ՀՈ­ԳԵ­ԼՈՅՍ Տ. ԹՈՐ­ԳՈՄ ՊԱՏՐ­Ի­ԱՐՔ ՄԱ­ՆՈՒԿ­ԵԱ­ՆԻ ՅԻ­ՇԱ­ՏԱ­ԿԸ ՎԱ­ՅԵԼ ՇՈՒ­ՔՈՎ ՈԳԵ­ԿՈՉ­ՈՒԵ­ՑԱՒ

0 0
Read Time:3 Minute, 53 Second

P6 nyc photo2  Հա­յաս­տան­եայց Եկե­ղեց­ւոյ Հիւ­սի­սա­յին Ամե­րի­կա­յի Արեւմտ­եան Թե­մի (չորս տա­րի) եւ Արե­ւել­եան Թե­մի (24 տա­րի) Առաջ­նորդ եւ Երու­սա­ղէ­մի Առա­քե­լա­կան Աթո­ռի 96-րդ Պատր­ի­արք (23 տա­րի) Ամեն. Տ. Թոր­գոմ Արք. Մա­նուկ­եա­նի յի­շա­տա­կի ոգեկոչ­ման նուիր­ուած հան­դի­սու­թիւնը տե­ղի ու­նե­ցաւ Կի­րա­կի, Փետր­ուար 9, 2014, Սուրբ Վար­դան Մայր Տա­ճա­րին եւ Առաջ­նոր­դա­րա­նի Հայկ եւ Ալիս Գա­վուքճ­եան հան­դի­սաս­րա­հին մէջ:

Առա­ւօտ­եան հան­դի­սա­ւոր Ս. Պա­տա­րագ մա­տուց­ուե­ցաւ Ս. Վար­դան Մայր Տա­ճա­րին մէջ: Օր­ուան պա­տա­րագիչն ու քա­րո­զիչն էր Թե­մա­կալ Առաջ­նորդ Գերշ. Տ. Խա­ժակ Արք. Պար­սամ­եան:

Առաջ­նորդ Սրբա­զան Հայ­րը իր քա­րո­զը սկսաւ հե­տեւ­եալ խօս­քե­րով.- Այ­սօր յի­շա­տա­կու­թեան օրն է Հայ հոգեւո­րա­կա­նի մը, հոգելոյս Տ. Թորգոմ Պատր­ի­արք Մա­նուկ­եա­նի, որ իր ամ­բողջ կեան­քը նուի­րեց այն կա­րե­ւոր սրբա­զան գոր­ծին, որուն շնոր­հիւ Քրիս­տո­սի առա­քե­լու­թիւնը, Հայ Եկե­ղեց­ւոյ աւան­դու­թեանց ճա­նա­պար­հով, շա­րու­նա­կեց եւ կը շա­րու­նա­կէ ներգոր­ծել Հայ ժո­ղո­վուր­դի կեան­քէն ներս, մաս­նա­ւո­րա­բար Ամե­րի­կա­յի մեր Թե­մէն ներս: … Քսա­նե­րորդ դա­րու երկ­րորդ կէ­սի Հայ Եկե­ղեց­ւոյ բարձ­րաս­տի­ճան հոգեւո­րա­կան­նե­րու շար­քի ամե­նէն կար­կա­ռուն եւ լու­սա­ւոր դէմ­քե­րէն մէկն էր Թորգոմ Սրբա­զա­նը: Ապա, Առաջ­նորդ Սրբա­զան Հայ­րը  հանգամա­նօ­րէն թուեց հոգելոյս Թորգոմ Պատր­ի­ար­քի ար­դիւ­նա­շատ ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րը ի նպաստ Ամե­րի­կա­յի Թե­մին, Հա­յաս­տա­նին եւ Երու­սա­ղէ­մի Հա­յոց Պատր­ի­ար­քա­րա­նին: Անդ­րա­դար­ձաւ նա­եւ Պատր­ի­արք Սրբա­զան Հօր կեն­սագրու­թեան` շեշ­տե­լով որ անոր մկրտու­թեան անու­նը Աւե­տիս էր, եւ երբ ան պա­տաս­խա­նե­լով մեր Տի­րոջ կո­չին եկե­ղե­ցա­կան աս­պա­րէ­զը ընդգրկեց` Հայ Եկե­ղեց­ւոյ հա­մար եղաւ մե­ծագոյն աւե­տի­սը: Եօ­թա­նա­սուն տա­րի­նե­րու հոգեւոր սպա­սա­ւո­րու­թեամբ ան “ինչ որ ու­նէր“ ամ­բող­ջու­թեամբ նուի­րեց իր եկե­ղեցի­ին եւ ազգին: Ապա, Սրբա­զան Հայ­րը խօ­սե­ցաւ Հայ Ժո­ղո­վուր­դի հրաշք պատ­մու­թեան մա­սին` ըսե­լով որ մեր այ­սօր­ուան գոյու­թիւնը իբ­րեւ ազգ մե­ծագոյն հրաշք­նե­րէն  մէկն է: Ինչ­պէս նա­եւ անդ­րա­դար­ձաւ Երու­սա­ղէ­մի Հա­յոց Պատր­ի­ար­քա­րա­նի պատ­մու­թեան եւ կա­րիք­նե­րուն մա­սին:P6 nyc photo3

Ղե­կա­վա­րու­թեամբ խմբա­վար Խո­րէն Մէյ­խա­նէճ­եա­նի, կա­տար­ուե­ցաւ տպա­ւո­րիչ եր­գե­ցո­ղու­թիւն: Յա­ւարտ Ս. Պա­տա­րագի` Հոգելոյս Թորգոմ Պատր­ի­արք Մա­նուկ­եա­նի հոգիի խա­ղա­ղու­թեան հա­մար մաս­նա­ւոր Հոգեհանգստեան Պաշ­տօն կա­տար­ուե­ցաւ հան­դի­սա­պե­տու­թեամբ Ամեն. Տ. Նուր­հան Արք. Մա­նուկ­եա­նի:

Ապա, հոգելոյս Տ. Թորգոմ Պատր­ի­արք Մա­նուկ­եա­նի յի­շա­տա­կը յարգող մօտ երեք հա­րիւր ան­ձեր ներ­կայ գտնուե­ցան Առաջ­նոր­դա­րա­նի Հայկ եւ Ալիս Գա­վուքճ­եան հան­դի­սաս­րա­հին մէջ կազ­մա­կերպ­ուած կէ­սօր­ուան ոգեկոչ­ման հան­դի­սու­թեան:

Օր­ուան հան­դի­սա­վարն էր Դոկտ.  Դա­ւիթ Նա­ճար­եան, որ հրա­ւի­րեց Գերշ. Տ. Վիգէն Արք. Այգազ­եա­նը` որ­պէսզի կա­տա­րէ սե­ղա­նի օրհ­նու­թիւնը: Ապա, հան­դի­սա­վա­րը կա­տա­րեց բաց­ման իր երախ­տագէտ խօս­քը եւ հրա­ւի­րեց եր­կու ծա­նօթ ար­ուես­տագէտ­ներ Սո­լանճ Մըր­տին­եան (սօփ­րա­նօ) եւ Սոֆ­իա Մե­լիք­եան (դաշ­նա­մուր) որ­պէսզի ելոյթ ու­նե­նան: Անոնք մեծ յա­ջո­ղու­թեամբ ներ­կա­յա­ցու­ցին Կո­մի­տաս Վար­դա­պե­տի եւ Պէր­պէր­եա­նի ստեղ­ծագոր­ծու­թիւն­նե­րը` ար­ժա­նա­նա­լով ծա­փա­հա­րու­թեանց:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles