ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ՇԻՔԱԿՈՅԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ 28-ԱՄԵԱԿ

0 0
Read Time:3 Minute, 40 Second

hamazkien anniversary 130 Կլեն­վիու (Իլինոյ) .- Հոկ­տեմ­բեր 17, 2009ի երե­կոյ­եան Հայ Կեդ­րո­նի Շահ­նա­զար­եան սրա­հին մէջ, ներ­կա­յու­թեամբ՝ Ամե­նայն Սրբոց Հայց. Առաք­ելա­կան եկե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ՝ Արժ. Տ. Զա­րեհ Աւ. քհնյ. Սա­հակ­եա­նի, բո­լոր քոյր կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու եւ մեծ թիւով մշա­կու­թա­սէր ազ­գա­յին­նե­րու, պաշ­տօ­նա­կան ճաշ­կե­րոյ­թով ու գե­ղար­ուես­տա­կան խնամ­ուած յայ­տագ­րով մը, նշուե­ցաւ տեղ­ւոյս Հա­մազ­գա­յի­նի հիմ­նադ­րու­թեան 28ամ­եա­կը:

Մասնաճիւղի ատենապետ Յարութիւն Միքայէլեան...
Մասնաճիւղի ատենապետ Յարութիւն Միքայէլեան...

Սե­ղա­նի օրհ­նու­թիւնը կա­տա­րեց Արժ. Տ. Զա­րեհ Աւ. քհնյ. Սա­հակ­եան:

Օր­ուան հան­դի­սա­վար՝ տի­կին Ռի­թա Առա­քել­եա­նի բա­րի գալստ­եան ջերմ խօս­քե­րէն ետք, մաս­նա­ճիւ­ղի ատե­նա­պետ՝ պրն. Յա­րու­թիւն Մի­քա­յէլ­եան հա­կիրճ կեր­պով ներ­կա­յա­ցուց մաս­նա­ճիւ­ղի 28 տա­րի­նե­րու գոր­ծու­նէ­ու­թիւնը: Իր խօս­քի աւար­տին, յար­գե­լի ատե­նա­պե­տը կոչ ուղ­ղեց ներ­կա­նե­րուն տէր կանգ­նե­լու մեր հա­րուստ մշա­կոյ­թին:

Օրուան հանդիսավար Ռիթա Առաքելեան
Օրուան հանդիսավար Ռիթա Առաքելեան

Ճա­շի սպա­սար­կու­մէն ան­մի­ջա­պէս ետք, գոր­ծադր­ուե­ցաւ գե­ղար­ուես­տա­կան յայ­տա­գիր մը, որուն իրենց մաս­նակ­ցու­թիւնը բե­րին գա­ղու­թիս շնոր­հա­լի ան­դամ-ան­դա­մու­հի­ներ, Դանի­էլ Վա­րու­ժան Հայ­կա­կան Շա­բա­թօր­եայ վար­ժա­րա­նի աշա­կերտ­ներ, ինչ­պէս նա­եւ Հա­մազ­գա­յի­նի »Սար­դա­րա­պատ« պա­րա­խում­բը, ղե­կա­վա­րու­թեամբ տի­կին Հու­րի Փա­փազ­եանի եւ օր. Սո­նա Պի­րազ­եա­նի:

Մե­ներ­գե­ցին՝ Մա­րի Խա­չեր­եան, »Կռունկ Բա­րով Դառ­նաս«, Յա­կոբ Մազ­եան, »Բինգեոլ«, Աբիկ Սա­հակ­եան, »Հե­րոս­նե­րի Կե­նա­ցը«: Ար­մէն Ասատր­եան, ջու­թա­կի վրայ ներ­կա­յա­ցուց »Կռունկ«ը: Աս­մուն­քե­ցին՝ Թա­լին Պոյ­րազ­եան, Սիլ­վա Կա­պու­տիկ­եա­նի »Խօսք Իմ Որ­դուն«, Լու­սի­նէ Թոր­եան, Պա­րոյր Սե­ւա­կի »Անլ­ռե­լի Զան­գա­կա­տուն«էն հատ­ուած մը: Այ­նու­հե­տեւ դարձ­եալ երգ, ու այս ան­գամ նոր սե­րուն­դի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու կա­տա­րո­ղու­թեամբ:

 Վա­տիկ Պաղ­տա­սար­եան եւ Նա­թա­լի Փա­փազ­եան, յա­ջոր­դա­բար մեկ­նա­բա­նե­ցին »Աքու­լիս­ցի Քաջ Պա­տա­նի« եւ »Գե­տա­շէն« հայ­րե­նա­սի­րա­կան եր­գե­րը: Այ­նու­հե­տեւ, Դանի­էլ Վա­րու­ժան վար­ժա­րա­նի աշա­կերտ­ներ՝ Վա­տիկ Պաղ­տա­սար­եան, Ան­ժե­լա Մար­տի­րոս­եան եւ Սու­զիկ Թով­մաս­եան երր­եա­կը մեկ­նա­բա­նե­ցին »Հա­յե­րէն Լե­զու« եր­գը, դաշ­նա­կի ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ Լու­սի­նէ Թոր­եա­նի: Նախ­քան Հա­մազ­գա­յի­նի »Սար­դա­րա­պատ« պա­րա­խում­բի ելոյ­թը, անակն­կալ­նե­րով լե­ցուն գե­ղար­ուես­տա­կան բա­ժի­նը իր աւար­տին հա­սաւ Ռո­զիկ Սազ­եա­նի եւ Աբիկ Սա­հակ­եա­նի կող­մէ մեկ­նա­բան­ուած »Խան­դոտ Կի­նը« զու­գեր­գով:

Ապագայ սերունդը կը ներկայացնէ «Հայերէն Լեզու» երգը
Ապագայ սերունդը կը ներկայացնէ «Հայերէն Լեզու» երգը

 Աւար­տին մաս­նա­ճիւ­ղի վար­չա­կան կազ­մը հրա­ւիր­ուե­ցաւ կտրե­լու տա­րե­դար­ձի կար­կան­դա­կը:

Շի­քա­կո­յի Հա­մազ­գա­յի­նի հիմ­նադ­րու­թեան 28ամ­եա­կին ու­րախ առի­թով, կը շնոր­հա­ւո­րենք մաս­նա­ճիւ­ղի վար­չա­կան նո­րըն­տիր կազ­մը, եւ բո­լոր ան­դամ­նե­րը եւ նո­րա­նոր յա­ջո­ղու­թիւն­ներ ու վե­րելք կը մաղ­թենք իրենց:

ԹՂԹԱ­ԿԻՑ

About Post Author

admin

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles