Հ.Հ.ՆԱԽԱԳԱՀԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՆ ԱՌԹԻՒ ԱՐԱ ԳԱԲՐԻԷԼԵԱՆ ԿԸ ՓՈԽԱՆՑԷ «ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ»Ի ԽՕՍՔԸ

0 0
Read Time:2 Minute, 56 Second

Իբ­րեւ Հա­մազ­գա­յին Հայ Կրթա­կան եւ Մշա­կու­թա­յին Միու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ եւ Եղեռ­նէն վե­րապ­րող­նե­րու ամե­րի­կա­ծին զա­ւակ կ’ու­զեմ Ձեզ տե­ղե­կաց­նել, որ սփիւռ­քա­հա­յու­թիւնը աւե­լի քան ու­թը տաս­նամ­եակ­նե­րու ըն­թաց­քին, առանց վա­րա­նու­մի կամ յու­սա­հա­տու­թեան Հայ Դատ հե­տապն­դեց, որուն մաս կազ­մե­ցին ցե­ղաս­պա­նու­թեան մի­ջազ­գա­յին ճա­նա­չու­մը եւ պատ­մա­կան, բա­րո­յա­կան եւ Սեւ­րի դաշ­նագ­րով իրա­ւա­կա­նօ­րէն ճա­նաչ­ուած մեր հո­ղա­յին պա­հան­ջա­տի­րու­թիւնը:

Մենք հա­մա­ձայն ենք, որ Հա­յաս­տան դիւա­նա­գի­տա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ ու­նե­նայ իր բո­լոր հա­րե­ւան եր­կիր­նե­րուն հետ, առանց նա­խա­պայ­մա­նի: Սա­կայն, խորհր­դա­ւոր պայ­ման­նե­րու տակ ներ­կա­յաց­ուած Protocol-նե­րը կը պա­րու­նա­կեն անըն­դու­նե­լի նա­խա­պայ­ման­ներ, որոնք

ա) Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը հար­ցա­կա­նի տակ դնելն է՝ պատ­մա­բան­նե­րու յանձ­նա­խում­բի մը կազ­մու­թեամբ, որ պի­տի օգ­տա­գոր­ծեն թուր­քե­րը եւ

բ) Հա­յաս­տա­նին պար­տադր­ուած ներ­կայ սահ­ման­նե­րու վե­րա­բեր­եալ մեր վերջ­նա­կան հա­մա­ձայ­նու­թիւնը:

Թուրք­իոյ բարձ­րաս­տի­ճան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ անընդ­հատ Ատր­պէյ­ճա­նի հո­ղա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թիւնը կը պաշտ­պա­նեն, ճա­կա­տա­գ­րա­կան, անսր­բագ­րե­լի հե­տե­ւանք­ներ պի­տի ու­նե­նան հա­յու­թեան եւ Հա­յաս­տա­նի հա­մար, որ սոսկ սփիւռ­քա­հա­յեր են:

Պրն. Նա­խա­գահ, մենք ազ­գո­վին հե­տե­ւո­ղա­կա­նօ­րէն կը շա­րու­նա­կենք ար­դէն իսկ որոշ անժխ­տե­լի յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րու հա­սած Հայ Դա­տի ի նպաստ աշ­խա­տանք­նե­րը. չենք կրնար հրա­ժա­րիլ մեր ազ­գա­յին ան­ժա­ման­ցե­լի իրա­ւունք­նե­րէն, որոնց ան­տե­սու­մը՝ թէ­պե­տեւ որոշ ան­ձանց հա­մար նիւ­թա­պէս շա­հա­բեր կրնայ ըլ­լալ ան­կաս­կած, բայց եր­կար ժա­մա­նա­կի վրայ դիտ­ուած միայն ող­բեր­գա­կան հե­տե­ւանք­ներ պի­տի ու­նե­նայ Հա­յաս­տա­նի հա­մար: Եթէ խնդրոյ առար­կայ պայ­մա­նա­գի­րը իր ներ­կայ ձե­ւով ստո­րագր­ուի, ինչ­պէ՞ս կը պատ­կե­րաց­նէք Հայ Դա­տի աշ­խա­տանք­նե­րը:

Արդ­եօ՞ք պի­տի կրկնուի ինչ որ պա­տա­հե­ցաւ վեց ամիսներ առաջ երբ Ձե­զի դի­մե­ցինք, որ­պէս­զի Նա­խա­գահ Օպա­մա­յի հետ խօ­սիք եւ հա­մո­զէք, որ Ապ­րիլ 24ի առի­թով գոր­ծա­ծէ Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն եզ­րը կամ բա­ռը: Արդ­եօ՞ք այդ­պէս պի­տի ըն­թա­նան Հա­յաս­տան-Սփիւռք քա­ղա­քա­կան փոխ-յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը մա­նա­ւանդ այդ չա­րա­բաս­տիկ պայ­մա­նագ­րի ստո­րագ­րու­մէն յե­տոյ:

 

ՏՈՔԹ. ԱՐԱ ԳԱԲՐԻ­ԷԼ­ԵԱՆ

About Post Author

admin

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles