ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄԷՋ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏԱՐԱԳ, ՊԱՏԳԱՄ ԵՒ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԻ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ԵԶՐԱՓԱԿՈՒՄ

0 0
Read Time:3 Minute, 46 Second

 

9f

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի առիթով կատարուող ձեռնարկներու շրջագիծէն ներս, Շաբաթ, Մայիս 9-ի առաւօտուն, Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ «Անարատ Յղութիւն» Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ: Ներկայ էին Հայ Եկեղեցւոյ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան երկու թեմերու առաջնորդներ՝ Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան եւ Յովնան Արք. Տէրտէրեան: Ներկայ էին երկու հազարէ աւելի հայորդիներ, որոնք ժամանած էին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու զանազան շրջաններ»:

Պատարագը մատուցեց Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը:8g

Օրուան Հայրապետական պատգամը հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով փոխանցեց Արամ Ա. Կաթողիկոս: Վեհափառ Հայրապետը, հայորդիի կեանքէն ներս քրիստոնէական հաւատքի հրամայական անհրաժեշտութեան մասին խօսեցաւ եւ ըսաւ. ,Հաւատքը զՔրիստոս ունենալն է, որպէս մեր կեանքին առանցքը եւ նպատակը: Հաւատքի ճամբով է, որ մենք Քրիստոսը կ’ապրինք. հաւատքի ճամբով է, որ մենք Աստուծոյ կը դառնանք՝ Աստուծոյ հետ կը յարաբերինք. հաւատքի ճամբով է, որ երկինքը կ’ապրինք երկրի վրայե: Ապա, Նորին Սուրբ օծութիւնը անդրադարձաւ հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ եւ հայ ժողովուրդի ինքնութեան կերտման համար քրիստոնէական հաւատքի կարեւորութեան. ,Մեր ժողովուրդի պատմութիւնը եղաւ հաւատքով շաղախուած պատմութիւն: Մեր պատմութեան բոլոր պատերազմները՝ Վարդանանցէն մինչեւ Սարդարապատ, մինչեւ Արցախ, եղան հաւատքի պատերազմներ, մեր ժողովուրդը իր արիւնը թափեց ՛՛վասն հաւատոյ ու վասն հայրենեաց՛՛: Հաւատք եւ հայրենիք միացան՝ ո՛չ մէկ ուժ կրցաւ հաւատքը բաժնել մեր հայրենիքէն եւ հայրենիքը՝ մեր հաւատքէնե:

Վեհափառ Հայրապետը իր պատգամը եզրափակեց վստահեցնելով, որ հայ ժողովուրդը ամրօրէն կառչած պիտի մնայ իր հաւատքին՝ ,Նոյն հաստատակամութեամբ ու հաւատքով միջազգային ընկերութեան դիմաց կանգնած, մեր ժողովուրդի դատին համար արդարութիւն պիտի պահանջենք, որովհետեւ բռնաբարուած են մեր ժողովուրդին մարդկային իրաւունքները ու մեր եկեղեցապատկան, ազգապատկան եւ անհատական կալուածները տակաւին բռնագրաւուած կը մնան ցեղասպանութիւն գործած Օսմանեան թուրք պետութեան ժառանգորդներուն կողմէե յայտնեց Արամ Ա.:

Մայիս 9-ի երեկոյեան, ՛՛Մարիոթ՛՛ պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան եւ Արեւմտեան, Կիլիկեան ու Էջմիածնական թեմերու, 100-ամեակի կեդրոնական յանձնախումբի կազմակերպած եռօրեայ ձեռնարկներու եզրափակիչ ճաշկերոյթը, ներկայութեամբ Գարեգին Բ. եւ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետներուն եւ աւելի քան երկու հազար հայորդիներու:9c

Ճաշկերոյթին ներկայ էին նաեւ ամերիկացի զանազան պետական, քաղաքական ու օտար մտաւորականներ, որոնք հրաւիրուած էին յանձնախումբին կողմէ խօսք առնելու եւ կամ պարգեւատրուելու՝ առ ի երախտագիտութիւն Հայ Դատի աշխատանքներուն իրենց ցուցաբերած զօրակցութեան: Խօսք առին ու պարգեւները բաշխեցին երկու Վեհափառ Հայրապետները:

Կիրակի, 10 Մայիս 2015-ի առաւօտուն, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Հովուապետական այցելութեան սկսաւ եւ այցելեց Ուաշինկթընի Սուրբ Խաչ եկեղեցին, ուր Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին ներկայ գտնուեցաւ եւ Հայրապետական պատգամը փոխանցեց ներկայ ժողովուրդին: Նորին Սրբութիւնը դիմաւորուեցաւ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Տոքթ. Տրդատ Մանկիկեանի եւ Ազգային Վարչութեան ու եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան անդամներուն կողմէ: Վեհափառ Հայրապետին կ’ընկերանային Ա.Մ.Նահանգներու Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեան, Ա.Մ. Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Ա.Մ. Նահանգներու Արեւելեան Թեմի Առաջնորդական Փոխանորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Եպս. Դանիէլեան, Կաթողիկոսարանի Միջ-եկեղեցական բաժանմունքի վարիչ Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան եւ Հոգշ. Տ. Պետրոս Աբղ. Մանուէլեան՝ Գաւազանակիր:

Օշական Արք. Չօլոյեան յանուն ներկայ ժողովուրդին իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին, որ ընդառաջեց Ազգային Վարչութեան եւ իր հրաւէրին ու Հովուապետական այցելութեան համար ժամանեց Ա.Մ. Նահանգներ: Ապա, հրաւիրեց Նորին Սրբութիւնը, որ օրուան պատգամը փոխանցէ:8a

Վեհափառ Հայրապետը գնահատելէ ետք Առաջնորդ Սրբազանին եւ Ազգային Վարչութեան ծրագիրը, անդրադարձաւ Հովուապետական այցելութեան ընդհանուր բնաբանին՝ ,Հաւատարմութիւն մեր արմատներունե:

Ան ընդգծեց մեր ազգին հոգեւոր, մշակութային եւ ազգային արմատներուն կարեւորութիւնը եւ լուսարձակի տակ առաւ Հայ Եկեղեցւոյ դերակատարութիւնը. ,Մեր ժողովուրդի պատմութեան մէջ մեր եկեղեցին կարեւոր դեր ունեցաւ: Մեր ժողովուրդին շատ մը կառոյցները քանդուած են, պետականութիւնն ու անկախութիւնը կորսնցուցած ենք, միակ կառոյցը, որ մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ մնացած է Գրիգոր Լուսաւորիչէն սկսեալ մինչեւ այսօր, մեր եկեղեցին է: Հակառակ այն իրողութեան, որ մեր եկեղեցին եւս որոշ դժուարութիւններ ունեցած է, սակայն որպէս հոգեւոր կառոյց՝ եղած է ճառագայթող իրականութիւն եւ լուսաւորիչ ներկայութիւն մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս: Հետեւաբար, երբ խօսինք մեր ժողովուրդի արմատներուն մասին, առաջին հերթին պէտք է դառնանք մեր եկեղեցւոյե:

Նորին Սրբութիւնը մշակոյթը եւս նկատեց հայ ժողովուրդին մէկ կարեւոր արմատը: Անդրադառնալով ազգային պահանջատիրութեան, ան ըսաւ. ,Մեզի համար մեր ազգային պահանջատիրութիւնը շրջագիծ, թուական եւ վայր չի ճանչնար: Մեր նպատակն է Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ հատուցումը: Այնքան ատեն, որ մեր այս նուիրական նպատակը չէ իրականացուած մենք պիտի շարունակենք մեր հաւաքական ու ազգային պայքարը: Եթէ մենք մեր եկեղեցին, մշակոյթը եւ ազգային պահանջատիրութիւնը դուրս հանենք մեր ազգին կեանքէն՝ կը մնանք առանց արմատներու: Շնորհիւ այս արժէքներուն մեր ժողովուրդը մնաց կանգուն մեր պատմութեան փոթորիկներուն դիմացե:

Պատարագի աւարտին, ի պատիւ Վեհափառ Հայրապետին եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ սիրոյ սեղան: Ներկաները մեր եկեղեցւոյ եւ Սիսի Կաթողիկոսարանի վերադարձի դատին մասին զանազան հարցումներ ուղղեցին իրենց Հովուապետին, որ իր կարգին լուսաբանեց զիրենք: Իսկ գաղութի մանուկները ասմունքներ կատարեցին եւ Նորին Սրբութեան ու ժողովուրդին գնահատանքին արժանացան:

Նշենք, որ նախքան պատարագի մեկնումը Գարեգին Բ. եւ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետները իրենց իջեւանած պանդոկի սրահներէն մէկուն մէջ, նախագահեցին Ա.Մ. Նահանգներու Արեւելեան թեմերու երկու առաջնորդներուն մայրերու օրուան առիթով կազմակերպած եկեղեցական արարողութեան, իրենց Հայրապետական պատգամները փոխանցեցին եւ աջահամբոյրով օրհնեցին հայ մայրերը:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles