչ ուղղեց, որ միջազգային համայնքը ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ վերականգնէ հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքները: Խօսք առնելով Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, շեշտեց Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հրամայականը եւ երախտագիտութիւն յայտնեց բոլոր այն երկիրներուն, որոնք իրենց զօրակցութիւնը յայտնած էին հայ ժողովուրդին, թէ՛ մարդասիրական օգնութեան ճամբով եւ թէ ճանչնալով Հայոց Ցեղասպանութիւնը:

Արարողութեան ներկայ էին նաեւ ծերակուտականներ, քոնկրէսի անդամներ, եկեղեցական ներկայացուցիչներ եւ Միացեալ Նահանգներու զանազան շրջաններէ եկած հայորդիներ:6

Շարունակելով իր հանդիպումները՝ պետական, համայնքային ու կրօնական ներկայացուցիչներու հետ, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը «Պաշտպանութիւն Քրիստոնէութեան» ամերիկեան համախմբումի նախագահ Թուֆիք Պաաքլինիի եւ աւագ խորհրդական Անտրու Տորանի:

Արամ Ա. իր բարձր գնահատանքը յայտնեց՝ Միջին Արեւելքէն ներս քրիստոնէական համայնքներու գծով յիշեալ համախմբումին կատարած աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ վերջերս հայ ժողովուրդի պահանջատիրութեան գծով անոր կատարած զօրակցական յայտարարութեան: Հանդիպումը առիթ մը եղաւ ընդհանուր արժեւորումի ենթարկելու Միջին Արեւելքի կացութիւնը եւ յատկապէս վերջին շրջանի զարգացումները: Յայտնենք, որ Յուլիսի կէսերուն, Լիբանանէն ներս միջազգային համագումար մը կը կազմակերպուի Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ համայնքներուն զօրակցութեան նուիրուած:

Վեհափառ Հայրապետը յաջորդաբար ընդունեց Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան ու Արեւելեան թեմերու Ազգային Իշխանութեանց ներկայացուցիչները, Առաջնորդ Սրբազաններու ներկայութեամբ:

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին նաեւ այցելեց Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան եւ Ուաշինկթընի Հայ Դատի գրասենեակի պատասխանատուները:

Վեհափառը նաեւ մօտէն կը հետեւի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Սիսի պատմական Կաթողիկոսարանի վերադարձի գծով Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարանին մօտ բացած դատին ու անոր արձագանգներուն: Կը ծրագրուի յառաջիկային, դատին մասին, մամլոյ ասուլիսներ կազմակերպել, առաջին հերթին Պոլսոյ եւ Ժընեւի, ապա, կարեւոր այլ մայրաքաղաքներու մէջ:

Վեհափառ Հայրապետին ամբողջական պատգամը անգլերէն լեզուով դիտելու համար, այցելել.-  https://www.youtube.com/watch?v=wwUN8gDTmR8&spfreload=10

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles