0
0
Read Time:18 Second
ՓԱՐԻԶ.- Յունուար 24-ին, տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին Գործոց նախարարներ` Էդուարդ Նալպանտեանի եւ Էլմար Մամետիարովի հանդիպումը:
Երկու նախարարները հանդիպած էին նաեւ անցեալ տարուան Դեկտեմբերի սկիզբը` Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն Վիեննայի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին տրուած ցուցմունքներուն համաձայն: Նալպանտեանի եւ Էլմար Մամետիարովի հանդիպումը տեղի ունեցաւ շփման գիծին եւ հայ-ազերի սահմանին վրայ զինադադարի խախտումներուն աշխուժացման պայմաններուն մէջ: