Գերմանիա, Դեկտեմբեր 2014
»Հայկական Հարցը այլեւս գոյութիւն չոընի«
Թալաաթ Փաշա Գերմանիոյ Վարչապետին՝
Ֆոն Պեթման Հոլվէկ – Պերլին
«Այս ամսուայ 2¬ին, Թալաաթ Պէյը ինձ յանձնեց պատճէն գերմաներէն թարգմանուած զանազան հեռագիրներու հրամանները, որ ան հայերու հալածանքներու նկատմամբ ղրկած է գաւառներու գերիշխան մարմիններուն։
Ան կþուզէր ատով փաստեր յանձնել, որ Կեդրոնական Պետութիւնը լրջօրէն ջանք կը թափէ, երկրին մէջ տեղի ունեցած անկարգութիւնները հայերուն հանդէպ վերջ պիտի դնէ եւ անոնք որ աքսորուած են փոխադրութեան մէջ են անոնց սնունդի հոգը կը ստանձնէ։
Այս կապակցութեամբ Թալաաթ Պէյը քանի մը օրեր առաջ մեր ներկայութեամբ հետեւեալ կարծիքը յայտնեց.- (Հայկական Հարցը այլեւս գոյութիւն չունի – Die armenische Frage existiet nicht mehr.)
Գերմանիոյ դեսպան՝
Կոնստանդնուպոլիս Սեպտեմբեր 4, 1915»
Նոյեմբեր 1, 1918-ի գիշեր գերմանական «Լորըլէյ» ռազմանաւը Պոսփորի ջուրերուն վրայէն կը սահէր դէպի Սեւ ծով։ Նաւուն մէջ կը գտնուէին երիտթուրքերու «Միութիւն եւ Յառաջդիմութիւն» կուսակցութեան ղեկավար անդամները, որոնք իրենց երկիրը կը լքէին Ա. Աշխարհամարտէն ետք աւերակներու տակ ձգելէ ետք եւ Գերմանիոյ մէջ փրկուելու համար ձերբակալութենէ եւ պատիժէ։
«Անմարդկայնութեան չքմեղանքներ, գերմանական պաշտօնական կեցուածքը 1915¬ի հայասպանութեան հանդէպ Թուրքիոյ ֆաշական վարչակարգը ծրագրեց Հայկական Ցեղասպանութիւնը՝ ժամանակի մեծ պետութիւններէ Գերմանիոյ գիտակցութեամբ եւ մեղսակցութեամբ, մինչ դաշնակիցները բուռն բողոք բարձրացուցին, վերաբերում, որ չէր բխեր մարդասիրական նկատումներէն, որովհետեւ նոյն այդ բողոքող պետութիւնները այսօր լուռ են եւ կը ճգնին կասկածի տակ առնել Ցեղասպանութեան իրողութիւնը։
Գերմանիան հնարաւորութիւն ունէր կասեցնելու կոտորածները։ Երիտթուքերու վարչակարգը կանգուն էր Գերմանիոյ օժանդակութիւններու շնորհիւ։ Հայասպանութեան մէջ Գերմանիոյ մեղսակցութիւնը աւելի շեշտակի կը դառնայ այն բանով, որ վերջինս հրապարակ եկաւ նաեւ Ցեղապանութեան իրողութեան քօղարկումով եւ մերժումով։ Երիտթուրքերու կործանումէն ետք, նաեփւ Գերմանիան փոփոխութեան չենթարկեց իր կեցուածքը»։
Ամերիկացի պատմագէտ Սուզըն Բ. Պլէր 2004
Մարդիք կան, որոնք հեռուէն մեծ կþերեւին, յարգանք կþունենաս անոնց հանդէպ։ Բայց երբ պատեհութիւն կþունենաս մօտէն ճանչնալու զանոնք, կը պզտիկնան։ Մարդիկ ալ կան, ընդհակառակն, իրական մեծութիւններ, որոնք աւելի կը մեծնան, մինչեւ իսկ կը դառնան հսկաներ։
Ռալֆ Ճորտանոն այս վերջիններէն էր։
Դեկտեմբեր 10, 2014ին, մեզմէ ընդմիշտ բաժնուեցաւ հայ ազգի բարեկամ 91 տարեկան հասակին Ռալֆ Ճորտանոն՝ ետին ձգելով անմոռանալի վառ յուշեր։ Իր մեկնումով հայութիւնըեւ մասնաւոր գերմանահայութիւնը կորսնցուց հասարակական մեծ գործիչ մը եւ քաղաքական դէմք մը։
Խոնարհ ու ազնիւ մարդ էր Ռ. Ճորտանոն։ Բծախնդիր աշխատող, լուրջ ու կարգապահ անձնաւորութիւն մըն էր։ Նուիրուած հրապարակաւ ու լրագրող։ Վերջին 30 տարիներուն կարող ենք ըսել, ան եղաւ հայութեան պաշտպան փաստաբանը Գերմանիոյ մէջ։ Անվախ մարդ մըն էր, սիրեց հայութիւնը ու Հայաստանը։ Գրեց անդադար եւ Գերմանիոյ զանազան քաղաքներու եկեղեցիներու ամպիոններէն պահանջեց Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը…։
Մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք սիրելի Ճորտանոյի ընտանիքիբն, բարեկամներուն եւ ընկերներուն։
Յիշատակդ միշտ վառ կը մնայ մեր սիրտերուն մէջ։
Ապրիլ 21, 1986ին Արեւմտեան Գերմանիոյ հեռատեսիլի առաջին կայանը՝ «ARD», Համպուրկ քաղաքէն, ցուցադրեց վաւերագրական ժապաւէն մը, 45 վայրկեան տեւողութեամբ, «Հայկական Հարցը այլեւս գոյութիւն չունի» խորագրով։
Այս վաւերագրական ժապաւէնը պատրաստած էր լրագրող, գրող եւ հրապարակախօս Ռոլֆ Ճորտանոն։ Հայերու վերաբերեալ շատ լուրջ, տպաւորիչ եւ լաւագոյն ժապաւէնն է հայկական Հարցին համար։ Ըստ հեռատճեսիլէն քաղուած տեղեկութիւններու, աւելի քան վեց միլիոն հոգի դիտած են զայն։
իսկապէս տպաւորիչ այս ժապաւէնը կը սկսի Լիզպոնի թրքական հիւպատոսարանին դէմ գործադրուած զինեալ յարձակումով, որ ստանձնած էր «ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿ»ը։
Ռ. Ճորտանօ ժապաւէնի վերջին մասին մէջ կրկնեց վերնագիրը՝ այս անգամ հարցումի ձեւով, Հայկական Հարցը այլեւս գոյութիւն չունի։ Յիշեցուց Մ.Ա.Կ.ի եւ Եւրոպական Խորհրդարանի վերջին զարգացումները, ժողովուրդներու Մնայուն Դատարանի որոշումները, եզրակացնելով որ հարցը հեռու է գոյութիւն չունենալէ։
Ժապաւէնի ներկայացուած փաստաթուղթերուն մեծամասնութիւնը ցարդ որեւէ տեղ մը լոյս չէ տեսած, միայն վեց հատը կարելի է գտնել Եոհաննէս Լեփսիուսի «Գերմանիա եւ Հայաստան» հատորին մէջ։ Թուրք իրաւաբան Միւմթազ Սոյսալը կը հոլովէր իր «փոխադարձ ջարդերու տեսութիւնը», իսկ Ճորտանօ յստակ կերպով հերքեց զայն՝ նշելով որ անկարելի է այսքան սոսկալի դէպքեր »հաւասարակշռել« այնպէս, որ ի վերջոյ «զոհը կը վերածէ յանցաւորի»։
Այս առթիւ թուրք մամուլը շատ վրդոված էր, ինչ որ անակնկալ մը չէ անշուշտ։ Թուրք մամուլը նշեց, թէ այս ժապաւէնի ցուցադրութենէն առաջ թուրք հիւպատոսին յաջորդական դիմումները մնացած են անպատասխան եւ հեռատեսիլի տնօրէնութիւնը որոշած էր ժապաւէնը ցուցադրել։
Ապրիլ 21էն առաջ Ռալֆ Ճորտանոն անծանօթ դէմք մըն էր ամբողջ հայութեան համար, իսկ Գերմանիոյ մէջ շատ ծանօթ եւ լաւագոյն լրագրող մը 1964էն սկսեալ, հեռատեսիլի միջոցով, ան համայն աշխարհի հալածուածներու եւ փոքրրամասնութիւններու ճակարագրով կը զբաղի, 12 տարիներ շարունակ պատմական եւ վաւերագրական կարճ եւ երկար ժապաւէններ պատրաստած է Երրորդ Աշխարհի տարբեր անկիւններէն։
Ռալֆ Ճորտանոն ծնած է Մարտ 20, 1923ին, Համպուրկ։ Մեծ հայրը եղած է իտալացի, մեծ մայրը՝ կիսով շուետացի եւ միւս կէսով տանըմարքացի, հայրը՝ կէս իտալացի, մայրը՝ հրեայ։ Նացիներու ժամանակ հալածուած, բանտարկուած եւ տաժանակիր աշխատանքներ կատարած է։
Երդում ըրած էր պատերազմի աւարտին անպայման Գերմանիայէն հեռանալու, բայց ան մնաց Գերմանիա եւ սկսաւ լրագրութեամբ զբաղուիլ։
Մինչեւ 1952, 11 տարի անդամ եղած է Արեւմտեան Գերմանիոյ համայնավար կուսակցութեան։ Արեւելեան եւ Արեւմտեան Գերմանիոյ համայնավար թերթերուն կþաշխատակցէր, անկէ ետք մինչեւ 1961 աշխատակցած է երկու հրէական մեծ թերթերու։
1961էն սկսեալ աշխատակցած է գերմանական ռատիոյի եւ հեռատեսիլի կայաններուն, NDR, WDR եւ SFB, 20 տարուայ մէջ պատրաստած է հեռատեսիլի համար աւելի քան 100 ժապաւէններ։
1982ին լոյս տեսաւ իր առաջին գիրքը՝ »Die Bertinis« 800 էջ։ Գիրքը կը պատմէ նացիներու կողմէ իր եւ ընտանիքին կրած հալածանքներուն եւ չարչարանքներուն մասին։
1987ին հրատարակեց իր երկրորդ գիրքը, «Widerstand ind Exit 1933-1945» ¥Դիմադրութիւն եւ աքսոր, 1933¬1945¤, այս գիրքը հրատարակուած է միասնաբար Գերմանիոյ նախկին վարչապետ Վիլի Պրանտի հետ։
1987ին լոյս տեսաւ իր երրորդ գիրքը. »Die Zweite Schuld order von der Last ein Deutscher Zu sein« ¥Երկրորդ պարտքը այս մեղադրական գիրքը¤ 368 էջ է, Ռ. Ճորտանոն այս գիրքով կþուզէ Գերմանիոյ մէջ ցոյց տալ իր անցեալի խնդիրները, իր կրած հալածանքները եւ չարչարանքները նացիներու կողմէ։
1989ին լոյս տեսաւ չորրորդ գիրքը »Wenn Hitler den Krieg gewonnen Hatte« ¥Եթէ Հիթլէրը յաղթէր պատերազմը¤, այս գիրքը յատկացուցած է նացիներու ծրագիրներուն՝ յաղթանակէն ետք։
1990ինլոյս տեսաւ հինգերորդ գիրքը՝ «Wie Kann diese Generation eigentlich noch atmen» ,184 էջերէ բաղկացած, այս գիրքը կը բաղկանայ միայն նամակներէ, զորս իրեն գրած են այն անձերը, որոնք իր երրորդ գիրքը կարդացած են։
1992ին հրատարակեց »Deutschland und Israel« ¥Գերմանիան եւ Իսրայէլը¤, 280 էջ, ուր կը ներկայացնէ Գերմանիոյ եւԻսրայէլի յարաբերութիւնները։
Փարիզի »Յառաջ« օրաթերթի թղթակիցը, Քէօլն քաղաքին մէջ, 1986ի Յունիս ամսուան սկիզբը տեսակցութիւն մը ունեցաւ Ռ. Ճորտանոյին հետ։
Թղթակիցի «Ինչո՞ւ այս նիւթը, այսինք՝ Հայկական Հարցը ուզած էք մշակել» հարցումին՝ Ճորտանօ կը պատասխանէ.¬ «Այս նիւթը ընտրեցի հետեւեալ պատճառներով. ես Բ. Համաշխարհային Պատերազմի վերջաւորութենէն՝ նացիական իշխանութենէն փրկուելէ ի վեր, իմ գրութիւններովս եւ 1964էն ետք հեռատեսիլի միջոցով, համայն աշխարհի հալածուածներու եւ փոքրամասնութիւններու ճակատագրով կը զբաղիմ։
Այնպէս որ օր մըն ալ պիտի ¬ պէտք էր ¬ հետաքրքրուէի նաեւ հայերու ճակարագրով։ Ասկէ առաջ ալ խորհած եմ այս ձեռանարկը իրականացնելու մասին, բայց կը վարանէի, կարելի պիտի ըլլար զայն ժապաւէնի մը միջոցով ներկայացնել։
Ֆրանց Վերֆելի «Մուսա Լերան քառասուն Օրերը« գործին ծանօթ էի, գիրքը վաղ երիտասարդութեանս կարդացած էի, ատկէ ի վեր հայերուն ճակատագիրը ինծի ծանօթ էր։ Աւելի ետք, իմ պրպտումներուս ընթացքին հանդիպեցայ դեսպանական հաղորդագրութիւններուն, որոնք Պոնն քաղաքի արտաքին գործոց նախարարութեան քաղաքական արխիւին մէջ կը գտնուին։
Անոնք անվիճելիօրէն կը փաստեն պատահած դէպքերը՝ բռնագաղթի գրեթէ անթերի ժամանակագրութեան շնորհիւ։
Ի տես այս բոլորին, վերջնական որոշումս տուի եւ պատրաստեցի ժապաւէնս«։
Գերմանիոյ թուրք դեսպանը փորձեց ճնշում բանեցել W.D.R.ի հեռատեսիլի կայանի ընդհանուր տնօրէնին Ֆ. Նավոգնին վրայ, բայց ճնշումները ապարդիւն մնացին։
Ապրիլ 26ին, Շաբաթ օր, հինգ հազար թուրքեր բողովի ցոյց մը կատարեցին հեռատեսիլի կայանին առջեւ եւ տասնեակ թուրքեր հեռաձայնած են Ռ. Ճորտանոյին եւ սպառնացած թէ զինքը օր մը պիտի սպանեն։
Արեւմտեան Գերմանիոյ կարեւոր օրաթերթերը ժամանակին անդրադարձան այն վաւերագրական հաղորդումին։
«Զիւտտոյչը Ցայթունկ» օրաթերթ, Միւնիխ, Ապրիլ 23.¬ «Ծրագրուած Ջարդ»«, «Զանգուածային բռնագաղթ»։ »… Ինչպէս Պոննի բոլոր կառավարութիւնները քաղաքական շահերու բերմամբ լռելը աւելի յարմար կը տեսնեն, զոհերը այս անգամ ալ մութին մէջ մնացին»։
»Հաննովըր Ալլկէմայնը« օրաթերթ, Հաննովըր, Ապրիլ 23.¬ «… Հիթլէր իր սատանայական »վերջնական լուծումներու« ատեն վկայակոչած է, թէ ոչ ոք կը խօսի հայերուն մասին։ Լաւ կþըլլար՝ մանաւանդ այս երկրին մէջ, եթէ լռութեան դաւադրութիւնը փարատուէր«։
»Տի Վելթ« օրաթերթ, Պերլին Ապրիլ 21.¬ »… Այդ ազգը դարուս ամենասարսափլի ջարդերէն մէկը իր մորթին վրայ կրած է։ Եւ նոյնպէս վայրագօրէն հայ գաղտնի կազամկրեպութիւններ ներկայիս թուրք կառավարութեան ներկայացուցիչները կը հալածեն։ 1973էն ի վեր 58 հոգի մեղցուցին«։
Հոկտեմբեր 4, 1986ին Համպուրկի Հայ Մշակութային Միութիւնը հրաւիրած է Հայ Դատի պաշտպան Ռալֆ Ճորտանոն՝ պատուելու համար։ Այդ գիշեր հայ ժողովուրդի նոր բարեկամը իր ճառին վերջաւորութեան ըսաւ.¬ «Այնուամենայիւ մինչեւ մեր օրերը գերմանական կազմակերպուած լռութիւնը լրիւ յաղթանակած չէ, կեցցէ՛ Հայ ազգը եւ կեցցէ՛ Հայաստանը»։
Ռ. Ճորտանոն 1987ին այս տողերը գրողին անգամ մը նամակով հետեւեալը գրած է.¬
«Մեր Հայկական Հարցի համար ես Ապրիլին Վիեննա էի եւ Յունիսին՝ Համպուրկ, ես արդէն Հայկական Հարցին տիրապետած եմ, իմ կեանքիս ալ միաձուլած»։
Սեպտեմբեր 17, 2003ին, Պերլինի մէջ, Գերմանիոյ Հրեաներու Կեդրոնական Խորհուրդը տասը հազար Եուրօ դրամական պարգեւ կազմող «Լէօ Պէք» մրցանակը յանձնեց լրագրող եւ գրագէտ Ռ. Ճորտանոյին։
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ. Ռ. Ճորտանոյին շնորհեց Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ շքանշանը։ 15, 10, 2004ին, Քէօլն քաղաքի հայկական եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ շքանշանի յանձնումը, Գերմանիոյ Հայոց Առաջնորդ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի կողմէ։
Հոկտեմբեր 15 2004ին Գերմանական Լրատուական Գործակալութիւնը արձագանգեց, թէ Ռ. Ճորտանօ Գերմանիոյ կառավարութենէն պահաջած է, որ Թուրքիան մղէ Հայկական Ցեղասպանութեան պաշտօնական ճանաչման, ինչպէս նաեւ այդ ճանաչումը, որպէս նախապայման առաջադրուի Թուրքիային՝ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան ճամբուն վրայ։