Ուրբաթ« Հոկտեմբեր 16ին« իսրայէլեան »Իմ Թիրցու« շարժումը, Թէլ Աւիւի մօտ, Թուրքիոյ դեսպանատան առջեւ բողոքի ցոյց մը կատարած է: Այս շարժումը ստեղծուած էր Իսրայէլի համալսարաններու ուսանողներու կողմէ՝ Լիբանանի դէմ շղթայազերծուած Յուլիս 2006-ի պատերազմէն ետք: Կազմակերպիչները կը ձգտին փոփոխութեան ենթարկել սիոնական արժէքները Իսրայէլի հասարակութեան մէջ: Շարժման գործիչները նաեւ պատրաստած են Հայոց Ցեղասպանութեան լուսանկարներու ցուցահանդէս մը եւ Թուրքիոյ կառավարութեան կոչ ուղղած են ընդունելու Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
»Հիւրրիյէթ« օրաթերթը կը տեղեկացնէ, թէ Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողան վերջերս Իսրայէլը »հալածող« կոչած է:
»Թուրքիան իր ամբողջ պատմութեան ընթացքին երբեք չէ պաշտպանած հալածողը, ան միշտ պաշտպանած է հալածեալը: Թուրքիան ոչ մէկ երկրի նկատմամբ թշնամաբար տրամադրուած է, սակայն, ան հանդէս կու գայ ընդդէմ անարդարութեան«, յայտարարած է Թուրքիոյ վարչապետը՝ չնշելով Իսրայէլի անունը: