ՅԵՏ-ՑԻՒՐԻԽԵԱՆ ՍՊԱՍՈՂԱԿԱՆ ՎԻՃԱԿ
Հայաստան-Թուրքիա համաձայնագրի ստորագրութենէն աւելի քան շաբաթ մը ետք, ստեղծուած է իւրայատուկ կարգավիճակ մը: Առ այդ, սպասուած ոտնագնդակի ճակատումն ալ ոչ մէկ շօշափելի հետաքրքրութիւն ստեղծեց, այնքան մը որ նոյնիսկ, ուղղակիօրէն սփռող հեռատեսիլի ընկերութիւնները, իրենց գերկատարելագործուած վիթխարի ոսպնեակները աւելի յարած էին պատւոյ բեմահարթակ: Այնքան մը որ, քիչ մնաց մարզասէր հանդիսատեսը չկարենար հետեւիլ ստեղծուած առիթներուն Եւ Թուրքիոյ կազմին նշանակած երկու կոլերուն, որոնք զարմանալիօրէն գրեթէ նոյնչափ խանդավառած էին երկու երկիրներուն նախագահները…
Սակայն, Պուրսայի մէջ կատարուած այդ մրցումին ազդանշանէն ժամեր առաջ Ատրպէյճանի ի նպաստ հաւաքներ եւ ազերի հարիւրաւոր դրօշակներու ծածանման փառատօնը արդէն ստեղծած էին օրուան պայթուցիկ մթնոլորտը…Մթնոլորտ մը, որ շատ աւելի մեծ թափով շարունակուեցաւ Պաքուի մէջ: Արդարեւ « ազգայնամոլ ազերիներու «Ղարաբաղի ազատագրութեան կազմակերպութիւն»ը« Ցիւրիխի մէջ կատարուած արձանագրութիւններու ստորագրութեան դէմ բողոքի ցոյց կազմակերպած էր, տեղւոյն Թուրքիոյ դեսպանատան առջեւ:
Անոնք ոչ միայն հակաթուրք լօզունքներով եւ պաստառներով ցոյց կը կատարէին, այլ նաեւ հրոյ ճարակ դարձուցած էին թուրք ղեկավարներու նկարները:
Այս իրարանցումին դիմաց, թրքական պատասխանը բազմաձայն էր եւ շռնդալից: Վարչապետ Էրտողան, մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին առանց կմկմալու յայտարարած էր թէ Ատրպէյճանի ուրախութիւնը՝ Թուրքիոյ ուրախութիւնն է, իսկ Ատրպէյճանի վիշտը՝ Թուրքիոյ վիշտը:
Թուրքիոյ խորհրդարանի Արտաքին գործոց յանձնախումբի մէկ բանբերը տեղեկացուցած էր թէ խորհրդարանը կրնայ վաւերացնել ստորագրուած արձանագրութիւնները, այնքան ատեն որ Ատրպէյճանի «գրաւուած հողամասերը չեն պարպուած ու վերադարձուած»:
Այս ստեղծուած իրավիճակին կողքին, եթէ նշենք վերջերս Թուրքիա-Իսրայէլ յարաբերութիւններու վատթարացումը, այդ պարագային կարելի է հարցադրել թէ ճանապարհային քարտէսներ իրագործելը այդչափ ալ հեզասահ աշխատանք չէ:
«ՀԱՅՐԵՆԻՔ»
10/23/2009