ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿԸ ՀԱՄԱՐՁԱԿԻՔ ՀԱՐՈՒԱԾԵԼ ՄԵՐ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՆԵՐԴՐՈՒՄԸ

0 0
Read Time:7 Minute, 1 Second

Ken-Hachikian Ստո­րեւ, յա­պա­ւու­մով լոյս կ’ըն­ծա­յենք Հայ Դա­տի Յանձ­նա­խում­բի ատե­նա­պետ Քէն Խա­չիկ­եա­նի խօս­քը, ուղղ­ուած Նա­խա­գահ Սերժ Սարգս­եա­նին, Նիւ Եոր­քի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած ժո­ղո­վի ըն­թաց­քին:

 

 Պա­րոն Նա­խա­գահ,

Ամե­րի­կա­յի Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բը պինդ կանգ­նած է Ամե­րի­կա­հայ գա­ղու­թի մե­ծա­մաս­նու­թեան կող­քին, ընդ­դէմ Թուրք­իոյ եւ անոր դաշ­նա­կից­նե­րուն սաս­տիկ ճնշու­մին, որոնց նպա­տակն է Հա­յաս­տա­նի պար­տադ­րել ըն­դու­նիլ թե­րու­թիւն­նե­րով լի եւ վտան­գա­ւոր ար­ձա­նագ­րու­թիւն­ներ որոնք կը վտան­գեն Հա­յաս­տա­նի ապա­հո­վու­թիւնը, կը հրա­ժա­րին հայ­կա­կան ազ­գա­յին իրա­ւունք­նե­րէն, եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի ար­ժա­նա­պա­տուու­թիւնը կը նա­խա­տեն: 

Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բի գլխա­ւոր մտա­հո­գու­թիւն­նե­րէն առա­ջի­նը, վե­րա­պա­հե­լով հայ ամե­նա­պարզ ար­դա­րու­թեան սկզբունք­նե­րը եւ հայ ազ­գի տե­ւո­ղա­կան ար­ժէք­նե­րը, այն է որ Հա­յաս­տա­նը, անօ­րէն կեր­պով շրջա­փակ­ուած Թուրք­իոյ կող­մէ եւ տնտե­սա­կան եւ դիւա­նա­գի­տա­կան պինդ ճնշում­նե­րու տակ, կը ստիպ­ուի ըն­դու­նիլ նիս­տեր որոնք կը վնա­սեն իր շա­հե­րը, իրա­ւունք­նե­րը, ապա­հո­վու­թիւնը, եւ ապա­գան – յատ­կա­պէս առա­ջարկ­ուած «պատ­մա­գի­տա­կան յանձ­նա­խումբ»ի մի­ջո­ցաւ, ինչ որ ալ ըլ­լայ ասոր ար­դիւն­քը:  Այս կէ­տը, եր­կար ատե­նէ ի վեր հե­տապնդ­ուած է Ան­գա­րա­յի կող­մէ՝ կաս­կա­ծի տակ առ­նե­լու հա­մար Հայ­կա­կան Ցե­ղաս­պա­նու­թեան իրո­ղու­թիւնը, եւ հա­կա­սե­լու մարդ­կու­թեան դէմ կա­տար­ուած այս ոճի­րին մի­ջազ­գա­յին ճա­նաչ­ման:  Բա­րո­յա­կա­նօ­րէն եւ քա­ղա­քա­կան իրո­ղու­թեամբ Հա­յաս­տա­նի եւ Թուրք­իոյ մի­ջեւ տե­ւո­ղա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն չի կրնար սեր­ման­ուիլ նախ­քան որ Թուրք­ի­ան ճշմա­րիտ եւ ար­դար լու­ծում մը չներ­կա­յաց­նէ Հա­յա­կա­կան Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման առն­չու­թեամբ:

Ասոր կող­քին,այս ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րը դժբախ­տա­բար կը հրա­ժա­րին հայ ազ­գի պատ­մա­կան իրա­ւունք­նե­րէն, Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ար­դար լու­ծու­մի ըն­թաց­քէն:  Անոնք նա­եւ վտան­գա­ւոր կեր­պով կ’ակ­նա­հա­րեն Ար­ցա­խի ազա­տու­թեան եւ ինք­նա­վա­րու­թեան իրա­ւունք­նե­րը:

Պա­րոն Նա­խա­գահ, ձեր վար­մուն­քը ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րուն յե­տապն­դու­մով մի­ամ­տու­թիւն է:  Ան­հո­գու­թեան նշան է:  Եւ պար­զա­պէս ան­պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն ցոյց կու տայ:  Ձեր պնդու­մը, թէ անոնք որե­ւէ նա­խա­պայ­ման­ներ չեն պա­րու­նա­կէր, մեզ հա­մար նա­խա­տինք է:  Պատ­մա­գի­տա­կան յանձ­նա­խումբ մը կազ­մե­լու պա­հան­ջը, ու աւելց­նեմ որ այն խստօ­րէն մերժ­ուած է Ցե­ղաս­պա­նու­թեան Ու­սում­նա­կան Մի­ջազ­գա­յին Միու­թեան (International Association of Genocide Scholars) կող­մէ, սահ­ման­նե­րու պաշ­տօ­նա­կան ճա­նա­չու­մը, եւ հո­ղա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թեան ճա­նա­չու­մը առանց ինք­նա­վա­րու­թեան նկատ­մամբ որե­ւէ մէկ խօս­քի, – այս ամէ­նը նա­խա­պայ­ման­ներ են Թուրք­իոյ կող­մէ հար­կադր­ուած եւ պնդուած, որը դուք ըն­դու­նած էք ան­խո­հե­մա­բար, մին­չեւ իսկ փակ սահ­ման­նե­րուն սպառ­նա­լի­քին տակ:  Այս նա­խա­պայ­ման­ներն էին եւ կը մնան Թուրք­իոյ պա­հանջ­նե­րը. անոնք գինն են որ դուք կա­մո­վին կը վճա­ռէք թուրք «շան­թաժ»նե­րուն:  Շատ մը եր­կիր­ներ պատ­րաս­տա­բար յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ կը բնա­կա­նո­նաց­նեն առանց այս­պի­սի մի­ա­կող­մա­նի նա­խա­պայ­ման­նե­րու:

Ի՞նչ­պէս կը հա­մար­ձա­կիք ըն­դու­նիլ թուր­քե­րուն այս խա­ղե­րը, երբ մեր նա­խա­հայ­րե­րը ին­չե¯ր զո­հո­ղե­ցին եւ զոհ­ուե­ցան թուր­քե­րուն ձեռ­քով, որոնք մին­չեւ այ­սօրս կ’ու­րա­նան Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը, որ հա­մայն աշ­խար­հը կը ճանչ­նայ:

Ի՞նչ­պէս կը հա­մար­ձա­կիք վատ­նել այն քա­ղա­քա­կան ներդ­րու­մը որոնք շա­տեր շատ մը զո­հո­ղու­թիւն­նե­րով կեր­տե­ցին տաս­նամ­եակ­նե­րու ըն­թաց­քին աշ­խար­հի շուրջ տար­բեր մայ­րա­քա­ղաք­նե­րու մէջ:  Եւ մի° սխա­լիք, ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րու ստո­րագ­րու­մը այդ ներդ­րու­մը վտան­գի տակ պի­տի բե­րէ:  Դուք այդ բա­րո­յա­կան իրա­ւուն­քը չու­նի°ք:  Դուք այդ ոյ­ժը չու­նիք:  Եւ մենք ձեզ պի­տի չար­տօ­նե°նք, որ այդ ընէք:

Դուք չէ°ք կրնար մեր ազ­գին եւ ժո­ղո­վուր­դին իրա­ւունք­նե­րը յափշ­տա­կել, պար­զա­պէս քա­նի որ դուք ձեզ կը տես­նէք իբր երկ­րին փրկա­րա­րը:  Դուք մեր երկ­րի փրկա­րա­րը չէք:  Դուք մեզ կը վե­րա­դարձ­նէք են­թա­ծա­ռա­յու­թեան Թուրք­իոյ առ­ջեւ, մեր ար­դա­րու­թեան իրա­ւուն­քե­րէն հրա­ժա­րե­լով:  Ձեր ջան­քե­րը դա­տա­պարտ­ուած  են ձա­խո­ղու­թեան:

Դուք պի­տի յիշ­ուիք իբր այն նա­խա­գա­հը, որ առաջ­նոր­դեց մեր եր­կի­րը դէ­պի անդն­դա­յին ճա­նա­պարհ, որ խե­լա­գա­րա­բար մեր հո­ղե­րը սա­կար­կեց, եւ որուն վատ դա­տո­ղու­թիւնը մեզ առաջ­նոր­դեց դէ­պի տկա­րու­թիւն:  Եթէ ձեր այս ու­ղու­թիւնը շա­րու­նա­կէք, պատ­մու­թեան մէջ պի­տի ամ­բաս­տան­ուի°ք:

Մի փոր­ձէ°ք պահ­ուը­տիլ ձեզ հե­տե­ւորդ փոք­րա­մաս­նու­թեան ետեւ, որը ձեր ամէն քայ­լին կու­րո­վին զօ­րա­վիգ կը կանգ­նի:  Անոնք Սփիւռ­քի ճշմա­րիտ հի­մը չեն:Անոնք պար­զա­պէս գա­ղու­թին մե­ծա­մաս­նու­թիւնը չեն ներ­կա­յաց­նէր:  Երբ մենք կը ջա­նա­յինք գոր­ծել ընդ­դէմ Ա.Մ.Ն.ի ղե­կա­վա­րու­թիւն­նե­րու Թուրք­իոյ հան­դէպ կոյր ու անընդ­հատ նե­ցուկ կանգ­նե­լուն, անոնց մշտա­կան դիր­քը եղած է Ա.Մ.Ն.ի պե­տա­կան կա­ռոյ­ցին շա­հե­րուն հա­մա­ձայն աշ­խա­տիլ: Ասոնք նոյն անձ­նա­ւո­րու­թիւն­ներն են որոնք յօդ­ուած 907էն հրա­ժա­րե­ցան, որոնք քա­ջա­լե­րե­ցին այդ ահա­ւոր Թուրք-Հայ Հաշ­տու­թեան Խոր­հուր­դը եւ նոյն­պէս ալ քա­ջա­լե­րե­ցին այդ բա­րո­յա­կա­նօ­րէն մե­ղա­ւոր, ցե­ղաս­պա­նու­թիւն ու­րա­ցող Ռի­չըրտ Հօկ­լըն­տի Հա­յաս­տա­նի դես­պա­նի նշա­նա­կու­մը:  Անոնք այ­լեւս մեր գա­ղութ­նե­րէն ներս քա­ղա­քա­կան վե­րա­բե­րու­թիւն չու­նին:  Մի հրա­պուր­ուիք անոնց անի­մաստ քա­ջա­լե­րու­թիւն­նե­րով:

Պա­րոն Նա­խա­գահ, ծանր սխալ մը կը գոր­ծէք հոս:  Յու­սամ իմաս­տու­թիւնը ու­նիք ականջ տա­լու ձեր ազ­գա­կից­նե­րուն եւ ետ դառ­նա­լու այս աղի­տա­լի հա­մա­ձայ­նու­թե­նէն, նախ­քան մեր երկ­րին, ժո­ղո­վուր­դին, եւ ձեր նա­խա­գա­հու­թեան մեծ վնաս­ներ հասց­նէ°ք:

About Post Author

admin

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles