Վենետիկի Հայ Մշակոյթի Ուսումնասիրութեան Եւ Վաւերագրումի Կեդրոնի (OEMME EDIZIONI) հրատարակչատան հիմնադիր եւ տարիներու խմբագրապետ` ճարտարապետ, նկարիչ եւ քանդակագործ Հերման Վահրամեանը, իր հարազատներէն ու մտերիմ բարեկամներէն ընդ-միշտ հեռացաւ, յետ երկարատեւ հիւանդութեան, 27 Սեպտեմբերին:
Վահրամեան ծնած է Թեհրան, 29 Նոյեմբեր 1939 թուականին: 1960 թուականին Իտալիա կը փոխադրուի ուր, կարճ ժամանակաշրջանի մը համար Հռոմ ապրելէ ետք Միլանօ կը հաստատուի: Կ’աւարտէ նոյն քաղաքի “Փոլիթէքնիք” համալսարանի ճարտարապետութեան մասնաճիւղը եւ անմիջապէս աշխատանքային ասպարէզ կը նետուի, մասնակցելով առաջին իսկ ճարտարապետական եւ հետազօտական գիտարշաւներուն, որոնք խումբ մը իտալացի եւ հայ ճարտարապետներու ու հաստատութեանց նախաձեռնութեամբ, 30 տարուայ ընթացքին ի մի կը բերեն հայ միջնադարեան ճարտարապետութեան կոթողներու ամբողջական` լուսանկարչական ու չափագրական դիւանային հսկայ նիւթը եւ ուսումնասիրական բազմալեզու հրատարակութիւններով ու ցուցահանդէսներով, արեւմտեան աշխարհին (ոչ միայն) կը ներկայացնեն հայկական ճարտարապետութեան դերը` մերձակայ ու միջին արեւելքի քրիստոնեայ աշխարհէն ներս: “Documents of Armenian Architecture” մատենաշարը այդ հրատարակչական աշխատանքի ամենացայտուն արդիւնքներէն մէկն է:
Գիտական բարձրորակ այդ հրատարակչական աշխատանքի գլխաւոր խմբագիր-համադրողը ըլլալէ անկախ, զուգահեռաբար հիմնադիրը կ’ըլլայ “ICOM/Istituo per le culture non dominanti” հաստատութեան եւ OEMME հրատարակչատան, Musicam երաժշտական Միւնիխի ձեռնարկին որոնց միջոցաւ, մի քանի իտալացի եւ հայ մտաւորական բարեկամներու հետ անհամար միջազգային գիտաժողովներ, ցուցահանդէսներ, հրատարակութիւններ, համերգաշարքեր կը կազմակերպէ, նպատակակէտ ունենալով ուսումնասիրել ժամանակակից հայ արուեստն ու ինքնութիւնը, “մշակութային փոքրամասնութիւն” յղացքը, զանազան փոքրամասնութեանց համեմատական պրպտումներով, “հայապահպանման” տասնամեակներու գաղութային կազմակերպչական աշխատանքի արդիւնքի մասին քննական բանավէճերով, ընկերաբանական եւ մարդաբանական համեմատական ուսումնասիրութիւններով, եւլն:
90-ական թուականներուն ան հրաժեշտ կ’առնէ հայ մտաւոր աշխարհէն, յետ երկար տարիներու կատարած հայ միջազգային իրականութեան եւ ինքնա-“հոգեվերլուծական” եզրայանգումին, որ “կտակ”ի ձեւով կը յանձնէ Հայաստանաբնակ գրականագէտ եւ հրապարակագիր` Ռուզան Զաքարեանի գրիչին, ամբողջութեամբ նուիրուելով նկարիչ-քանդակագործի, ինչպէս նաեւ իտալական մամլոյ մասնագէտ թղթակիցի իր բեղուն ասպարէզին:
Հերման Վահրամեանի մտաւորական բազմակողմանի բացառիկ տաղանդ ունեցող տիպարը, իր անձն ու գործը արժանի են լուրջ ուշադրութեան եւ ուսումնասիրութեան Հայաստանի ու Սփիւռքի հաստատութեանց ու մտաւորական աշխարհի կողմէ:
Հերման Վահրամեանի յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ Միլանոյի Սուրբ Պիոս Ե. Եկեղեցւոյ մէջ, երեքշաբթի՝ Սեպտեմբեր 29, 2009ին:
Ան ընտանիք կազմած էր Քիարա Նեգրի հետ եւ բախտաւորուած էր զաւակով մը՝ Փիէթրօ: