Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու հաստատման գծով, կատարուած արձանագրութիւններուն մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ փոխանցելու համար, ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի այցելութիւնը՝ սփիւռքահայ գաղթօճախներ, նշուեցաւ բողոքի ցոյցերով, ընդվզումի հաւաքներով, որոնք փաստեցին թէ դժգոհութեան մեծ ալիք մը կը տիրէ եւ սփիւռքահայը գոհ չէ կատարուած իրադարձութիւններէն:
Նախագահ Սարգսեանի առաջին այցելութեան հանգրուանը լոյսերու քաղաք՝ Փարիզն էր, ուր գրեթէ հազարի հասնող ֆրանսահայեր, ճանապարհային քարտէսի առթիւ, Թուրքիոյ դրած նախապայմաններուն ընդառաջելու Սարգսեանի ընթացքին դէմ բողոքի ցոյց մը կատարեցին, Կոմիտասի յուշարձանին (որուն բացումը կատարուած էր 2003-ին) տանող ճամբուն մուտքին:
Նախագահ Սարգսեանի Փարիզ այցելութեան յայտագիրին մէջ նախատեսուած էր, այս այցելութիւնը, յետմիջօրէին: Այս առթիւ, ան ծաղկեպսակ մը պիտի զետեղէր Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը յարգելու համար, սոյն արձանին առջեւ:
Երիտասարդ, ալեհեր, ծեր… բոլոր տարիքի ֆրանսահայեր ժամանած էին արտայայտելու իրենց »Ո’չ«ը: Այս առթիւ ալ անոնք ներկայացած էին պաստառներով եւ շարունակ կը քննադատէին նախագահ Սարգսեանի եւ արտաքին գործոց նախարար՝ Եդուարդ Նալպանտեանի (որ տարիներ շարունակ ստանձնած է Ֆրանսայի մօտ դեսպանի պաշտօնը եւ տարիներ առաջ ալ կազմակերպած »Հայաստանի Տարի«ն) որդեգրած քաղաքականութիւնը:Անոնք բարձրացուցած էին պաստառներ, որոնց վրայ տարբեր լեզուներով (ներառեալ՝ թրքերէն) գրուած էր »մոռնալը դաւաճանել է«:
Ֆրանսական ոստիկանութիւնը վրայ հասաւ եւ աւելի քան մէկ ժամ տեւած միջամտութիւններէ եւ բախումներէ ետք, յաջողեցաւ քաշքռտելով եւ ուժի դիմելով ճամբէն հեռացնել բազմաթիւ հայորդի ցուցարարներ: Այսպէս աւելի քան մէկ ժամ տեւեց որ կարելի ըլլայ բանալ հայորդիներու, դէպի յուշարձան առաջնորդող ճամբան բացուի եւ նախագահ Սերժ Սարգսեան կարենայ այցելել Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու Փարիզի յուշակոթողը: Այս ճամբան բանալու համար Ֆրանսական ներքին ապահովութեան ուժերը դիմեցին յաւելեալ ուժի, այնքան մը որ անոնց թիւը նոյնիսկ գերազանցեց ցուցարարներու թիւը:
Յիշատակելի էր ցուցարարներուն արտայայտած կամքն ու վճռակամութիւնը: Նկատելով ներքին ապահովութեան ուժերուն ժամանումը, անոնք շուտով կրցած էին նստիլ, որպէսզի ոստիկանութեան համար աւելի դժուար ըլլայ իրենց հեռացնելը:
Ոստիկաններուն հետ, վիճաբանութեան եւ ապա ընդհարումներու ընթացքին, քանի մը հայորդիներ վիրաւորուեցան: Յատկապէս երբ ոտքի կանգնած ամբոխը, իր դէմ ունեցաւ ներքին ապահովութեան ուժերու հսկայ փաղանգ մը, այդ ժամանակ որոշեց շուտով գետին նստիլ, պարզապէս դժուարացնելու համար, սոյն ոստիկաններու պարտականութիւնը, այդ ժամանակ պատահեցաւ իրարանցում եւ հրմշտուկ եւ քանի մը ներկաներ ոտնակոխ դարձան: Միեւնոյն ժամանակ նաեւ, ոստիկանութիւնը անխնայ եղաւ նաեւ փափուկ սրտին հանդէպ, բռնօրէն հարուածներ ուղղելով նաեւ պարմանուհիներուն:
Հազիւ քսան գարուններ բոլորած ցուցարար մը, վրդոված պատահած դէպքերէն ըսաւ.- »Քաղաքակրթուած Արեւմտեան Աշխարհն ալ կողմնակալ կը թուի ըլլալ…Նոյնիսկ Սէն գետի ափին«: Այլ աղջնակ մը իր կարգին զայրացած ու կրքոտ յայտնեց.- »Մենք խուլիկաններ չենք: Հոս եկած ենք արդարութիւն պահանջելու համար, ոչ թէ կողոպուտ կատարելու կամ ինքնաշարժ հրկիզելու: Դժբախտաբար Սարքոզիի կառավարութիւնը քաջատեղեակ է պատահածէն եւ հակառակ ասոր դիմած է այս միջոցին«:
Այլ պապուկ մը, բոլորովին յուսախաբ եւ յուսալքուած յայտնեց.- »Ակնթարթ մը կը մտածեմ: Ո՞ւր եմ ես: Ներկայացած եմ հոս ցոյց կատարելու որո՞ւն դէմ: …Կը բողոքեմ Հայաստանի նախագահին դէմ…Երեւակայելի՞ բան: Վստահաբար, հոն քիչ մը անդին կանգնած Կոմիտասն ալ շշմած է…«
Վաթսունի շուրջ հայորդի մը ժամանած էր հանդերձ ընտանեօք եւ վճռակամութեան ու անվարան մէջբերելով հանրածանօթ երգիչ Շարլ Ազնաւուրի, Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած մէկ երգը, կ’արտայայտէր.- »Անոնք ինկան… անպաշտպան ու անօթի: Մենք պիտի չիյնանք…Կոմիտասը վկայ…Սէն գետը վկայ…«
Ի վերջոյ ցուցարարներու հեռացումէն ետք, նախագահ Սարգսեան մօտեցաւ յուշարձանին, կարճ պահ մը կանգնեցաւ անոր դիմաց, ապա փոքր ծաղկեպսակ մը զետեղեց անոր առջեւ: Մինչ այդ, Հ.Յ.Դ. Ֆրանսայի ներկայացուցիչ Մուրատ Փափազեան, կրցած էր մօտենալ Նախագահին եւ յայտնել թէ Սփիւռքահայերն ու յատկապէս ֆրանսահայերը լրջօրէն մտահոգուած եւ ընդվզած են անցուդարձերէն:
Նախագահին մեկնումէն ետք, ոստիկաններ շարունակ մնացին յուշարձանին մօտ, կանխարգիլելու համար ծաղկեպսակը մերձակայ Սէն գետին մէջ նետելու հաւանական փորձերը:
ՆԻՒ ԵՈՐՔ
Աննպաստ օդն ու տեղատարափ անձրեւը, արգելք չհանդիսացան, որպէսզի դժգոհ եւ ընդվզած ցուցարարներ, հաւաքուին Նիւ Եորքի »Փլազա« պանդոկին դիմաց, ուր Հայաստան-Թուրքիա հանդիպումներու եւ կատարուած արձանագրութիւններու առնչութեամբ, տեղի պիտի ունենար Հ.Հ. նախագահ Սերժ Սարգսեանի հանդիպումը, Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանի եւ Քանատայի գաղութներու կուսակցական, գիտական, տնտեսական, մարզամշակութային, հոգեւոր եւ այլ կառոյցներու ներկայացուցիչներուն հետ, Հոկտեմբեր 3, կ.ե. ժամը 5:00-ին:
Մօտաւորապէս երեք հարիւր ցուցարարներ ժամանած էին եւ կ’արտայայտէին իրենց բողոքը՝ պաստառներով, լօզունքներով եւ ազգային-ազատագրական երգերով: Անոնք կը կանչէին.- »Կը մերժենք այս միակողմանի արձանագրութիւնները«, »Ցեղասպանութեան ճանաչում…Ցեղասպանութեան ճանաչում«, իսկ պաստառներուն վրայ, դժգոհ հայորդիները կը պահանջէին.- »Արդարութիւն…«, »Ո’չ …Կը մերժենք արձանագրութիւնները«:
Պանդոկին շրջակայքը՝ ներքին ապահովութեան ուժերու, ոստիկանութեան եւ նախագահ Սարգսեանի թիկնապահներու խիստ հսկողութեան տակ կը գտնուէր:
Բողոքի ցոյցին մասնակից երիտասարդ ուսանող մը, որ Ռոտ Այլընտէն ժամանած էր եւ մեծ զայրոյթով կը կանչէր »Արդարութիւն«, յայտնեց թէ իրեն համար անսպասելի էր այսպիսի ցոյց մը կատարել: »Ընդհանրապէս Թուրքիոյ դեսպանատան կամ թուրք քաղաքագէտի մը ժամանումին առթիւ կը կատարէինք այսպիսի ցոյցեր: Այդ մէկը շատ աւելի դիւրին էր…Դժուարը այս մէկն է: Քու Երկրիդ դրօշը՝ եռագոյնը բռնած, քու դեսպանատանդ կամ այս պարագային նախագահիդ դէմ: Այս մէկը ահաւոր բան է: Դժուար է, սակայն ինչ ընեմ, երբ այս անգամ քու ազգակիցդ տեղի կու տայ եւ կը ծախէ երկիրդ: Ո’չ եւ ո’չ: Եկած եմ ո’չ ըսելու նախագահին«,- ըսաւ այս ուսանողը:
Ամերիկահայ գրող, մտաւորական եւ բեմադրիչ Հրանդ Մարգարեան իր ու ցուցարարներուն խոր ընդվզումը յայտ
եց այս արձանագրութիւններուն դէմ, որովհետեւ »մենք պատմութիւնը կը խեղաթիւրենք եւ կը փոխենք շատ վատ ձեւով«: Անոր համաձայն, արձանագրութիւններուն մէջ տեղ գտած կէտերը պարտադրուած են արեւմուտքի կողմէ, սակայն մենք իրաւունք չունինք ազգովին մոռնալու մեր անցեալն ու դատը:
Հանդիպման ընթացքին, Հայ Դատի գրասենեակի ներկայացուցիչ Քէն Խաչիկեան խօսք առնելով, յայտնեց թէ կարելի չէ այսպիսի համաձայնութիւն ստորագրել, յատկապէս ահազանգելով թէ, ազգային-պետական շահեր վտանգուած են եւ Հայոց Ցեղասպանութիւնն ալ մոռացութեան մատնուած է: Իր կարգին, Հայ Դատի յանձնախումբի Արեւելեան Ա.Մ.Ն.-ի ներկայացուցիչ Տիգրան Խալիկեան, բռնօրէն քննադատեց այս արձանագրութիւններու ընթացքը, յայտնելով թէ վտանգուած է ո’չ թէ միայն Հայոց Ցեղասպանութիւնը, այլ ընդհանրապէս միջազգային կազմակերպութիւններէ ներս, ցեղասպանութիւններու մասին կատարուած աշխատանքները:
Արեւելեան Ա.Մ.Ն.-ի Հ.Յ.Դաշնակցութեան Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ՝ ընկ. Անդրանիկ Գասպարեան, ահազանգ հնչեցուց թէ Հայաստանի Արտաքին քաղաքականութիւնը պարզամիտ եւ կարճատես ընթացք մը բռնած եւ փոխարէն Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութիւնն է որ դիմած է յարձակողական ոճի: Գանատայի Հ.Յ.Դաշնակցութեան Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ. Մհեր Գարագաշեան, իր կարգին յայտնեց թէ պարտուած է ներկայ ղեկավարութեան որդեգրած քաղաքականութիւնը:
Խօսք առին, նաեւ »Համազգային«ի (Արա Գաբրիէլեան-Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջան եւ Վանուհի Իսաջանեան – Գանատա), Հ.Մ.Ը.Մ.-ի (Մարք Ալաշայեան – Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջան եւ Արմէն Կէտիկեան – Գանատա), Հ.Օ.Մ.-ի (Անժէլ Մանուկեան -Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջան եւ Աննա Պուլկարեան – Գանատա) ներկայացուցիչներ:
Նախագահ Սարգսեան, որ նախքան ներկաներուն առիթ տալը, կատարած էր բացման խօսքը, քանի մը անգամ կատարեց միջամտութիւններ եւ հանդիպումի աւարտին փոխանցեց իր եզրակացութիւնները, շարունակ պնդելով թէ ինք կը հաւատայ թէ այս արձանագրութիւնները, երբեք չեն վտանգէր Հայաստանի ազգային-պետական կառոյցը:
Նշենք թէ, Հ.Յ.Դաշնակցութեան եւ յարակից միութիւններու ներկայացուցիչները, անգամ մը եւս արտայայտելով իրենց բողոքը, մերժեցին մասնակցիլ, այս առթիւ կազմակերպուած ընթրիքին:
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ
Կիրակի, Հոկտեմբեր 4-ին նախագահ Սարգսեան ժամանեց Լոս Անճելըս եւ ապա փոխադրուեցաւ »Պեվըրլի Հիլթըն« հիւրանոցը, որուն դիմացի պարտէզ-հրապարակը, նոյն օրուան յետմիջօրէին ողողուած էր բողոքող բազմահազար հայորդիներով: Լոս Անճելըսի տարբեր քաղաքներէ հաւաքուած ժողովուրդին թիւը շատ աւելի պիտի ըլլար, սակայն, դժբախտաբար, նախապէս ապահովուած հանրակառքերը անբաւարար եղած էին փոխադրելու ճշդուած վայրեր հասած ցոյցի մասնակցիլ փափաքողները, որոնք այլ փոխադրամիջոց չունենալով՝ ստիպուած վերադարձած էին իրենց բնակարանները:
Փարիզի ու Նիւ Եորքի նման, Լոս Անճելըսի մէջ եւս նախագահը, փակ դռներու ետին հանդիպեցաւ հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն եւ Հայաստանի իշխանութեանց կողմէ նշանակուած անհատ սփիւռքահայերու հետ:
Երեք հանդիպումներուն ձեւաչափը նոյնն էր: Նախագահը կը ներկայացնէ արձանագրութիւններու մասին իր բացատրութիւններն ու հիմնաւորումները, ապա, հանդիպման մասնակիցները քանի մը վայրկեանի մէջ պէտք է ներկայացնեն իրենց առարկութիւններն ու հակադրուելու հիմնաւորումները:
Հանդիպման զուգահեռ, հիւրանոցին դիմացը հաւաքուած ժողովուրդը բարձր կոչերով »Ո’չ« կը յայտարարէր արձանագրութեանց, »մի’ դաւաճաներ« յորդորով կը դիմէր Հայաստանի նախագահին ու արձանագրութեանց դէմ մինչեւ վերջ պայքարելու իր վճռակամութիւնը կը շեշտէր:
Ցոյցի մասնակից բազմութեան ներսի մթնոլորտին մասին զեկուցելու համար, Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Յովան Թաշճեան, դռնփակ նիստը չաւարտած՝ դուրս եկաւ հիւրանոցէն ու ելոյթ ունեցաւ հաւաքին առջեւ:
Թաշճեան նախ ողջունեց բազմահազար հայորդիները, որոնք եկած էին իրենց բարձր ձայնով ճեղքելու հիւրանոցին պատերը եւ հայութեան պահանջները հասցնելու նախագահի ականջին:
– Դուք կրցաք ձեր նպատակը իրականացնել-, ըսաւ Յովան Թաշճեան,- եւ ձեր ձայնը հասաւ նախագահին: Ձեր ընդիմութիւնը նախագահին փոխանցեց նաեւ դռնփակ հանդիպման մասնակիցներու մեծամասնութիւնը,- յայտնեց Թաշճեան՝ ափսոսանքով նշելով նաեւ, որ եղան անձեր, որոնք քծնելու համար նախագահին, արձանագրութիւնները հայանպաստ փաստաթուղթ ներկայացնելէ չքաշուեցան:
Թաշճեան նաեւ անվստահութիւն յայտնեց նախագահի այս քարոզչական արշաւին լծուած երկու պաշտօնատարներուն նկատմամբ, որոնք ի պաշտօնէ՝ պէտք չէ այդ դերը կատարելու համաձայնէին:
Սահմանադրական դատարանի նախագահ Գագիկ Յարութիւնեան եւ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, մէկը իբրեւ անկախ դատական իշխանութեան խորհրդանիշ, իսկ միւսը՝ Սփիւռքի հանդէպ առնուազն զգայնութիւն ցոյց տալու պարտաւորութիւնը ունեցող, իրենց այս մասնակցութեամբ վարկաբեկուեցան յաչս Սփիւռքին:
Թաշճեան նաեւ ընդգծեց, որ այս պայքարը արձանագրութեանց դէմ միայն Սփիւռքին վերապահուած, սփիւռքահայերու պայքար չէ, այլ համայն հայ ժողովուրդի պայքարն է: Ան կոչ ուղղեց Հայաստանի ժողովուրդին ցուցականօրէն արտայայտելու իր ընդդիմութիւնը այս արձանագրութեանց:
Փակ հանդիպման մասին կրկին անդրադառնալով՝ Թաշճեան յայտնեց, որ նախագահը պարզապէս կը վիրաւորէ մեզ, երբ կը յայտարարէ, թէ Ցեղասպանութեան հարցը պիտի չքննուի ենթայանձնաժողովներուն կողմէ, եւ թէ պատմաբաններ պիտի չըլլան այդ յանձնաժողովին մէջ:
Ժողովուրդը նաեւ ժխտական բացագանչութիւններով իր ընդվզումը յայտնեց այն փաստին դէմ, թէ այս ծանր մթնոլորտին մէջ եղած են մարդիկ, որոնք համաձայնած են »կալա«ի մը ներկայ ըլլալու, կարծէք թէ յաղթանակ մը ունին տօնելու, այլ ոչ թէ՝ ամօթալի պարտութիւն մը:
Եղաւ պահ մը, երբ մթնոլորտը այնքան լարուեցաւ, որ ցուցարարներէն մաս մը դուրս գալով պարտէզէն՝ կտրեց փողոցը եւ հաւաքուեցաւ հիւրանոցի դրան առջեւ: Նախքան ոստիկանութեան միջամտութիւնը, ցոյցը կազմակերպողները դիմեցին փողոցը անցնողներուն, որպէսզի անոնք պահեն իրենց պաղարիւնութիւնը ու վերադառնան հաւաքատեղի: Ցուցարարները ամբողջ հաւաքին ընթացքին եղան լուրջ ու կարգապահ:
Հիւրանոցին դիմացի պարտէզէն դուրս, հաւաքին մասնակցեցան նաեւ բազմաթիւ մեքենաներով շարունակ կողքի փողոցները շրջագայող ու իրենց ճչակներով ցուցարարներուն զօրակցութիւն յայտնող մարդիկ: »Մի’ Դաւաճաներ« պահանջը պաստառի վրայ կրող մեքենաներ եւս կը շրջէին փողոցները: Սաւառնակ մը՝ »Կասեցուցէք արձանագրութիւնները« անգլերէնով գրուած կոչը կը ծածանեցնէր երկինքին մէջ:
Աւելի քան 12 հազար լոս անճելըսահայեր Կիրակի« Հոկտեմբերի 4-ի ժամը 3:00-ից սկսեալ բողոքի զանգուածային« բուռն ցոյց կատարեցին Պեվըրլի Հիլզ քաղաքում գտնուող »Պեվըրլի Հիլթոն« հիւրանոցի դիմաց« ուր իջեւանել էին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանը եւ իր պատուիրակութիւնը: Ցուցարարները« որոնց մաս էին կազ
ում հոգեւոր հայրեր« տղամարդիկ« կանայք« պապիկներ« տատիկներ« ընտանիքներ« աշակերտներ« երիտասարդներ չորս ժամ շարունակ ցուցապաստառներ պարզած՝ միաբերան աղաղակեցին« որ դէմ են Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնների հաստատման հարցով նախաստորագրուած ազգավնաս արձանագրութիւններին եւ Հայաստանի իշխանութիւններից պահանջում են չստորագրել եւ չվաւերացնել դրանք: Բազմաթիւ մեծ ու փոքր ցուցապաստառների մէջ խիստ ուշագրաւ էր »Մի’ դաւաճաներ« կարգախօսը կրող հսկայական ցուցապաստառը« որը փակցուած էր »Պեվըրլի Հիլթոն« հիւրանոցի դիմացի երկու ծառերին՝ պատկերելով Հայաստանի եւ Թուրքիոյ նախագահների ձեռնուելու ժպտերես մեծ լուսանկարը: Ցուցարարների կարգախօսները բուռն էին եւ բարձրաձայն: Հիւրանոցի գլխաւոր մուտքը եւ շրջափակը շրջապատուած էր ոստիկաններով ու անվտանգութեան ուժերով:
Յատուկ Հաղորդագրութեամբ մը Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Ա.Մ.Ն.-ի Կեդրոնական Կոմիտէի Հանրային Կապի գրասենեակը տեղեկացուց.- »Ժամը 4:00-ի սահմաններում հիւրանոցի ժողովասրահներից մէկում տեղի ունեցաւ նախագահի հանդիպումը լոս անճելըսահայ համայնքի 52 կազմակերպութիւնների ու հաստատութիւնների« այդ թւում ազգային երեք կուսակցութիւնների ներկայացուցիչների հետ: Ըստ տեղեկութիւնների« հրաւիրեալների մէջ մեծ թիւ էր վերապահուած գործարարներին: Հանդիպման ընթացքում նախագահը Փարիզում եւ Նիւ Եորքում ունեցած նմանատիպ հանդիպումների օրինակով« փորձել է համոզել ներկաներին« որ արձանագրութիւններում վտանգուած չեն հայ ժողովրդին յուզող պահանջատիրական հարցերը: Այնուամենայնիւ« ներկայացուցիչների ճնշող մեծամասնութիւնը քաղաքավարի« սակայն բուռն ու յախուռն արտայայտութիւններով շեշտել է« որ նախագահի ասածները չեն համապատասխանում իրականութեանը, եւ որ այլ բան են ասում արձանագրութիւններում տեղ գտած կէտերն ու բովանդակութիւնը: Ժամը 6 անց կէսի դրութեամբ հանդիպումից դուրս եկաւ Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Յովան Թաշճեանը« որը ելոյթ ունենալով բազմահազար ցուցարարների առջեւ« կոչ ուղղեց Հայաստանի նախագահին ու իշխանութիւններին« որ անյապաղ կասեցնեն արձանագրութիւնների վաւերացման ազգավնաս գործընթացը: Ցուցարարները հաստատման բարձրակոչ աղաղակներով վերահաստատեցին կոչը« որից յետոյ միասնաբար երգեցին Հայաստանի հիմներգը՝ »Մեր Հայրենիք«ը:
ՊԷՅՐՈՒԹ
Պէյրութի մէջ, ՀՀ նախագահը եւ իր պատուիրակութիւնը, միջազգային օդակայան ժամանումէն դէպի պանդոկ ուղղուելու ընթացքին, արդէն իսկ դիմաւորուեցաւ դժգոհ ամբոխներու »ալիք«ով: Այս առթիւ, Լիբանանեան ներքին ապահովութեան ուժերը, յատուկ միջոցառումներու դիմած էին, որպէսզի կասեցնեն ընվզած հայ ամբոխը:
Պէյրութի մէջ լոյս տեսնող »Ազդակ«ը, կը տեղեկացնէ թէ լիբանանահայութիւնը իր բոլոր կառոյցներով ու տարբեր տեսակի ձեռնարկներու ընդմէջէն յստակօրէն փոխանցած է իր պատգամը, թէ գաղութը բացարձակապէս կը մերժէ այնպիսի նախապայմաններ, որոնք էապէս չեն ծառայեր հայութեան հաւաքական շահերուն: Աշակերտական, ուսանողական, երիտասարդական եւ ժողովրդային հաւաքները, ցոյցերը եւ հանդիպումները իրենց կազմակերպուածութեամբ, կարգապահութեամբ ու ժողովրդային մեծաթիւ մասնակցութեամբ ապացուցեցին, թէ լիբանանահայ գաղութն ալ լրջօրէն ընդվզած է:
Արդէն իսկ օր մը առաջ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Վեհարանէն ներս, տեղի ունեցած էր հսկում եւ մոմավառութիւն:
Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններուն, հայ-թրքական նախաստորագրուած արձանագրութիւններուն դէմ գաղութին պոռթկումը իր գագաթնակէտին հասաւ ժողովրդային ցոյցով, որ տեղի ունեցաւ, Երեքշաբթի կէսօրէ ետք, նախագահ Սարգսեանի իջեւանած պանդոկին շուրջ: Այսպէս, աւելի քան տասը հազար հայորդիներ համախմբուած էին պանդոկին դիմաց գտնուող մայրուղիին կից, մինչ պանդոկին շրջակայքը Լիբանանի ներքին գործոց նախարարութեան ապահովական ուժերը կը կատարէին համապատասխան հսկողութիւն:
Այս առիթով, ցուցարարները յատուկ ցուցատախտակներով կը մերժէին նախապայմանները ու կը հաստատէին, թէ Մուշը, Սասունն ու Վանը հայապատկան հողեր են, որոնք վաճառքի առարկայ չեն:
Հաւաքին մասնակիցները հայերէն, անգլերէն եւ արաբերէն լօզունգներով եւս կþարտայայտէին իրենց բողոքը, ինչպէս՝ »Տէր Զօրի նահատակներուն անունով հաշիւ կը պահանջենք«, »Լիզպոնի նահատակները »Ո’չ« կը գոռան«, »Ո’չ զիջում, ո’չ նահանջ«, »Հայոց պատմութիւնը ծախու չէ«, »Արարատը մե’րն է«, »Մեր տունը Վանի մէջ է«, »Պապիկներուս իրաւունքը կը պահանջեմ«, »Միայն քո’ւ անունովդ կրնաս ստորագրել«, »Ո՞ւմ շահերն էք պաշտպանում, պարո’ն նախագահ« եւ այլն: Մինչ պանդոկին շրջակայքը ցոյց տեղի կþունենար, պանդոկէն ներս սկսած էր Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի հանդիպումը, որմէ ետք վեհափառը ցուցարարներուն փոխանցեց իր հայրական պատգամը (Տեսնել նաեւ էջ 1):
Արամ Ա. կաթողիկոս հաստատեց, թէ հայութիւնը պատմութեան ընթացքին հաւատարիմ մնացած է իր ժողովուրդին ընդհանրական, համազգային արժէքներուն եւ նուիրական երազներուն: Կաթողիկոսը յայտնեց, թէ հայ ժողովուրդը նաեւ հաւատարիմ պիտի մնայ իր նահատակներու պատգամին եւ արդար դատին՝ շարունակելով պահանջատիրութեան երթը:
Մինչ Արամ Ա. կաթողիկոս իր հայրական պատգամը կþուղղէր հազարաւոր հայորդիներուն, պանդոկին մէջ արդէն ընթացք առած էր լիբանանահայ համայնքի յարանուանական, կուսակցական եւ միութենական ներկայացուցիչներու հետ հանդիպումը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեան, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի, նախարար Ալեն Թապուրեան եւայլն:
Այս մասնակիցները յստակօրէն քննադատեցին հայ-թրքական արձանագրութիւններուն քողարկուած նախապայմանները, որոնք իրողապէս կը հարուածեն Հայ դատի պայքարը, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացը ու հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներուն վերահաստատումը: Անոնք կոչ ուղղեցին նախագահին՝ չստորագրելու փաստաթուղթերը, որոնք էապէս չեն ծառայեր հայ ժողովուրդի նպատակներուն ու տեսլականներուն, որոնք հայութեան ազգային իրաւունքները կþոտնակոխեն: Նշենք, որ նախագահին հետ հանդիպումին կը մասնակցէին նաեւ Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակներուն ներկայացուցիչները: Հանդիպումին սկզբնաւորութեան Սերժ Սարգսեան ներկայացուց հայ-թրքական արձանագրութիւններուն վերջին զարգացումները:
Պուրճ Համուտի հաստատութիւնները, գործատեղիներն ու վաճառատուները հայ-թրքական արձանագրութիւններուն գծով եւս ունեցան իրենց պատգամը: Արդարեւ,կէսօրէ ետք յայտարարուեցաւ գործադուլ, որուն իբրեւ արդիւնք փակուեցան հաստատութիւնները: Մերժումի այս կեցուածքին նաեւ միացաւ կարգ մը վաճառատուներու նախաձեռնութեամբ այս պատգամով ցուցատախտակներու զետեղումը: Անոնք ճամբորդ-անցորդներուն կը փոխանցէին Ապրիլ 24-ի պատգամն ու հայ ժողովուրդին իրաւունքներու պահանջատիրութիւնը: Գործադուլին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ հայահոծ շրջաններու մէջ գտնուող հայորդիները: Այսպիսով կարելի եղաւ Լիբանանի տարբեր շրջաններուն մէջ հանրութեան ներկայացնել լիբանանահայութեան կեցուածքը: