Գերմանիա, Յունուար 31, 2014
Հ. Հ. Ազգային Ժողովի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան խմբակցութեան եւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Վահան Յովհաննիսեանը նշանակուած է Գերմանիոյ մէջ Հ.Հ. դեսպան:
Հ.Հ. նախագահի մամլոյ գրասենեակէն կը յայտնեն, որ նախագահ Սերժ Սարգսեանը, ղեկավարուելով Հ.Հ. Սահմանադրութեան 55-րդ յօդուածի 8րդ կէտով` որոշած է Վահան Յովհհանիսեանը նշանակել Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութեան մէջ Հ.Հ. Արտակարգ եւ Լիազօր դեսպան (նստավայրը` Պերլին):
Նախագահի մէկ այլ հրամանագրով` Արմէն Մարտիրոսեանն ազատուել է Գերմանիայի Դաշնային Հանրապետութիւնում Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպանի պարտականութիւններից:
Վերջին երեք ամիսներուն Երեւանեան քաղաքական լուրերուն մէջ բազմաթիւ արձանագրութիւններ պահուած են Հ.Յ.Դ. երեք անդամներ Վահան Յովհաննիսեանի, Լեւոն Մկրտիչեանի եւ Հրայր Կարապետեանի առաջարկուած դեսպաններու պաշտօնի մասին:
Վահան Յովհաննիսեան “Երկիր“ թերթին պատասխանելով յայտնած է.- “թէ ինք ստացած է նման առաջարկը, տեղեակ պահած է կուսակցութեան եւ ստացած է պատասխանատու մարմնի համաձայնութիւնը“:
“Այսօր էլ շատ արձանագրուած յաջողութիւններ արդիւնք են Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի գրասենեակների եւ հայ դիւանագէտների համագործակցութեան: Հայաստանի իրական շահերի պաշտպանութեան հարցում, որեւէ առաջարկ մենք երբեք չենք մերժել, յատկապէս երբ երկիրը կանգնած է լուրջ փորձութիւնների առջեւ:
“Ես արդէն իսկ վերջին երեք տարիներին աշխատում եմ արտաքին յարաբերութիւնների ասպարէզում, մինչեւ վերջերս ղեկավարելով Հայաստանի Խորհրդարանի պատուիրակութիւնը Եւրանեսթ Պառլամենտական Վեհաժողովում, իսկ ներկայումս հանդիսանալով այդ միազգային կառոյցի փոխ նախագահ“:
Ուրբաթ, Յունուար 31, 2014-ին Հ.Հ. արտակարգ եւ լիազօր դեսպան պրն. Վահան Յովհաննիսեան հասաւ Պերլին:
1918 թուականին Մայիս 28-ին երբ հռչակուեցաւ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւնը, այդ փոքրիկ Հայաստանը ներքին ճակատի վրայ աղքատ եւ ուժասպառ էր, ծանրաբեռնուած` բազմահազար գաղթականներով ու որբերով, անհաց, անդեղ եւ անօգնական: Իսկ արտաքին ճակատի վրայ մէկ կողմէ կար դրացի երկիրներու աննպաստ դիրքորոշումը եւ միւս կողմէ` պաշարուած էր թշնամիներով:
Յունուար 19, 1920-ին, Հայաստանի Հանրապետութիւնը ճանչցած էին Մեծն Բրիտանիան, Ֆրանսան, Իտալիան եւ նոյն տարուայ Ապրիլ 23-ին Միացեալ Նահանգները:
Հայաստան իրողական (տը ֆաքթօ) ճանաչում կը ստանայ հաշտութեան խորհրդաժողովէն, ան կը պարտադրուի ունենալ դիւանագիտական գործունէութիւն:
Պերլինի մէջ Հ.Հ. դիւանագիտական ներկայացուցիչ նշանակուեց իրանահայ իրաւաբան, գիտնական եւ ազգային գործիչ` դոկտ. Ճէյմս Կրինֆիլտը, ծնած էր Թաւրիզ քաղաք, մկրտուած էր Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ մէջ, հայրը ծագումով անգլիաբնակ գերմանացի, մայրը Հռիփսիմէ Բժշկեան թաւիզահայ:
Դեսպանութիւնը գործեց միայն չորս տարի 1918-1922-ին, դեսպանի օգնականներ էին` իբրեւ խորհրդականներ Լիպարիտ Նազարեանց եւ Վահան Փափազեան, քարտուղարներ` Մելքոն Քրոշչեան եւ Երուանդ Աբելեան եւ անպաշտօն աջակից` Իրանի հիւպատոս պարսկահայ ազգային գործիչ Վահան Զաքարեանց:
Պոլշեւիկ Սարգիս Կասաեանի եւ ռուս պոլշեւիկ բանակին օգնութեամբ ստանձնեց Հայկական պետութիւնը եւ պետական շէնքին վրայէն վար առնուեցաւ ծով արիւնով ձեռք բերուած անկախութեան սուրբ Եռագոյն դրօշակը եւ անոր տեղ բարձրացաւ պոլշեւիկներու կարմիր դրօշը:
Սովետական կարգեր հաստատուելէն ետք այլ ազատ եւ անկախ Հայաստանի դեսպանութիւնը ընելիք չունէր,Պերլինի Հայաստանի դեսպանութիւնը դարձաւ “Հայկական վստահութեան վայր“:
1920-1990, 70 երկար տարիներ Սովետական Հայաստանը չունեցաւ դեսպաններ եւ դիւանագէտներ:
Հայաստանի Երկրորդ Հանրապետութիւնը իր առաջին դեսպանը նշանակեց Գերմանիոյ մէջ 1994-ին
1994-1997 Հ.Հ. առաջին դեսպան` Ֆիլիքս Մամիկոնեան
1997-2001 Հ.Հ. երկրորդ դեսպան` Աշոտ Ոսկանեան
2002-2009 Հ.Հ. երրորդ դեսպան` Կարինէ Ղազինեան
2009-2013 Հ.Հ. չորորդ դեսպան` Արմէն Մարտիրոսեան:
Այսօր մենք կ՛ողջունենք եւ հազար անգամ բարի գալուստ կը մաղթենք դեսպան Վահան Յովհաննիսեանին եւ յաջողութիւն իր ապագայ արդիւնաւէտ եւ նպատակասլաց աշխատանքին ի շահ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Գերմանիոյ հայութեան:
Այստեղ թէեւ աւելորդ չէ անգամ մը եւս ընդգծել, Հ.Հ. դեսպանատունը Պերլինի մէջ պէտք է ունենայ լաւ պատրաստուած դիւանագիտական, քաղաքական, տնտեսական, մշակութային եւ մամուլի ներկայացուցիչներ: Նկատի ունենալով, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ոճիրին մէջ Համիտեան եւ Իթթիհատական Թուրքիայէն ետք, անվիճելիօրէն իր ուղղակի եւ անուղղակի պատասխանատուութիւնը ունի կայսրական Գերմանիան…:
Հայաստանի պետութիւնը եւ Հայաստանի դեսպանատուները պէտք է ունենան գերազանցօրէն լաւ մշակուած արտաքին քաղաքականութեան հայեցակարգ, եթէ այդ հայեցակարգ չկայ, այն ժամանակ ոչ մի դիւանգէտ գործել չի կարելի: Հայաստանի տնտեսական ներդրումները որոշ չափով նաեւ արտաքին գործոց նախարարի խնդիրն են, Հայաստանի դեսպանատուները պէտք է այդ ուղղութեամբ գործեն:
Ես, աւելի քան յիսուն երկար տարիներ կ՛ապրիմ այս երկրին մէջ, տեսայ քանդուածԳերմանիան եւ բաժնուած երկուքի Արեւելեան Գերմանիա եւ Արեւմտեան Գերմանիա, Արեւելեան Պերլին եւ Արեւմտեան Պերլին: Տեսայ երբ Պերլինի ամօթի պատը շարեցի եւ տեսայ ինչպէս Պերլինի ժողովուրդը ուրախութեամբ քանդեցին, եւ տեսայ երկու գերմանացի ժողովուրդներու միութիւնը…:
Արեւելեան Գերմանիոյ ժողովուրդը ապաստամբեց ընդէմ պոլշեւիկ կառավարութեան եւ յաղթեց, մէկ ազգ եւ մէկ հայրենիք:
Սփիւռքահայութիւնը, Արեւմտահայ ժողովուրդը` որպէս անմիջական հետեւանքը Հայոց Ցեղասպանութեան եւ իրաւայաջորդը անոր զոհերուն շատ կարեւոր է իր կարծիքը եւ պահանջը:
Եւ բռնագրաւուած Արեւմտահայաստանի հողերը եւ վանքերը իրաւատէրը Սփիւռքն է, ի վերջոյ պահանջատիրութեան իսկական իրաւատէրը Արեւմտահայութիւնն է…:
Ամէն մէկ սփիւռքահայ անպայման պարտք մը ունի Հայաստանի Հանրապետութեան հանդէպ:
Ո՞վ է Վահան Յովհաննիսեանը.-
Ծնած է Օգոստոս 18, 1956-ին, Երեւանի մէջ: Միջնակարգ դպրոցը աւարտած է 1973-ին եւ նոյն տարին ընդունուած է Երեւանի ռուսաց եւ օտար լեզուներու հիմնարկը: 1976-ին տեղափոխուած է Մոսկուայի պետական մանկավարժականի հիմնարկի պատմաբանասիրական բաժանմունքը, որն աւարտած է 1978-ին:
1978-1980 ծառայած է բանակին մէջ:
1980-1988 աշխատած է Երեւանի “Էրեբունի“ թանգարանին մէջ, որպէս գիտաշխատող, ապա գիտահետազօտական բաժնի վարիչ:
1988 թուականէն կ՛աշխատի Հ.Հ. գիտութիւններու ակադեմիայի հնագիտութեան եւազգագրութեան հիմնարկի մէջ, որպէս գիտաշխատող:
1990 թուականէն` պատմական գիտութիւններու թեկնածու, մասնագիտութեամբ հնագէտ է: Մասնակցած է պեղումներու Սեւանի աւազանին մէջ, ղեկավարած է եղէգնաձորի, Քարաշամբի եւ Դիլիջանի հնագիտական արշաւախումբերու աշխատանքները:
1991-ի ձմրան, գարնան եւ ամրան մասնակցած է Շահումեանի շրջանի եւ Գետաշէնի ենթաշրջանի ինքնապաշտպանութեան մարտերուն:
Սեպտեմբեր 1991-ին, Հ.Յ.Դաշնակցութեան կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի թեկնածու առաջադրուած էր դերասան Սօս Սարգսեանը եւ փոխ նախագահի իր թեկնածուն էր Վահան Յովհաննիսեանը:
1992-ին, Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ:
Յուլիս 29, 1995-ին զինուած քաղաքացիներ, խուժան են Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի փոխ ներկայացուցիչ Վահան Յովհաննիսեանի բնակարանը, առանց խուզարկութեան արտօնագիր ներկայացնելու, ձերբակալած են Վահան Յովհաննիսեանը:
Դեկտեմբեր 12, 1997-ին, Հայաստանի Գերագոյն Դատարանը, գործադրելով իշխանութիւններու քաղաքական պատուէրը, ծանր վճիռներ արձակեց, Վահան Յովհաննիսեան չորս տարուան բանտարկութեան վճիռ` պետական կարգը բռնութեամբ փոխելու, վճիռը կ՛աւարտի 1999-ի նոյն ամսուն:
Ապրիլ 27, 1998-ին, նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան յատուկ հրամանագրով Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչ Վահան Յովհաննիսեանը իրեն խորհրդական նշանակեց: Յովհաննիսեանի պատասխանատուութեան մէջ կ՛իյնայ Հանրապետութեան մէջ գործող կազմակերպութիւններու եւ հասարակայնութեան հետ աշխատանքներու համակարգումը:
Փետրուար 4, 2013-ին, Փորթուկալին մէջ, Ընկերվար Միջազգայնականի (Սոցինթերն) Խորհուրդի տարածաշրջանային ժողովին մէջ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Վահան Յովհաննիսեան միաձայն ընտրուեց իբրեւ համանախագահ:
Հոկտեմբեր 11, 2013-ին, Ազգային Ժողովի Հ.Յ.Դ. խմբակցութեան պատգամաւոր, քաղաքական գործիչՎահան Յովհաննիսեան ընթերցողին յանձնած է իր առաջին գրական ստեղծագործութիւնը` պատմական, քրիստոնէական, գաղտնի ոստիկանական ոճով գրուած: Ռուսերէնով տպագրուած “Մանդիլիոնը“ հայերէնով կը նշանակէ “Անձեռագործ դաստարակ“ գիրքին շնորհահանդէսը տեղի ունեցաւ “Զանգակ“ հրատարակչատան մէջ: Գիրքին մէջ գործողութիւնները կ՛ընթանան պատմական հիմքի վրայ` տարբեր դարաշրջաններու ընդմէջէն:
Վահան Յովհաննիսեանի յայտարարութիւնները Երեւանեան մամուլին.և
“Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ղեկավարներից մէկի աշխատանքը, դիւանագիտական ասպարէզում, ոչ մի կերպ չի կաշկանդում կուսակցութեանը“:
Վահան Յովհաննիսեան հարցումի մը պատասխանելով յայտնեց` “Համագործակցիլ չի նշանակեր նոյնանալ շեշտելով, որ իր տեսակէտները չեն փոխուած հայևթրքական արձանագրութիւններուն ու Հայաստան արտաքին քաղաքականութեան վերբերեալ“: Ան աւելցուց.և “որ Հ.Յ.Դ. կը տեսնէ, որ երկիրը վտանգի առջեւ կանգնած է, ուստի չեն կրնար ձեռնածալ մնալ ու ըսել` թող կործանի, որպէսզի ապացուցուի, թէ իրենք ճիշդ են“:
125 տարիէ ի վեր պատնէշի վրայ կանգնուն է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, որ հաւատարիմ իր առաքելութեան, եւ իրեն հետ ունենալով բովանդակ ազատատենչ հայութեան բարոյական աջակցութիւնը, ըլլայ Հայաստանի Հանրապետութեան կամ Սփիւռքի մէջ, որ պիտի շարունակէ հետապնդել Սեւրի Դաշնագրին եւ Ուիլսընի Նոյեմբեր 22, 1920ի իրաւարարական վճռին իրկանացումը:
100 տարի առաջ, թուրանական թուրքերը ուզեցին ընդմիշտ թաղել Հայկական Հարցը, արմատախիլ ընելով հայութիւնը իր դարաւոր հայրենիքէն:
Այսօր, աւելի քան երբեք կառչած ենք մեր արդար իրաւունքներուն այն հաստատ հաւատքով, որ անպայման պիտի տեսնենք ուշ կամ կանուխ մեր Արեւմտեան Հայաստանի իրականացումը:
Մինչեւ Հայկական անիրաւուած Սուրբ Դատին արդար լուծումը:
Յաւե՜րժ եւ փառք Հայ Դատի զոհուած հերոսներուն…