ԶԱՆԱԶԱՆ ԳԱՂԹՕՃԱԽՆԵՐԷ ՆԵՐՍ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐ

0 0
Read Time:7 Minute, 47 Second

damas Opening

 

Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ձեռնարկներու մասին հատորներ կարելի է հրատարակել: Ամէնուրէք պատշաճօրէն նշուեցաւ 100-ամեակը: Նոյնիսկ Լիբանանի մէջ, բոլոր դպրոցները փակուեցան եւ յայտարարուեցաւ սուգի օր: Փարիզի մէջ կատարուեցաւ աննախընթաց ցոյց:

Հետաքրքրական է անդրադառնալ համեմատաբար փոքր գաղութներէ ներս կատարուած ձեռնարկներու մասին:

Իւրայատուկ է Սուրիոյ պարագան, ուր տարիներ առաջ Տէր Զօրը կը նկատուէր հարիւրամեակի կարեւորագոյն հաւաքատեղին, սակայն պատերազմն ու անապահով կացութիւնը նոյնիսկ պատճառ դարձան որ Հալէպի մէջ ալ համեմատաբար աւելի համեստ հաւաքներ կազմակերպուին:Damas1

Փոխարէն Դամասկոսի հայութիւնը ամբողջական եւ յագեցած յայտագիրներով ոգեկոչեց 100-ամեակը: Ձեռնարկներու շարքը սկսաւ Ապրիլ 23-ին` հսկումի երեկոյով, որ տեղի ունեցաւ Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ բակին մէջ, ուր ներկայ բազմութիւնը հետեւեցաւ սրբադասման արարողութեան: Ապա տեղի ունեցաւ երիտասարդական հսկում, ուր ներկայ գտնուեցան Սուրիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Արշակ Փոլատեան, հիւպատոս Արշակ Յարութիւնեան, երեսփոխաններ, Դամասկոսի միութիւններու ներկայացուցիչներ, հոգեւոր հայրեր եւ հոծ բազմութիւն մը:

Սուրիոյ եւ Հայաստանի քայլերգներէն ետք ներկաները ծաղիկներ զետեղեցին սկաուտներուն կողմէ պատրաստուած Ծիծեռնակաբերդի մանրակերտին առջեւ, ապա փողերախումբով ուղղուեցան սրահ: Արաբերէն լեզուով բացման խօսքը արտասանեց Րաֆֆի Պեքերեճեան, իսկ հայերէնով երիտասարդութեան խօսքը փոխանցեց Յովիկ Պօղոս: Դեսպան դոկտ. Արշակ Փոլատեան իր սրտի խօսքը փոխանցեց, եւ երեկոն փակուեցաւ հոգեւոր հայրերու պահպանիջով:damas mom

Դամասկոսի համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ ,Սուրիան դէպի վերակառուցմանե նիւթով միջազգային գիտաժողովը,  որուն մասնակցեցան ,Խաղաղութեան գործիչներե-ու պատուիրակութիւն մը եւ համալսարանի դասախօսական կազմը: Երկրորդ նիստին դոկտ. Նորա Արիսեան ներկայացուց ,Հայոց Ցեղասպանութիւնը` շարունակուող ոճիրե վերնագիրով նիւթը: Գիտաժողովի կողքին տեղի ունեցաւ հայկական ջարդի նկարներու ցուցահանդէս:

Ապրիլ 24-ին սուրբ պատարագներ մատուցուեցան Ս. Սարգիս հայ առաքելական եւ Թագուհի Տիեզերաց հայ կաթողիկէ եկեղեցիներուն մէջ: Ապա Ամինեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ընդհանուր ձեռնարկ, կազմակերպութեամբ` Դամասկոսի հարիւրամեակի մարմինին եւ հովանաւորութեամբ երեք համայնքապետերու: Ներկայ գտնուեցան երեսփոխաններ, հոգեւոր առաջնորդներ եւ հոծ բազմութիւն: Բացման խօսքը կատարեց Միհրան Ղազարեան, ապա խօսք առին մտաւորական Ժորժ Ժապուր, բեմագիր Հասան Մ. Եուսեֆ, որոնք անդրադարձան Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի իմաստին ու Թուրքիոյ ժխտման: Խօսք առաւ նաեւ դեսպան դոկտ. Արշակ Փոլատեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց Սուրիոյ վերջին շրջանին կատարուած յայտարարութիւններուն համար:

Փակման խօսքը արտասանեց Հայ կաթողիկէ Առաջնորդ հայր Յովսէփ Արնաութեան:

Ապրիլ 26-ին տեղի ունեցաւ «Հայոց Ցեղասպանութեան Սրբոց Նահատակաց hրապարակե-ի բացումը եւ յուշարձանի հիմնարկէքի արարողութիւնը` ներկայութեամբ  դեսպան Արշակ Փոլատեանի, Բնապահպանութեան նախարարին, Դամասկոսի նահանգապետին, բազմաթիւ երեսփոխաններու, Ասորի ուղղափառ պատրիարք Աֆրամ Բ.ի, հոգեւոր առաջնորդներու, ,Խաղաղութեան գործիչներ»ու պատուիրակութեան, պետական անձնաւորութիւններու եւ հոծ բազմութեան: Իսկ, երեկոյեան տեղի ունեցաւ մոմավառութեան քայլարշաւ` որ ընթացք առաւ նախապէս հայերու գաղթավայր եղած թաղամասէն դէպի  «Հայոց Ցեղասպանութեան Սրբոց Նահատակաց հրապարակ», մասնակցութեամբ դեսպան Փոլատեանին, Դամասկոսի քոյր եկեղեցիներու հոգեւոր առաջնորդներուն, արաբ տեղացիներու եւ դամասկահայերու: Հայոց ցեղասպանութեան Սրբոց Նահատակաց հրապարակ հաւաքուելէն ետք, Դամասկոսի Հայոց թեմի առաջնորդ Արմաշ Եպս. Նալպանտեան արաբերէն լեզուով ընթերցեց հարիւրամեակի առթիւ համահայկական հռչակագիրը:

 

ԻՐԱՔ

iraq-1Իրաքի քրտական ինքնավար շրջանի խորհրդարանի հայ երեսփոխան Երուանդ Նիսան Մարկոս 1915-ին տեղի ունեցածը իբրեւ ցեղասպանութիւն ճանչցող օրինագիծ ներկայացուց: Իրաքի քրտական շրջանի խորհրդարանի անդամներուն մեծ մասը կ՛աջակցի Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող նախագիծին:

Էրպիլի Այնքաուա քաղաքին մէջ ալ կատարուեցաւ յատուկ ոգեկոչում:iraq_erbil

Ձեռնարկը կատարուեցաւ Քաղդէացիներու Ում Մաունա եկեղեցւոյ մէջ Ս. Պատարագի մատուցումով: Պատարագին ներկայ էին բազմաթիւ հաւատացեալներ` հայեր, ասորիներ, քաղդէացիներ, ինչպէս նաեւ քրտական ինքնավար շրջանի տեղական կառավարութեան ներկայացուցիչներ, քիւրտեր եւ եզիտիներ: Ձեռնարկին արտասանուեցան խօսքեր, ինչպէս նաեւ բանաստեղծութիւններ, ցուցադրուեցաւ Երեւանի մէջ ցեղասպանութեան արարողութիւններէն արձակուած տեսանիւթեր, նաեւ Վատիկանի պապի քարոզի խօսքէն հատուածներ:iraq_dhok

Հայ առաքելական եկեղեցին Իրաքի Տհոք քաղաքին մէջ նշեց 100-ամեակը: Ձեռնարկներու շարքին կազմակերպուեցաւ լուսանկարներու ցուցահանդէս, ուր ներկայացուած են այն դաժանութիւնները,  որոնց ենթարկուած է եւ կ’ենթարկուի մարդկութիւնը: Իրաքի քրտական ինքնավար շրջանին մէջ կ’ապրին աւելի քան 3500 հայեր, որոնց մեծամասնութիւնը կեդրոնացած են Տհոք քաղաքին եւ անոր մերձակայ շրջաններուն` Հաւրէզքի եւ Աւզրուկի մէջ. անոնք հայ առաքելական եկեղեցւոյ զաւակներ են:

 

iran

iran2Զանազան շրջաններէ ներս կազմակերպուեցան Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին նուիրուած ձեռնարկներ: Ամէնէն յատկանշականը Թեհրանի հայ համայնքին կազմակերպած բողոքի ցոյցն էր` Իրանի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան դիմաց: Նշեալ բողոքի ցոյցին կողքին տեղի ունեցաւ նաեւ բողոքի քայլարշաւ` Նոր Ջուղայի մէջ, բողոքի հաւաք` Թաւրիզի մէջ, իսկ Ապրիլ 23-ի երեկոյեան Թեհրանի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հսկում եւ մոմավառութիւն:

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած կեդրոնական ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Հայ մշակութային “Արարատ“ կազմակերպութեան մարզադաշտին մէջ:

 

ՉԻՆԱՍՏԱՆ

Ապրիլ 24-25-ին, Չինաստանի Նանճինկ եւ Շանկհայ քաղաքներուն մէջ տեղի ունեցան յիշատակման եւ ոգեկոչման արարողութիւններ: Նանճինկ քաղաքը ընտրուած էր իբրեւ ցեղասպանութեան յիշատակման կեդրոն, քանի որ 1937-ին ճափոնցիները Նանճինկի մէջ կոտորած են 300,000 չինացիներ եւ ինչպէս Հայոց Ցեղասպանութեան պարագային` կոտորածներուն կազմակերպիչները չեն ընդունիր իրենց մեղքը:china

Չինաստանի մէջ հայկական համայնքի անդամները այցելեցին Նանճինկի ցեղասպանութեան թանգարան եւ ծաղիկներ զետեղեցին Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Նանճինկի ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: Արուեստի համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ նկարներու ցուցահանդէս, դաշնակի համերգ եւ ,Գետը կարմիր կը հոսիե ժապաւէնի ցուցադրութիւն: Ապա Չինաստանի հայկական համայնքի անդամները ներկայացուցին իրենց նախնիներուն` ցեղասպանութեան մասին պատմած տեղեկութիւնները` հաստատելով, որ կը յիշեն եւ կը պահանջեն: Իսկ, Շանկհայի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակման երեկոյ, որ աւարտեցաւ Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին կազմակերպուած մոմավառութեամբ:

ՅՈՒՆԱՍՏԱՆ

greece athens

Ապրիլ 19-ին, Աթէնքի մէջ նշուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը: Օրուան նախագահ Արաքսի Աբէլեան-Գոլանեան, ,Կը յիշեմ եւ կը պահանջեմե կարգախօսի հիմամբ, շեշտեց 100-ամեակի ձեռնարկներու կազմակերպման խոր անհրաժեշտութիւնը` որպէս յուշ մեր անցեալին, այլ նաեւ` պահանջ եւ յարատեւ պայքարի խոստում, մինչեւ հայութեան արդար պահանջքներու իրականացումը: Կիպրոսի երեսփոխան տոքթ. Էլենի Թէոխարուս իր խօսքին մէջ դատապարտեց Թուրքիոյ մերժողական կեցուածքը, մատնացոյց ըրաւ Թուրքիոյ փանթուրանական ծրագրի ծալքերը, շեշտեց Ատրպէյճանի յարձակողապաշտ քաղաքականութիւնը եւ բացայայտեց Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կեղծաւոր կեցուածքները: Ան մարդկային բարոյական բարձր արժէքներն ու սկզբունքները վկայակոչելով` խօսեցաւ հայ ազգի պատմութեան մասին, հերոսական Արցախի ազատագրական պայքարը վկայակոչելով եւ յոյս յայտնելով, որ օրը պիտի գայ, երբ Կիպրոսի ազատագրումն ալ պատմական իրողութիւն պիտի դառնայ: Ան անդրադարձաւ հայ-յոյն ազգերու եղբայրական դարաւոր ու ճշմարիտ կապերուն` նշելով, թէ իր մտքին մէջ վառ կը պահուին հայ գաղթական բեկորները, որոնք ապաստան փնտռեցին ու գտան հիւրընկալ Յունաստանի եւ Կիպրոսի մէջ:greece

Թէոխարուս խօսեցաւ նաեւ Եւրոպական խորհրդարանին մէջ որդեգրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի բանաձեւի մասին` նշելով, թէ ազատ եւ արդար մարդոց պարտքն է յիշեցնել Թուրքիոյ իր պարտաւորութիւնները, մանաւանդ այսօր, Հայոց Ցեղասպանութենէն 100 տարիներ ետք, գիտակցելով, թէ ազգի մը ցեղասպանութիւնը պատմական ճշմարտութիւն ըլլալէ անդին` նաեւ քաղաքական իրողութիւն մըն է:

Ողջոյնի խօսք ուղղեցին Ատիկէի փոխմարզպետ Էրմինա Քիփրիանիտու, Յունաստանի մէջ Հայաստանի դեսպան Գագիկ Ղալաչեան, հելլէն խորհրդարանի փոխնախագահ Պալաֆաս, հելլէն կառավարութեան կողմէ պաշտպանութեան փոխնախարար Նիքոս Թոսքաս, որոնք դատապարտեցին Թուրքիոյ կեցուածքը, որ ուժը չէ ունեցած ընդունելու պատմական ճշմարտութիւնը եւ կը շարունակէ աղաւաղումներով ու կեղծիքներով մերժողական կեցուածք ցուցաբերել: Հայ երիտասարդութեան խօսքը արտասանեց Արման Մենենտեան, որմէ ետք ներկաները ուղղուեցան Սինտակմայի հրապարակը, ուր Անծանօթ զինուորի յուշադամբանին առջեւ զետեղուեցան դափնեպսակներ:greece tessalonik

Ուրբաթ, Ապրիլ 24¬ին, Հայոց Ցեղասպանութեան 100¬ամեայ տարելիցին առիթով Յունաստանի մէջ հազարաւոր մարդիկ համախմբուեցան Աթէնքի եւ Թեսաղոնիկէի մէջ կազմակերպուած ցոյցերուն:

Ցուցարարները ուղղուեցան թէ Աթէնքի թրքական դեսպանատուն եւ Թեսաղոնիկէի թրքական հիւպատոսութիւն: Թեսաղոնիկէի ցոյցին մասնակցելու համար Թրակիայէն եւս հանրակառքերով ժողովուրդ փոխադրուած էր:

Սինտակմայի աստիճաններուն վրայ շարքի կանգնած Հ.Յ.Դ. Պատանեկան միութեան անդամները արձակեցին հարիւր փուչիկ, Աթէնքի երկինքը զարդարելով կարմիր գոյնով:

Ցոյցը յառաջացաւ հայ երիտասարդներու եւ պատանիներու առաջնորդութեամբ, որոնք հագած էին սեւ եւ ճերմակ շապիկներ` 100-ամեակի խորհրդանշանով: Անոնք պարզած էին հսկայ ու երկար Եռագոյն դրօշակ մը եւ կը կրէին բազմաթիւ հայկական եռագոյն եւ յունական ազգային փոքր դրօշակներ ու պահանջատիրական լօզունգներ կրող մեծադիր պաստառներ: Ցոյցին իրենց մասնակցութիւնը բերին յոյն-պոնտական կազմակերպութիւններու եւ ասորիներու ներկայացուցիչները:

Ցուցարարները լօզունգներ կրկնելով` քալեցին խորհրդարանի շէնքին առջեւէն ու յառաջացան դէպի Ռիղիլիս պողոտայի խաչմերուկ` պահ մը կանգ առնելով Ատրպէյճանի դեսպանութեան առջեւ եւ ,Արցախը մերն էե լօզունգը վանկարկելով: Ապա ցուցարարները ուղղուեցան դէպի թրքական դեսպանատուն, ուր թոյլ չտրուեցաւ յանձնել թրքական պետութեան ուղղուած յուշագիրը: Պատուիրակութեան անդամները թրքական դեսպանատան դէմ կանգնելով` երգեցին հայկական ազգային քայլերգը, բարձրաձայն պատգամ ուղարկելով Թուրքիոյ պետութեան:greece_kos

Թեսաղոնիկէի մէջ կատարուեցաւ ցոյց: Պահանջատիրական լօզունգներ հնչեցին ցոյցի ամբողջ տեւողութեան, ապա երբ ցուցարարները հասան շէնքին առջեւ, պատուիրակութիւն մը փորձեց յանձնել Թուրքիոյ պետութեան ուղղուած յուշագիրը: Հայութեան պահանջները ամփոփող գրութիւնը սակայն կարելի չեղաւ յանձնել, եւ ցուցարարները շարունակեցին իրենց պահանջատիրական լօզունգերը բացագանչել` յստակ պատգամ փոխանցելով Թուրքիոյ:

Քոս կղզիին մէջ ապրող հայութիւնը յատուկ կերպով նշեց Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը:

Ելոյթներու շարքը սկսաւ կղզիի քաղաքապետական խորհուրդի նիստերու սրահին մէջ կազմակերպուած ձեռնարկով: Խօսք առաւ փոխքաղաքապետ Քրիթիքոս, որ քաղաքապետին ողջոյնները փոխանցեց ներկաներուն եւ իր զօրակցութիւնը յայտնեց հայ ժողովուրդի արդար պահանջներուն:

Յատուկ նշում կատարուեցաւ Հայաստանի Ազգային ժողովին կողմէ յոյներու եւ ասորիներու ցեղասպանութեանց ճանաչման բանաձեւին, ինչպէս եւ Յունաստանի խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացման դէմ որդեգրուած օրէնքին` շեշտը դնելով հայ եւ յոյն եղբայրակից ժողովուրդներու դարաւոր բարեկամութեան վրայ:

Ապա կատարուեցաւ քայլարշաւ` Ազատութեան հրապարակէն մինչեւ Անծանօթ զինուորի յուշադամբանը, ուր ծաղկեպսակներ զետեղուեցան Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակին:

 

ՍՊԱՆԻԱ

spain_madridԱպրիլ 13-ին, մայրաքաղաք Մատրիտի թագաւորական ,Ալմուտենաե տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ  պատարագ` նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: Պատարագը մատուցեց Մատրիտի Քարլոս Օսորօ Արք. Սիերա` մասնակցութեամբ Սպանիոյ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներու:

Իր խօսքին մէջ  Օսորօ Արք. Սիերան նշեց, որ պատարագը նուիրուած է հայերու վերապրած ողբերգութեան ու դժոխային տառապանքներուն: Ան նկատել տուաւ, որ ներկայ իրավիճակը արդիւնքն է Մերձաւոր Արեւելքի զանազան երկիրներու մէջ ժամանակին ցուցաբերուած անտարբերութեան եւ լուռ կենալուն:

Երախտագիտական խօսքով հանդէս եկաւ Սպանիոյ եւ Փորթուգալի մէջ հայրապետական պատուիրակի ընդհանուր փոխանորդ  Սասուն քհնյ. Զմրուխտեան, որ հաստատեց, թէ Կաթողիկէ եկեղեցին հայ ժողովուրդի ծանր եւ յաղթական օրերուն միասին եղած է եւ անհրաժեշտութեան պարագային օգնութեան ձեռք երկարած է:

Սպանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Աւետ Ադոնց իր ելոյթին մէջ յայտնեց, թէ մենք կը յիշենք Հայոց Ցեղասպանութիւնը ոչ միայն սգալու համար մեր կորուստները, այլեւ` մեր երախտիքի խօսքը ըսելու այն երկրներուն ու անհատներուն, որոնք ժամանակին օգնութեան ձեռք երկարեցին մեր հայրենակիցներուն, փրկեցին եւ ապաստան տուին անոնց: Ան նկատել տուաւ, որ  Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ դատապարտման հիմնական նպատակներէն մէկը նման ոճրագործութիւններու հետագայ կանխարգիլումն է, աւելցնելով, որ միասին այս ուղղութեամբ համատեղ աշխատելով կ՛ունենանք անվտանգ, պաշտպանուած եւ արդար աշխարհ: Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն` հայոց կողքին ըլլալնուն համար:

 

ԼԵՀԱՍՏԱՆ

polandՎրոցլաւ քաղաքին մէջ 18 մեթր քառակուսի տարածքով երեք հսկայ ցուցապաստառներ տեղադրուեցան քաղաքի կեդրոնական հրապարակներուն վրայ, նախաձեռնութեամբ տեղւոյն հայ գաղութին: Այս առիթով Վրոցլաւ քաղաքի կեդրոնական հրապարակին վրայ կատարուեցաւ նաեւ ,Հանդիսանալ վկաներու վկանե խորագիրը կրող եւ Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած նկարներու եւ պատմական տեղեկութիւններու ցուցահանդէսի բացումը: Ցուցահանդէսի կողքին, միջազգային համբաւ վայելող ճափոնցի արուեստագէտ ու դերասան Տայսուքէ Եոշիմոթոյի բեմադրական անհատական արուեստի ընդմէջէն ներկայացուց  հայ ժողովուրդի ցեղասպանութեան թեման` դառնալով այդ տանջանքներու ու դառնութիւններու նոյնինքն վկան:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles