Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Փրովիտենս մասնաճիւղին նախաձեռնութեամբ, Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ Արամեան սրահին մէջ, Կիրակի Հոկտեմբեր 4, 2009 կէսօրէ ետք, ելոյթ ունեցաւ Նիւ Եորքի Համազգայինի համբաւաւոր թատերախումբը: Հանրածանօթ թատերագիր, բեմադրիչ եւ դերակատար դոկտ. Հրանդ Մարգարեանի հեղինակութեամբ եւ ղեկավարութեամբ, Փրովիտենսի արուեստասէր հասարակութեան ներկայացուեցաւ Լեւոն Շանթի »Ճամբուն Վրայ« թատերգութիւնը: Ներկայացումը նուիրուած էր Լեւոն Շանթի ծննդեան 140ամեակին առթիւ:
Օրուայ հանդիսավար Համազգայինի Փրովիտենս Մասնաճիւղի Ատենապետուհի Մարգարիտ Ստեփանեան կատարեց բացման խօսքը՝ եւ հրաւիրեց Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժանապատիւ Տէր Կոմիտաս քահանայ Պաղտասարեանը, որպէսզի սեղաններու օրհնութեան աղօթքը կատարէ, որմէ ետք տեղի ունեցաւ ճաշի եւ անուշեղէններու հիւրասիրութիւնը: Հիւրասիրութենէն ետք հանդիսվարը հրաւիրեց Դոկտ. Հրանդ Մարգարեանը, որ անգլերէն լեզուով տուաւ այս թատերգութեան նախաբանը, որպէսզի ներկաները կարենային աւելի լաւ ձեւով հետեւիլ թատերգութեան: Նիւթը՝ երիտասարդ ֆետային որ պատրաստ էր կեանքը զոհելու հայրենիքի ազատագրութեան համար, բայց միւս կողմէ սիրահարուած ըլլալով շուարած վիճակի մէջ էր. ի վերջոյ ազգայնական ոգին յաղթեց անձնական սիրաբանութեան:
Մէկ ու կէս ժամ տեւող այս թատերգութեան աւարտին Դոկտ. Հրանդ Մարգարեան ներկայացուց դերասանները ինչպէս նաեւ՝ երաժշտութեան ձայնի պատասխանատու Ռիթա Կիրակոսեանը եւ բեմին պատասխանատու Ժանէթ Մարգարեանը: Այս թատրոնը չափազանց ջերմ ընդունելութիւն գտաւ ներկաներուն մօտ, որոնք բուռն ծափահարութիւններով գնահատեցին, Համազգայինի Նիւ Եորք մասնաճիւղին թատերական այս ելոյթը: Սրտանց կը շնորհաւորենք Նիւ Եորքի մրցանիշերու տիրացած Համազգայինի թատերախումբը իր բոլոր դերասաններով եւ մանաւանդ բազմատաղանդ բեմադրիչ Դոկտ. Հրանդ Մարգարեանը, որ տարուէ տարի միշտ թատերական նորութիւններով ի յայտ կու գայ:
Ապրին մշակութային մեր կազմակերպութիւնները: Ապրին Մշակութային եւ կրթական բոլոր հաստատութիւնները: Եւ յաւետ ապրի հայ մշակոյթը:
ԳԷՈՐԳ ՎԻՇԱՊԵԱՆ