ՏԻԳՐԱՆԱԿԵՐՏԻ ՄԷՋ .- ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՇԱՃ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ

0 0
Read Time:43 Second

p1

ԼՈՆՏՈՆ.- «Կոմիտաս» հիմնարկը յատուկ հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, թէ Թուրքիոյ մարդկային իրաւանց ընկերակցութեան գործակցութեամբ, յառաջիկայ Ապրիլ 22-24, 2015-ին, Տիգրանակերտի մէջ պիտի կազմակերպէ Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ոգեկոչման ձեռնարկներու շարք մը:
Տիգրանակերտի քաղաքապետութիւնը, արդէն իսկ տարիներ առաջ հովանաւորած էր, տեղւոյն Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ վերակառուցման աշխատանքը: Անցեալ տարի, Ցեղասպանութեան ոգեկոչման ընթացքին հայերուն զօրակցած են տեղացիներ: Անոնց շարքին էին ականաւոր քաղաքագէտներ, փաստաբաններ, մարդկային իրաւանց գործիչներ եւ ուրիշներ:
Հիմնարկը որ նախապէս եւս յաջող կերպով կազմակերպած է ձեռնարկներ Տիգրանակերտի մէջ, ներառեալ՝ Հայկական Ցեղասպանութեան ոգեկոչումը, կը նշէ, որ Տիգրանակերտը նկատի առնուած է, որովհետեւ Տիարպեքիր նահանգը Հայկական Ցեղասպանութեան գործադրութեան գլխաւոր թատերաբեմերէն մէկն էր: Անոր կառավարիչ Ռաշիտ Պէյը 1915-ին մեծ դերակատարութիւն ունեցած է Ցեղասպանութեան գործադրութեան մէջ:
«Կոմիտաս» հիմնարկը կը նշէ, որ յառաջիկայ Ապրիլին Տիգրանակերտի մէջ հայկական մեծաթիւ ներկայութիւն մը բարոյական ու քաղաքական մեծ նշանակութիւն պիտի ունենայ եւ պիտի ամրապնդէ հայ-քրտական համերաշխութիւնը, ինչպէս նաեւ մարտահրաւէր ուղղէ Թուրքիոյ կողմէ Ցեղասպանութեան ժխտումին:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles