ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստան, անցեալ շաբաթավերջին նշեց Յաղթանակի եւ խաղաղութեան տօնը, իսկ Արցախը` Մայիսեան Եռատօնը:
Տօնին առիթով նախագահ Սերժ Սարգսեանի յղած շնորհաւորական ուղերձին մէջ կը նշուի.- «Սիրելի՛ հայրենակիցներ, սրտանց կը շնորհաւորեմ ձեզ Յաղթանակի եւ խաղաղութեան տօնին առիթով: Այսօր առանձնայատուկ` յոբելենական օր է: Կը լրանայ Համաշխարհային Բ. պատերազմին տարուած պատմական յաղթանակին 70-րդ տարեդարձը: Խորհրդային բազմազգ բանակի խորտակիչ հարուածն էր, որ 1945 թուականի Մայիսին Եւրոպայի մէջ վճռեց պատերազմի ելքը: Մենք եղած ենք արդարութեան, ազատութեան ու մարդասիրութեան խրամատին մէջ` ընդդէմ հակամարդկային գաղափարախօսութեան, բռնութեան ու բարբարոսութեան: Հերոսաբար կռուելով ամէնէն տարբեր ճակատներուն վրայ, մենք պաշտպանած ենք նաեւ մեր հայրենիքը` Հայաստանը:
«Խորհրդանշական զուգադիպութեամբ 1992 թուականի մայիսեան նոյն օրը ազատագրուեցաւ հայոց հինաւուրց բերդաքաղաքը` Շուշին: Իրենց հայրերուն ու պապերուն օրինակով դաստիարակուած մերօրեայ հերոսները կրկնեցին նախնիներուն սխրանքը` յայտնուելով նոյն` արդարութեան, ազատութեան ու մարդասիրութեան խրամատին մէջ` ընդդէմ հայատեացութեան, բռնութեան ու բարբարոսութեան»:
Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի խօսքին մէջ կը նշուի թէ.- «70 տարի առաջ այս օրը խաղաղութեան աւետիսը հնչեց աշխարհին` ուրախութեամբ համակելով եւ լուսաւորելով հոգիները նաեւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն, որոնք հերոսական մասնակցութիւն ունեցան ֆաշականութեան դէմ պայքարին մէջ եւ յաղթանակի կերտման գործին մէջ: Հայրենասիրութեան նոյն անվեհեր ոգիով ծնունդ առաւ եւ յաղթանակով պսակուեցաւ նաեւ Արցախի ազատամարտը` դառնալով հերոսական ու փառապանծ յաղթանակի նոր էջը մեր պատմութեան»:
Տօնական ուղերձներ յղած են նաեւ Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեան, վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ:
Արցախի մէջ նշուող Մայիսեան Եռատօնին առիթով շնորհաւորական ուղերձ յղած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան:
«Մեր ժողովուրդի ազատատենչ ոգիի եւ անկոտրում կամքի շնորհիւ անկախութեան տարիներուն մենք արձանագրեցինք մեծ յաջողութիւններ եւ ձեռքբերումներ: Միայն այսպէս` համախմբուած ու միասնական կրնանք լուծել մեր առջեւ ծառացած խնդիրները, կեանքի կոչել տարբեր ծրագիրներ եւ հասնիլ համազգային նպատակներու իրականացման», կը յայտնէ նախագահ Բակօ Սահակեան:
Տօնին առիթով Երեւանի եւ Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցան հանդիսութիւններ եւ զօրահանդէսներ:
Նշենք թէ, Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցաւ Ռուսաստաի պատմութեան մէջ մեծագոյն զօրահանդէսը: Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան մասնակցեցաւ Մոսկուայի մէջ Համաշխարհային Բ. պատերազմի յաղթանակի 70-րդ տարեդարձին նուիրուած տօնական ձեռնարկներուն:
Յաղթանակին նուիրուած զօրահանդէսը, ծաղիկներ զետեղեց Անյայտ զինուորի գերեզմանին, որմէ ետք Քրեմլինի Մեծ պալատին մէջ մասնակցեցաւ յոբելեանին առիթով Ռուսաստանի նախագահ Փութինի տօնական ընդունելութեան:
Այս առթիւ, նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ այցելեց Մոսկուայի Կարմիր հրապարակին վրայ գտնուող մարաջախտ Յովհաննէս Բաղրամեանի գերեզմանը, ծաղկեպսակ զետեղած եւ յարգանքի տուրք մատուցած զօրավարի յիշատակին: