Առաջին Համաշխարհային Պատերազմին էր տեղի ունեցաւ առաջին ճարտարարուեստական պատերազմ աշխարհի պատմութեան մէջ, ուր մօտաւորապէս 15 միլիոն մարդիկ զոհուեցան` զինուորներ եւ քաղաքացիներ, որպէս Մեծ Աղէտը 20-րդ դարուն:
Յունիս 28, 1914ին, Սարայէվոյի մէջ 19 տարեկան սերպ յեղափոխական Գաւրիլօ Բրինսիբի գնդակին զոհ գացին` ԱւստրօևՀունգարիոյ գահաժառանգ իշխան Ֆրանց Ֆերտինանտն ու իր կինը:
Սերպ յեղափոխականը անդամ էր մեծ Սերպիոյ ազգային գաղտնի կուսակցութեան` որ կը կոչուէր “Միութիւն Կամ Մահ“ եւ “Սեւ Ձեռք“:
ԱւստրօևՀունգարիոյ կառավարական ձեւն էր կայսրութիւն, Աւստրիան եւ Հունգարիան ունէին առանձին վարչութիւններ, վեհապետ կայսրը Աւստրիոյ եւ թագաւոր Հունգարիոյ: Երկրին կայսրն էր Ֆրանց Եոզէֆ, երկրին մայրաքաղաքն էր Վիեննա, երկրին ժողովուրդը չորս գլխաւոր տարրերէ կը բաղկանար` Գերմանիա, Սլաւ եւ Ռումէն, առանց հաշուելու ուրիշ տարրերը:
Գահաժառանգի սպանութենէն վերջ Եւրոպայի քաղաքական մթնոլորտը իրար անցան: Գերմանիոյ կայսր Վիլհելմ Երկրորի կառավարութիւնը ստիպեց ԱւստրիոյևՀունգարիոյ կառավարութեան` պատերազմ յայտարարելու ընդդէմ Սերպիոյ կառավարութեան, որպէսզի իր հզօրութեան ուժը զգուշացնէ:
Երբ ԱւստրիոյևՀունգարիոյ կողմէ անընդունելի պայմաններով խմբագրուած երկու օրուայ վերջնագրին, Սերպիան անգոհացուցիչ պատասխան տուաւ, Յուլիս 25, 1914ին եւ Աւստրիա պատերազմ յայտարարեց ընդդէմ` Սերպիոյ եւ ծագում առաւ Առաջին Համաշխարհային պատերազմը:
Գերմանիոյ եւ ԱւստրօևՀունգարիոյ պետութիւնները գիտնալով հանդերձ ստանձնեցին մեծ պատերազմի պատասխանատուութիւնը, բայց իրենք յոյս ունէին շուտով ու պատերազմական վէճը փակել: Բայց դէպքեր տուին որ սուտ եւ խաբէական էր յոյսը, որովհետեւ Ռուսաստան պարզապէս եւ հաստատ որոշած էր Սերպիոյ ամէն տեսակէտով օգնել եւ այսպէս ալ եղաւ Առաջին Մեծ Պատերազմը:
Պերլինի մեծ եւ փոքր բոլոր թերթերը արդէն սպառնական լեզու սկսած էին գործածել Ռուսիոյ դէմ: Գերման ժողովուրդը` արդէն սկսած էր անխուսափելի նկատել պատերազմը ընդդէմ Ռուսիոյ:
Ժողովուրդը յաճախ կ՛աղաղակէր “մեր սիրելի կայսրը տեսնել կ՛ուզենք“: Թրքասէր կայսր Վիլհէլմ Երկրորդ յստակ ձայնով ըսաւ.և
“Ես ըրի կարելին պահպանելու համար խաղաղութիւնը, բայց մեր նախանձոտ դրացիները, անցնելով մեր սահմանները ոտնակոխ ըրին հայրենի մեր սուրբ հողը:
“Գերման ազգը իբր մէկ մարդ պէտք է կանգնի մղելու համար այն ճակատագրական անխուսափելի պայքարը, որ մեր թշնամիները մեզ դէմ կը մղեն, մեզ փճացնելու միակ նպատակով:
“Սուրս` որ աւելի քան 25 տարիներ յանուն եւ ի սէր խաղաղութեան վար դրած էի, այսօր կը քաշեմ պատեանէս, եւ մինչեւ որ չյաղթեմ` չպիտի դնեմ պատեանը…“:
Գերմանիոյ կայսը Վիլհէլմ Երկրորդին անգլիացիները անուանեցին որպէս “War-Lord“, ֆրանսացիները որպէս “Seigneur de la Guerre“, ամերիկացիները որպէս “The Beast of Berlin“:
Եւրոպական պետութիւնները բաժնուեցան երկու մասի: Դաշնակիցները (Անգլիա, Ֆրանսա, Ռուսիա եւ Պելճիքա) դուրս եկան զինակիցներու (Գերմանիոյ, ԱւստրիօևՀունգարիոյ, ի վերջոյ Թուրքիոյ) դէմ:
1914ին աշխարհի վրայ ապրող հայերուն թիւն էր մօտ 4.100.000 հետեւեալ ձեւով բաշխուած Օսմ. Կայսրութեան մէջ` 2.100.000, Ռուս. կայսրութեան մէջ` 1.700.000, Պարսկաստանի մէջ` 100.000 աշխարհի մնացեալ մասին մէջ` 200.000, Պատմական Հայաստանի սահմաններուն մէջ կ՛ապրէին 2.700.000:
Յուլիս 5, 1914ին, Գերմանիան զօրավիգ կանգնեցաւ ԱւստրիոյևՀունգարիոյ կողքին:
Յուլիս 23ին, ժամը 18ին, ԱւստրիոյևՀունգարիոյ կառավարութիւնը վերջնագիր մը ղրկեց Սերպիոյ կառավարութեան:
Յուլիս 25ին, Ռուսիա օգնութիւն խոստացաւ Սերպիոյ, որովհետեւ Ռուսիան չէր կարող համբերել ԱւստրիոյևՀունգարիոյ ազդեցութիւնը Պալքան երկիրներուն վրայ:
Յուլիս 25ին, ժամը 15ին, Սերպիան զօրաշարժի պատրաստուեցաւ: Նոյն օրը ժամը 22ին, ԱւստրիոյևՀունգարիոյ բանակները զօրաշարժի պատրաստուեցան ընդդէմ Սերպիոյ:
Յուլիս 26ին, Ռուսիան Եւրոպայի մաս կազմող իր բանակները զօրաշարժի ենթարկեց:
Յուլիս 26ին, Անգլիան առաջարկեց չորս Մեծ Պետութիւններուն հիւպատոսներու համաժողով մը կազմել եւ բոլոր վէճերուն արդիւնք մը գտնել, օր մը վերջ Գերմանիան մերժեց:
Յուլիս 28ին, ժամը 12.30ին ԱւստրիանևՀունգարիան պատերազմ յայտարարեցին ընդդէմ Սերպիոյ:
Յուլիս 30ի գիշերը, Գերմանիոյ բանակի ընդհանուր հրամանատար Ֆոն Մոլթքըն եւ պատերազմական նախարար Էրիշ Ֆոն Ֆալհայը համոզեցին իրենց վարչապետը, որ Գերմանիա պէտք է արագ եւ շուտով պատերազմը սկսի, որպէսզի իր պատերազմական ծրագիրները կարենայ կատարելագործել առանձին երկու պատերազմական ճակատներուն վրայ:
Յուլիս 31ին, Գերմանիա Ֆրանսային վերջնագիր մը ներկայացուց եւ պահանջեց, որ 18 ժամուան մէջ պատասխանէ իր չէզոքութիւնը երբ տեղի ունենայ ԳերմանևՌուսական պատերազմը: Եւ նոյն օրը գիշեր ժամը 24ին Գերմանիան ուրիշ վերջնագիր մը ներկայացուց Ռուսաստանին պահանջելով, որ դադրեցնէ պատերազմական պատրաստութիւնները:
Օգոստոս 1-ին, ժամը 19ին, Գերմանիան պատերազմ կը յայտարարէ ընդդէմ Ռուսիոյ:
Օգոստոս 2-ին, Գերմանիան եւ Թուրքիան ստորագրեցին գաղտնի դաշնագիր մը. դաշնագիրը կը կրէ ստորագրութիւնները Պոլսոյ գերման դեսպան Ֆոն Վանկենհայմի եւ Օսմանեան Կայսրութեան վարչապետ եւ արտաքին գործերու նախարար Սայիտ Հալիմի:
Այս դաշնագրին ամենէն աւելի հետաքրքրուող յօդուածը կը մնայ թիւ չորսը: Այն պարագային երբ Օսմանեան հողամասերը ենթարկուին սպառնալիքի` Գերմանիա յանձն կ՛առնէ զէնքով պաշտպանել զանոնք:
Օգոստոս 2-ին, Գերմանական բանակը գրաւեցին Լիւքսեմպուրկ:
Օգոստոս 3-ին, Գերմանական ուժերը ներխուժեցին Պելճիքա: Եւ նոյն օրը Գերմանիան պատերազմ յայտարարեց ընդդէմ Ֆրանսային:
Օգոստոս 4-ին, Անգլիան պատերազմ յայտարարեց ընդդէմ Գերմանիոյ:
Օգոստոս 5-ին, Թուրքիան կը գոցէ Նեղուցները:
Օգոստոս 6-ին, ԱւստրիանևՀունգարիան պատերազմ կը յայտարարեն ընդդէմ Ռուսիոյ: Նոյն օրը Սերպիան պատերազմ կը յայտարարէ ընդդէմ Գերմանիոյ:
Օգոստոս 12-ին, Անգլիան ու Ֆրանսան պատերազմ կը յայտարարեն ընդդէմ ԱւստրիոյևՀունգարիոյ:
Օգոստոս 27-ին, ԱւստրիաևՀունգարիան պատերազմ կը յայտարարեն ընդդէմ Պելճիքային:
Սեպտեմբեր 5ին, Լոնտոնի մէջ, կ՛որոշեն երեք մեծ պետութիւնները, Անգլիան, Ֆրանսան եւ Ռուսիան խաղաղութեան որեւէ դաշնագիր չ՛ստորագրել:
Նոյեմբեր 2և5-ին, Ռուսիան, Անգլիան եւ Ֆրանսան պատերազմ կը յայտարարեն ընդդէմ Թուրքիոյ:
1915
Մայիս 23-ին, Իտալիան պատերազմ կը յայտարարէ ընդդէմ ԱւստրիոյևՀունգարիոյ:
Մայիս 24ին, Գերմանիան կը խզէ իր կապերը Իտալիոյ հետ:
Օգոստոս 20-ին, Իտալիան պատերազմ կը յայտարարէ ընդդէմ Թուրքիոյ:
Սեպտեմբեր 6-ին, Գերմանիան եւ Պուլկարիան կը ստորագրեն բարեկամական դաշնագիր մը:
Հոկտեմբեր 14-ին, Պուլկարիան պատերազմի կը մասնակցի զինակիցներու կողքին:
1916
Մարտ 9-ին, Գերմանիան պատերազմ կը յայտարարէ ընդդէմ Փորթուկալին:
Օգոստոս 26-ին, Իտալիան պատերազմ կը յայտարարէ ընդդէմ Գերմանիոյ:
Օգոստոս 28ին, Ռումանիան պատերազմի կը մտնէ դաշնակիցներու կողքին:
Նոյեմբեր 7-ին, Վուտրօ Ուիլսըն կրկին անգամ նախագահ կ՛ընտրուի Միացեալ Նահանգներու:
Նոյլմբեր 21-ին, 85 տարեկան հասակին կը մահանայ ԱւստրիոյևՀունգարիոյ կայսր Ֆրանց Եոզէֆ, գահ կը բարձրանայ 29 տարեկան Քարլ Առաջինը:
1917
Մարտ 12ին, Պոլշեւիկեան Յեղափոխութիւնը Ռուսիոյ մէջ:
Մարտ 16-ին, Նիքոլաոս Երկրորդ ցարը գահընկեց կ՛ըլլայ եւ Յուլիս 17, 1918-ին ընտանիքով միասին պոլշեւիկներու ձեռքով կը գնդակահարուին:
Ապրիլ 6-ին, Միացեալ Նահանգները պատերազմ կը յայտարարեն ընդդէմ Գերմանիոյ:
Յունիս 7-ին, Յունաստանը պատերազմ կը յայտարարէ ընդդէմ Գերմանիոյ:
Նոյեմբեր 7-ին, Պոլշեւիկեան Յեղափոխութիւնը Ս. Փեթրսպուրկին մէջ:
Դեկտեմբեր ամսուան մէջ տեղի կ՛ունենայ ՊրէսթևԻթովսքի խաղաղութեան դաշնագիրը զինակիցներու եւ Սովետական Ռուսիոյ մէջ:
Դեկտեմբեր 6-ին, հռչակում Ֆինլանտայի անկախ հանրապետութիւնը:
1918
Յունուար 8-ին, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ուիլսըն կը յայտարարէ իր 14 խաղաղութեան կէտերը:
Սեպտեմբեր 30-ին, զինադադար Պուլկարիոյ մէջ:
Հոկտեմբեր 3և4-ին, Գերմանիան, ԱւստրիանևՀունգարիան եւ Թուրքիան զինադադարի կը դիմեն նախագահ Ուիլսընին:
Հոկտեմբեր 24-ին, Աւստրիական եւ Հունգարական բանակներու քայքայումը:
Հոկտեմբեր 28-ին, բաժանումը ԱւստրիաևՀունգարիոյ, Չեխօ Սլովաքիոյ:
Նոյեմբեր 9-ին, յեղափոխութիւն Պերլինի մէջ, կայսր Վիլհէլմ երկրորդ գահընկեց կ՛ըլլայ եւ կը յայտարարուի Գերմանիոյ Հանրապետութիւնը:
Նոյեմբեր 11-ին, ժամը 12.55ին զինադադար ամբողջ ճակատներու վրայ:
Առաջին Համաշխարհային Պատերազմի աւարտին, պատերազմող միայն մեծ պետութիւններու ունեցած կորուստները.և
Գերմանիա 1.936.900
Ռուսիա 1.700.000
Ֆրանսան 1.245.000
ԱւստրիանևՀունգարիան 1.200.000
Անգլիան 800.000
Իտալիան 400.000
Սերպիան 300.000
Միացեալ Նահանգներ 68.000
Եւ այսպէսով աւարտեցաւ Առաջին Համաշխարհային Պատերազմը:
Գերմանիա, Յունուար